Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  Երրորդ Տարածքներու Տեսութիւնը

Ակնարկ. Երրորդ Տարածքներու Տեսութիւնը

Տարածաշրջանային մակարդակի վրայ տարին սկսաւ նոր փուլի նախանշային իրադարձութեամբ: Միացեալ Նահանգներ - Իրան առճակատման յարաբերութիւններու մէջ գերլարուած իրավիճակ ստեղծուեցաւ Թրամփի հրահանգով Իրաքի մէջ իրանցի զօրավարի սպանութեամբ: Այնուհետեւ կատարուած յայտարարութիւնները, մեղադրանքները, կարմիր գիծերը հատած ըլլալու հաստատումները, դատապարտանքները քանի մը ուղենշային երեւոյթի մասին մտածել կու տան: Հակադարձ գործողութիւնը անպայման պիտի ձեռնարկուէր: Իրաքի մէջ ամերիկեան յենակէտեր հարուածելու Իրանի պատասխանը անխուսափելի էր: Ուաշինկթընը արդէն...

Վարչապետ Փաշինեան. «2020-ը Ռազմավարական  Խնդիրներու Լուծումով Զբաղելու  Ժամանակաշրջան Պէտք Է Ըլլայ»

Վարչապետ Փաշինեան. «2020-ը Ռազմավարական Խնդիրներու Լուծումով Զբաղելու Ժամանակաշրջան Պէտք Է Ըլլայ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 2019 թուականը յաջողած տարի նկատեց: Կառավարութեան նիստին սկիզբը ան նշեց, որ 2018-2019 թուականներուն կարելի եղաւ լուծել օրակարգի կարճաժամկէտ բոլոր խնդիրները, եւ 2020 թուականը պէտք է արդէն ռազմավարական խնդիրներու լուծումով զբաղելու ժամանակաշրջան ըլլայ: «Ես կը կարծեմ` 2020 թուականը բաւական լաւ սկսած ենք, եւ այն նորացուած հայեցակարգը, որ մենք առաջարկեցինք Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ ոչ միայն Հայաստանի քաղաքացիներուն, ըստ...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ-ն Դատ Բացաւ Արման Բաբաջանեանի Դէմ

Հայաստանի դատական-տեղեկատուական համակարգէն կը յայտնեն, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը դատական հայց ներկայացուց Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արման Բաբաջանեանի դէմ,  որ հրապարակային ելոյթներէն մէկուն ընթացքին խօսեցաւ ՀՅԴ-ին մասին եւ զայն անուանեց «ահաբեկչական անցեալով յայտնի ուժ» եւ այլն: ՀՅԴ-ն դատարանէն կը պահանջէ` պարտաւորեցնել Արման Բաբաջանեանը հրապարակային ներում հայցելու վիրաւորանքին համար: Գործը հասցէագրուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Աւագ Գաբրիէլեանին: Դատական հայցը...

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս  2020 Տարին Կը Հռչակէ  «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի»

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս 2020 Տարին Կը Հռչակէ «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի»

Վեհափառ հայրապետը 2020 թուականը հռչակած է «ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»: Առ այդ, կիրակի, 12 յունուարին, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, նորին սրբութեան հռչակագիրը պիտի ընթերցուի Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Նոյն հռչակագիրը նաեւ պիտի ընթերցուի թեմերու եկեղեցիներուն մէջ: Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն ներկայ գտնուելու պատարագին` լսելու համար վեհափառ հայրապետին պատգամը եւ անկէ եկող մտածումներուն...

Դաւիթ Իշխանեան. «Մեզի Համար  Ուղղորդող Են ՀՅԴ-ի Տեսակէտները`  «Զարգանալ Չզիջելով»

Դաւիթ Իշխանեան. «Քարոզարշաւին Կանուխ Սկսիլը Չի Համապատասխաներ Ներքաղաքական Պահանջներուն»

Հայկական երկու պետութիւններու յարաբերութիւններուն, 2020-ին տեղի ունենալիք Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն եւ այլ հարցերու մասին «Թերթ»-ի թղթակից Ամալիա Առաքելեանի հետ զրուցած է Արցախի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, նախագահական թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան: Ըստ անոր, 2019-ի սկիզբը կար լարուածութիւն հայկական երկու պետութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ, սակայն տարեվերջին այդ լարուածութիւնը ո՛չ միայն մեղմացած է, այլ նաեւ` յարաբերութիւնները ջերմացած են: Բանակցային գործընթացին Արցախի մասնակցութեան մասին խօսելով եւ...

Նախագահ Աուն Կը Հետեւի Կառավարութեան  Կազմութեան Ջանքերուն

Նախագահ Աուն Կը Հետեւի Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախանցեալ օր ընդունեց վարչապետ Հասսան Տիապը, որուն հետ քննարկեց յատկապէս տեղական իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: Հանդիպումէն ետք Տիապ մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու: Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Շրջանային Իրադարձութիւնները Իրենց Հետեւանքները Չունենան Լիբանանի Վրայ» Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ ընդունեց ապահովութեան հարցերով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Կիլ Միշոն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ...

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի  Դիւանի Նիստին

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Ալեն Աուն, Մարուան Համատէ, Սամիր Ժսըր, Միշել Մուսա եւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր: Նիստէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ 2020-ի պետական ամավարկը քննարկելու եւ վաւերացնելու խորհրդարանի լիագումար նիստը պիտի գումարուի այս...

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը`  Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

6 յունուարին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, զոր մատուցեց եւ անոր ընթացքին քարոզեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի Ծնունդը շնորհ է արժեւորելու մարդկային կեանքը, նոր սկիզբի նախաձեռնելու, նոր ճամբայ բանալու դէպի աստուածաճանաչողութիւն, դէպի Աստուծոյ որդեգրութիւն, որովհետեւ Քրիստոսի...

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երկուշաբթի, 6 յունուար 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը: Այս առիթով, Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս, իսկ պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի: «Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը արդարութեան էջքն է երկիր` իբրեւ աստուածատուր պարգեւ ու առաքելութիւն». այսպէս բնորոշեց Արամ...

Երեսփոխան Բագրատունի Դատապարտեց  Սիւլէյմանիի Ու Մուհանտեսի Սպանութիւնը  Եւ Անդրադարձաւ Լիբանանեան Իրադարձութիւններուն

«Կառավարութեան Մէջ Հայ Համայնքը Պիտի Ունենայ Կին Նախարար Եւ Կարեւոր Նախարարութիւն» «Իսրայէլի Նման Թուրքիա Եւս Արաբական Աշխարհի Թշնամի Է» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ուրբաթ, 3 յունուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, հարցազրոյց մը ունեցաւ «Վանայ ձայն»-ի արաբերէնով սփռուող «Ուաքֆէ ուա մաուքաֆ» յայտագիրէն, հաղորդավար Հալա Հատտատի հետ: Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորեց եւ բարեմաղթութիւններ յայտնեց Լիբանանի մէջ ապրող եւ արտերկրի բոլոր լիբանանցիներուն` հայերուն եւ ոչ...

«Հայ Մամուլի Տարի»

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Աստուծոյ Որդւոյն Ծնունդը` Հրաւէր Փրկութեան

Եբրայեցւոց ուղղած իր երկրորդ նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալ նորադարձ քրիստոնեաներուն կը պատուիրէ ըսելով` «չըլլայ որ փրկութեան ճամբէն հեռանաք» (2ե 1): Անհրաժեշտ է արթնութեան ու զգաստութեան հրաւիրող առաքեալին այս կոչը լուսարձակի տակ բերել ա՛յս օրերուն մանաւանդ, երբ կը պատրաստուինք հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորելու աշխարհի Փրկչին ծնունդը: Եկէք նախ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք վերոնշեալ երեք բառերուն վրայ. 1.- Փրկութիւն.- Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր էջին ու նոյնիսկ...

Առաջնորդական Պատգամ.  Ամանորի, Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Առիթով

Առաջնորդական Պատգամ. Ամանորի, Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Առիթով

«Յաւիտենական Աստուածը երկրի վրայ երեւցաւ եւ մարդոց հետ շրջեցաւ, որպէսզի մեզ կենդանացնէ» (Ս. Ծնունդի սրբասացութիւն) Սիրելի՛ հայորդիներ, որ ի Լիբանան, Նոր տարիէն քանի մը օր ետք, երբ դէմ յանդիման պիտի գտնուինք մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին, եկէք անդրադառնանք, որ անժամանակն Աստուած մեզ ժամանակին մէջ եւ ժամանակէն անդին առաջնորդելով` յաւիտենական կեանքի վայելումին կը հրաւիրէ: Տարին...

Հայաստանի Եւ Իրանի Արտաքին  Գործոց Նախարարները  Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Մէջ  Ստեղծուած Իրավիճակը

Հայաստանի Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Իրանական կողմին նախաձեռնութեամբ 5 յունուարին տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի միջեւ: «Արմէնփրես»-ին այս մասին յայտնած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն: Արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են վերջին օրերուն Պաղտատի մէջ մարդկային զոհեր պատճառած դէպքերուն պատճառով Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Արտաքին գործոց  նախարար...

«Սիւլէյմանի Դիմադրութեան Առանցքին Եւ Ամբողջ  Իսլամ Ժողովուրդին Նահատակն Է. Արդար Պատիժը  Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Զինուորական  Ներկայութեան Վերջ Պիտի Դնէ»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Սիւլէյմանի Դիմադրութեան Առանցքին Եւ Ամբողջ Իսլամ Ժողովուրդին Նահատակն Է. Արդար Պատիժը Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Զինուորական Ներկայութեան Վերջ Պիտի Դնէ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի եւ Ժողովրդային աշխարհազօրի փոխնախագահ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի անարգ սպանութեան առիթով, Հըզպալլա երէկ կազմակերպեց յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Հարաւային արուարձաններու «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ, եւ որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը: Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ 2 յունուար 2020-ը անկիւնադարձային թուական մը պիտի ըլլայ` ամբողջ...

Նախագահ Սարգսեան. «2020-ին Մեր Յոյսերը  Պէտք Է Շարունակեն Դառնալ  Գործնական Քայլեր Եւ Արդիւնքներ»

Նախագահ Սարգսեան. «2020-ին Մեր Յոյսերը Պէտք Է Շարունակեն Դառնալ Գործնական Քայլեր Եւ Արդիւնքներ»

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Նոր տարուան առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղեց համայն հայութեան` շեշտելով, որ փակուող 2019 թուականը ազգային եւ պետական նպատակները նորովի ուրուագծելու տարի էր: «Մենք միասին անցանք մեր պետականութեան ամրապնդման եւս մէկ փուլ», շեշտեց ան: Ըստ նախագահին, իբրեւ պետութիւն, ժողովուրդ եւ մեծ ընտանիք` մեր առաջնահերթ հարցերը եւ գերակայութիւնները չեն փոխուած: Սակայն 2020-ին մեր յոյսերը պէտք է վերափոխուին եւ շարունակեն...

Վարչապետ Փաշինեանի  Շնորհաւորական Ուղերձը

Վարչապետ Փաշինեանի Շնորհաւորական Ուղերձը

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ  հաւաքուածներուն ուղղեց շնորհաւորական խօսք մը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ ուրախ է փաստելով, որ տեսանելի ու շօշափելի բազմաթիւ արդիւնքներ արձանագրուած են անցնող տարուան ընթացքին: Ըստ վարչապետ Փաշինեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները կրնան տեսնել եւ զգալ տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցած հետեւեալ փոփոխութիւնները. «2019-ին Հայաստանի մէջ նորոգուած են...

Նախագահ Սահակեան. «2020-ը Արցախի Համար  Պիտի Ըլլայ Նաեւ Քաղաքական  Գործընթացներով Հարուստ Տարի»

Նախագահ Սահակեան. «2020-ը Արցախի Համար Պիտի Ըլլայ Նաեւ Քաղաքական Գործընթացներով Հարուստ Տարի»

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը Նոր տարուան առիթով` հաստատելով, որ բոլորս նոր յոյսերով, բարի ցանկութիւններով եւ ակնկալութիւններով կը դիմաւորենք 2020 թուականը: «Բնական է, որ մեր ժողովուրդը առաջին հերթին կը ցանկայ խաղաղութիւն, ապրիլ, արարել, ստեղծագործել, շէնացնել, զարգացնել ու զօրացնել հարազատ երկիրը: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կ՛ուզէ երջանիկ ու առողջ տեսնել իր հարազատներն ու բարեկամները: Այս ամէնը իրականութիւն դարձնելու կարեւորագոյն գրաւականը...

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերն Ու Այլ Ղեկավարներ  Կը Դատապարտեն Սիւլէյմանիի  Եւ Մուհանտեսի Դէմ Գործուած Անարգ Ոճիրը

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերն Ու Այլ Ղեկավարներ Կը Դատապարտեն Սիւլէյմանիի Եւ Մուհանտեսի Դէմ Գործուած Անարգ Ոճիրը

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի անարգ սպանութեան առիթով Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատունը երէկ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ գուժեց Սիւլէյմանիի սպանութիւնը, եւ այս առիթով ցաւակցութիւններ ընդունեց: Պաշտօնական ցաւակցութիւնները պիտի շարունակուին նաեւ այսօր, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00, իրանեան դեսպանատան մէջ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ցաւակցագիր մը յղեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի...

Երեսփոխան Բագրատունի Դատապարտեց  Սիւլէյմանիի Ու Մուհանտեսի Սպանութիւնը  Եւ Անդրադարձաւ Լիբանանեան Իրադարձութիւններուն

Երեսփոխան Բագրատունի Դատապարտեց Սիւլէյմանիի Ու Մուհանտեսի Սպանութիւնը Եւ Անդրադարձաւ Լիբանանեան Իրադարձութիւններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` ուրբաթ, 3 յունուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, հարցազրոյց մը ունեցաւ «Վանայ ձայն»-ի արաբերէնով սփռուող յայտագիրէն: Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի դատապարտեց Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանին եւ Ժողովրդային աշխարհազօրի փոխնախագահ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի սպանութիւնը` զայն նկատելով Իրաքի գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն, ինչպէս նաեւ միջազգային...

Page 463 of 797 1 … 462 463 464 … 797

Արխիւներ