Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինասեան. «Ասիկա Սահմանադրական Կարգի Տապալման Փորձ Է»

February 4, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան «Ազատութիւն» կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անընդունելի գտաւ Ազգային ժողովի յառաջիկայ արտակարգ նիստի օրակարգով առաջարկուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւն կատարելը` շրջանցելով Սահմանադրական դատարանի վերահսկողական արգելքը:

«Ասիկա սահմանադրական կարգը տապալելու գործողութիւն է, որուն նորէն  խորհուրդ չեմ տար դիմել: Գործող Սահմանադրութեան համաձայն, ժողովուրդի իշխանութիւնը կ՛իրականացուի ընտրութիւններու, հանրաքուէներու եւ սահմանադրական մարմիններու միջոցով, պետական իշխանութիւնը կ՛իրականացուի օրէնսդիր, գործադիր, դատական իշխանութիւններու բաժանման եւ հաւասարակշռման սկզբունքի հիման վրայ: Հիմա այս երեք հաստատութիւններուն, օրէնսդիրի, գործադիրի եւ դատականի գծով, սահմանադիրը եւ մեր օրէնսդրութիւնը սահմանած է, թէ որո՛նք են այն հակակշիռները, որոնք անհրաժեշտ են արդիւնաւէտ աշխատանքի համար: Ինչ կը վերաբերի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն, որոնք երկու ճամբով այս նոր Սահմանադրութեամբ կրնան իրականանալ` հանրաքուէով եւ Ազգային ժողովով, սահմանուած է, որ Սահմանադրական դատարանը ունի այդ սահմանադրական փոփոխութիւնները Սահմանադրութեան համապատասխանութեան գնահատման լիազօրութիւն: Այս լիազօրութիւնը կրնայ փոխուիլ միայն հանրաքուէով», շեշտեց Մինասեան:

Ա. Մինասեան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կ՛առաջարկէ քաղաքական մեծամասնութիւնը` անտեսե՞լ այդ լիազօրութիւնը, ոչնչացնե՞լ Սահմանադրական դատարանի դերակատարութիւնը եւ միայն խորհրդարանին մէջ մեծամասնութեան միջոցո՞վ իրականացնել սահմանադրական մեծ հաշուով յեղաշրջում: «Ասիկա սահմանադրական կարգաւորումներու տեսակէտէն, իշխանութիւններու տարանջատման սկզբունքի տեսակէտէն խիստ անընդունելի է: Ասիկա բռնատիրութեան ամէնէն կարճ ճամբան է», յայտնեց ան:

 

 

Նախորդը

Հայ Խաղաղապահները Քոսովոյի Եւ Գերմանիոյ Մէջ Նշեցին Բանակի 28-ամեակը

Յաջորդը

Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահը Սահմանադրական Դատարանին Շուրջ Ստեղծուած Տագնապին Գծով Կոչ Կ՛ուղղէ Զսպուածութեան

RelatedPosts

Ակնարկ  Սահմանի Բացման Վաղուան (Ան)Հաւանականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Սահմանի Բացման Վաղուան (Ան)Հաւանականութիւնը

October 15, 2026
Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք,  Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք, Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»

October 15, 2026
Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ  Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.