Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութեան 130-ամեակի Պաշտօնական Հանդիսութիւն Արցախի Մէջ

Փետրուար 27, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 130-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկներուն ազդանշանը տրուեցաւ Արցախէն` Շուշիի մշակոյթի տան մէջ 25 փետրուարին կազմակերպուած հանդիսութեամբ, որուն ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի, Հայ դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու եւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչներ, պետական այրեր ու հրաւիրեալներ:

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Արցախի Հանրապետութեան պետական օրհներգով եւ Դաշնակցութեան քայլերգով:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անցած ուղին, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ու պետականութեան կերտման առումով անոր ունեցած պատմական դերակատարութիւնը արժեւորող ելոյթներով ու շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ ամեակ նշելու օրը նաեւ հաշուետուութեան օր է, մանաւանդ այն կուսակցութեան համար, որ միշտ լծուած է հայ ժողովուրդին ծառայութեան: Ան շեշտեց, որ Հայաստանի վերանկախացումէն եւ Արցախի ազատագրումէն ետք ՀՅԴ-ն բազմապատկած է իր գործունէութեան դաշտն ու ծրագիրները, որովհետեւ իր աշխարհասփիւռ համահայկական կառոյցով Դաշնակցութիւնը պարտաւոր է աջակցիլ իր հայրենիքին ու հայութեան բազմաթիւ կարիքներու լուծման` միշտ ներառելով Հայաստանը, Արցախը, սփիւռքը եւ Հայ դատը:

Խօսելով Հայաստանի մասին` Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ. «Բարկացկոտ ու յեղափոխութեան պիտակի տակ ներքին պառակտումներու տանող քաղաքականութիւնը պէտք է փոխարինուի հայրենի ժողովուրդի եւ համազգային մակարդակով միասնականութիւն ստեղծելու միտումով, որպէսզի համախմբուած ճիգերով դիմագրաւենք Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները»` աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը ճիշդին ճիշդ պիտի ըսէ, իսկ սխալին սխալ եւ ներկայացնէ այլընտրանքներ: Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութեան համար Հայաստանի մէջ երիտասարդութեան ներգրաւումը, մտաւորականութեան համախմբումը, ժողովուրդին մէջ համերաշխութեան ստեղծումն ու իսկական հանդուրժողականութեան ստեղծումը առաջնահերթութիւններ են, «որովհետեւ Հայաստանի մէջ մենք թշնամի չունինք, մեր թշնամիները Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններէն դուրս են»:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի վերաբերեալ Դաշնակցութեան շարունակական նախաձեռնութիւններուն, սփիւռքի մէջ կուսակցութեան պետականակերտ դերակատարութեան` ներհամայնքային կեանքին մէջ: Ան յիշեց նաեւ Ջաւախքի մեր հայրենակիցներուն օժանդակելու կարեւորութիւնը, Հայ դատի պայքարին մէջ ժողովուրդին, յատկապէս երիտասարդութեան ներգրաւումը:

Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան շնորհաւորեց ՀՅԴ-ի 130-ամեակը` հաստատելով, որ քիչ են այն կուսակցութիւնները, որոնք կրնան հպարտանալ, որ այսքան երկար տարիներու կենսագրական ունին: Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը ծնաւ հայրենասիրութենէն, ազատատենչութենէն, հայ ժողովուրդին պահանջքով եւ լծուեցաւ անոր ծառայութեան ու պաշտպանութեան: Ան յոյս յայտնեց, որ այս կուսակցութիւնը կարողութիւն կ՛ունենայ տեսնելու իր եւ իւրաքանչիւր հայու երազի իրականացումը եւս` միացեալ, ազատ Հայաստան, Ցեղասպանութեան ճանաչում աշխարհով մէկ, ամուր հայրենիք եւ ապահով սփիւռք:

Դաւիթ Իշխանեան` ընդհանուր ակնարկ մը նետելով Դաշնակցութեան ծննդոցին, Հայաստանի մէջ անոր ունեցած դժուարութիւններուն` վտարումով, հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն հայրենիք վերադարձաւ անգամ մը եւս փաստելու, որ պատրաստ է նուիրուելու հայրենիքի ազատագրութեան, պետականութեան կերտման, ուղի հարթելու դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան: Ըստ անոր` անկախութեան եւ ազատագրական պայքարին զուգահեռ, Դաշնակցութիւնը իր ողջ ներուժով մասնակցութիւն բերաւ նաեւ հայրենի պետականաշինութեան գործին` երբեմն իշխանութեան մաս կազմելով, երբեմն ալ հանդէս գալով իբրեւ ընդդիմութիւն, բայց միշտ ըլլալով կայունութիւն ապահովող վստահելի ուժ:

Դ. Իշխանեան շեշտեց, որ ազգային գաղափարախօսութիւնն ու ընկերվարութիւնը կարելիութիւն կու տան Դաշնակցութեան` ըլլալու ժողովուրդին կողքին. «Ան առաջամարտիկ է պատերազմի դաշտին մէջ, տնտեսական ճակատի վրայ, մշակոյթի ասպարէզին մէջ, հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս», ըսաւ ան: Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման պէտք է ըլլալ միասնական, որպէսզի կարելի ըլլայ յաղթել ու զարգանալ առանց զիջելու: «Ըլլանք ազնիւ ու անաչառ, խոստովանենք, որ երբ մեզմէ հեռացած է միասնականութեան ոգին ու համախմբման ուժը, կրած ենք պարտութիւններ: Երբ պառակտուած ենք, չէ ուշացած թշնամիին հարուածը: Մեր հանրութիւնը մօտ է այդ սահմանին: 30 տարիներու ընթացքին մենք այսչափ մօտ չենք եղած պառակտման կարմիր գիծերուն: Համոզուած եմ, որ այս հանգրուանին եւս ազգային սթափ գիտակցութիւնը պիտի չլքէ մեզ, եւ ատիկա կախեալ է իւրաքանչիւրէս` անհատ առ անհատ, ընտանիք առ ընտանիք, կուսակցութիւն առ կուսակցութիւն», հաստատեց ան:

(Խօսքերը յառաջիկային կը հրատարակենք առանձին):

Ձեռնարկը ճոխացաւ ազգային երգ ու պարով` «Մենք ենք մեր սարերը» երգի ու պարի պետական համոյթին, անհատ երգիչներու կատարողութեամբ: Ցուցադրուեցաւ նաեւ ՀՅԴ-ի 130-ամեակին նուիրուած փաստավաւերագրական ժապաւէն:

 

 

Նախորդը

Դաշնակցութիւնը Իր Քարոզարշաւին Մեկնարկը Կը Կատարէ Սահմանէն

Յաջորդը

Խմբագրական. Հայ Դատ = Արցախահայութեան Դատ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?