Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ 23 փետրուարին տեղի ունեցաւ նախարարութեան ղեկավար կազմի հանդիպումը Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն հետ: Այս մասին կը հաղորդեն նախարարութենէն:
Ողջունելով յանձնախումբերու ներկայացուցիչները` նախարար Մնացականեան բարձր գնահատեց կայացումը նման ձեւաչափով հանդիպման, որ իր նպաստը պիտի բերէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր սկզբունքներէն մէկուն` համահայկականութեան արդիւնաւէտ իրականացման: Նախարարը նաեւ համոզմունք յայտնեց, որ նման ձեւաչափով հանդիպումներ կը կրեն պարբերական բնոյթ եւ կը նպաստեն Հայաստանի ու սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու համագործակցութեան ձեւաւորման եւ ամրապնդման:
Արտաքին գործոց նախարարը հանդիպման մասնակիցներուն ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները եւ գերակայութիւնները, շրջանային եւ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերու շուրջ Հայաստանի դիրքորոշումը եւ անոնց հասցէագրման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:
Միտքեր փոխանակուեցան համահայկական օրակարգի` ղարաբաղեան տագնապի, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու շուրջ: