Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Դեսպանատան Մշակութային Կցորդը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

February 5, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան մշակութային կցորդ Ռայիսա Տիւքաս երէկ` երեքշաբթի, 4 փետրուար 2020-ին, այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն, ուր դիմաւորուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի կողմէ:

Հանդիպումին ներկայ էին դեսպանատան մշակութային հարցերու մասնագէտ Ռիատ Եազպեք, «Նահնու» միութեան գործադիր տնօրէն Մոհամետ Այուպ, նշեալ միութեան մէջ արհեստագործութեան ծրագիրի համակարգող Հայա Խուրի, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Գառնիկ Մկրտիչեան, Էլի Նսէյր, Ճորճ Գրիգորեան եւ բարգաւաճման գրասենեակի պատասխանատու Կարինէ Պալեան:

Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան բարձր գնահատեց արհեստագործութեան իրավիճակին մասին դեսպանատան ներկայացուցած ուսումնասիրութիւնն ու առաջարկ-թելադրանքները` նշեալ մարզի զօրակցութեան գծով: Ուսումնասիրութիւնը արգասիքն էր այս գծով «Նահնու» միութեան տարած գնահատելի ճիգերուն: Այս առիթով քաղաքապետ Պօղոսեան պարզեց Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը` զայն առնչելով արհեստագործութեան գծով քաղաքապետութեան մօտեցման եւ անոր կեցուածքի  պարզաբանման: Ան նաեւ պարզեց արհեստագործութեան մարզի կարիքներն ու այս գծով քաղաքապետութեան կատարած այլազան նախաձեռնութիւնները:

Իր կարգին, Տիւքաս դրուատեց Պուրճ Համուտի իւրայատկութիւնները` իբրեւ այլազանութեամբ գոյատեւող շրջան, պարզելով այն նախաձեռնութիւնները, որոնց կը զօրակցի դեսպանատունը, առհասարակ մշակութային մարզին մէջ:

Նմանապէս, Մոհամետ Այուպ շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանատան եւ քաղաքապետութեան «Նահնու» միութեան նկատմամբ անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան համար, հաստատելով արհեստագործներու եւ արհեստագործութեան մարզի կարիքներն ու կարեւորութիւնը: Այուպ շեշտեց, որ Պուրճ Համուտը քաղաք մըն է, որ կերտուած է հայ արհեստաւորներու կողմէ, որոնք Լիբանան հասնելով համարկուեցան ու շաղուեցան լիբանանեան ընկերութեան մէջ եւ զարկ տուին անոր տնտեսութեան:

Այս առիթով քաղաքապետ Պօղոսեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Տիւքասը` առ ի գնահատանք եւ շնորհակալութիւն անոր մշակութային նախաձեռնութեան:

Նախորդը

Նշմար. Էրտողան Ի՛նք Վար Կ՛առնէ Դիմակը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.