Արցախի նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեան յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն պիտի առաջադրէ իր թեկնածութիւնը: Այս մասին ան գրած է դիմատետրի իր էջին վրայ` տեղեկացնելով, որ որոշումը տրուած է իր գլխաւորած Արցախի պահպանողական կուսակցութեան (ԱՊԿ) արտակարգ համագումարին եւ խորհուրդի նիստին ընթացքին:
«Համագումարի եւ խորհուրդի նիստի որոշումներուն համաձայն, Արցախի պահպանողական կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն` ԱՊԿ առաջնորդ Դաւիթ Բաբայեանի գլխաւորութեամբ», նշած է Բաբայեան:
Ցարդ Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուելու մասին յայտարարութիւն հրապարակած են Վահան Բադասեան, Վիթալի Բալասանեան, Քրիստին Բալայեան, Աշոտ Ղուլեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Դաւիթ Իշխանեան, Հայկ Խանումեան եւ Մասիս Մայիլեան: