Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԴՀԿ-ՀՅԴ-ՌԱԿ Միջկուսակցական Ժողով

Փետրուար 27, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, չորեքշաբթի, 26 փետրուարին, Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Նոր Հաճնոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ միջկուսակցական հանդիպում մը` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի միջեւ: Ներկայ էին ՍԴՀԿ-էն` ատենապետ Սեպուհ Գալփաքեան, Մարտիկ Ժամկոչեան, ՀՅԴ-էն` ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Հաւաթեան, Մելիք Գարագաւորեան եւ ՌԱԿ-էն` ատենապետ Սեւակ Յակոբեան եւ Արմէն Վայեճեան:

Ժողովականները քննարկեցին լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները, ստեղծուած տնտեսական ճգնաժամը, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան առջեւ ծառացած կրթական, ընկերային եւ տնտեսական զանազան խնդիրներն ու տագնապները:

Քննարկելով քաղաքական օրակարգը` ժողովականները արդարացի համարեցին 17 հոկտեմբերին ծայր առած ժողովրդային բողոքներն ու պոռթկումները եւ նշեցին, որ տագնապէն դուրս գալու միջոցներ կը շարունակեն մնալ կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը, կառավարութեան կողմէ ուսումնասիրուած տնտեսական ծրագիրի մը գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական համակարգին մէջ փտածութեան վերացումը եւ յափշտակուած գումարներու վերադարձը պետական գանձարկղ` դատաիրաւական անկախ համակարգի մը ստեղծումով:

Ժողովականները շեշտեցին, որ Լիբանան հեռու պէտք է պահել արտաքին ամէն տեսակի միջամտութիւններէ եւ ապատեղեկատուութեան ու խեղաթիւրումներու վրայ հիմնուած խուճապային մթնոլորտէ: Փաստը ցոյց տուած է, որ բեւեռացումը երբեք չի նպաստեր ներկայ առաջադրանքներու իրականացման, այլ ընդհակառակն` աւելի կը ծանրացնէ առկայ վատ կացութիւնը:

Իսկ  ազգային օրակարգով, որպէսզի ստեղծուած տնտեսական տագնապը չունենայ սուր հետեւանքներ, կենսական նկատուեցաւ, որ համայնքի կազմակերպութիւնները եւ կառոյցները առաւելագոյն դիւրութիւններ ընծայեն համայնքի զաւակներուն եւ զարկ տան ընկերային ու բարեսիրական օժանդակութիւններուն` թեթեւցնելու համար քաղաքայիններուն կրած տնտեսական, կենցաղային, առողջապահական  ու ապրուստի ծանր բեռը:

Այս ծիրին մէջ անհրաժեշտ նկատուեցաւ ներկայ փուլին անխախտ պահել լիբանանահայութեան անվտանգութիւնն ու միասնակամութիւնը եւ ճիգ չխնայել երաշխաւորելու լիբանանահայ համայնքի կենսունակութիւնը եւ անոր պատմական դերակատարութեան շարունակականութիւնը:

Միջկուսակցական ժողովը անդրադարձաւ նաեւ պատմութեան ընթացքին Լիբանանի հանդէպ մի՛շտ ալ թշնամական վերաբերմունք որդեգրած, երկար ժամանակ զայն իր լուծին ենթարկած, զայն սովամահ դարձուցած, ծաւալապաշտ ու ցեղասպան Թուրքիոյ` Լիբանանի նկատմամբ որդեգրած նորօրեայ տխուր վերաբերմունքին, որ կը սպառնայ այս անգամ երկրի կայունութեան ու ապահովութեան: Այս իմաստով անհրաժեշտ նկատուեցաւ ցուցաբերել համալիբանանեան զգաստութիւն եւ խոհեմութիւն:

Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ հայաստանեան ու արցախեան վերջին իրադարձութիւններուն: Որոշուեցաւ յառաջիկայ հանդիպումին եզրակացնել Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակի ոգեկոչման համահայկական ձեռնարկներու մանրամասնութիւնները:

ՍԴՀԿ
ՀՅԴ
ՌԱԿ

Նախորդը

Շարունակելով Իր Մարդասիրական Եւ Հայօգնութեան Առաքելութիւնը. ԱՖՀԻԼ Այս Տարի Եւս 150 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիով Նեցուկ Կանգնեցաւ 142 Ուսանողներու, 120 Աշակերտներու Եւ Հայկական Հաստատութիւններու

Յաջորդը

Պաքուի Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Բացուած Է Այսպէս Կոչուած «Խոջալուի Ցեղասպանութեան» Թանգարան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?