Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան Կարեւոր Նկատած Է Պաշտպանութեան Մարզին Մէջ Վրաստանի Հետ Գործակցութիւնը

Փետրուար 28, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ղարիպաշվիլի 27 փետրուարին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ:

Վարչապետը ընդգծեց հայ-վրացական ռազմավարական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ պաշտպանական մարզին մէջ փոխգործակցութիւնը Հայաստան-Վրաստան գործընկերութեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն է, ուստի շատ առանցքային է երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան 2020 թուականի ծրագիրի ստորագրութիւնը:

Իրաքլի Ղարիպաշվիլի գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին հետ համագործակցութեան եւ միացեալ ծրագիրներուն համար:

Զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնց կարգին` հայ-վրացական պաշտպանական փոխգործակցութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր: Անոնք ընդգծեցին, որ երկու երկիրները ու ժողովուրդները ունին պատմամշակութային դարաւոր կապերը եւ քրիստոնէական արժեհամակարգ, որոնք ամուր հիմք կը հանդիսանան բարեկամական համագործակցութեան խորացման եւ սերտացման:

Անդրադառնալով շրջանային անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն` Նիկոլ Փաշինեան եւ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի միտքեր փոխանակեցին տագնապներու խաղաղ լուծման, այդ ուղղութեամբ փոխադարձ ջանքերու կարեւորութեան շուրջ:

Իրաքլի Ղարիպաշվիլի – Դաւիթ Տօնոյեան Հանդիպում

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ղարիպաշվիլի ստորագրեցին Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ 2020-ի զինուորական համագործակցութեան ծրագիրը:

Հանդիպումէն ետք անոնց տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Տօնոյեան ամփոփեց հանդիպումին արդիւնքները. «Երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններու միջեւ 2020-ի զինուորական համագործակցութեան ծրագիրին մէջ ներառուած են պաշտպանութեան մարզի նախաձեռնութիւններ: Վերջիններս կ՛ընդգրկեն զինուորական կրթութեան, զինուորներու ընկերային պաշտպանութեան, խաղաղապահութեան եւ լեռնային պատրաստութեան մարզերը», ըսաւ նախարարը:

Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ծառայողները Վրաստանի մէջ պիտի մասնակցին ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ գործընկեր երկիրներու ձեւաչափով 2020-ի բազմազգ վարժանքին: Ան յոյս յայտնեց, որ հայկական կողմը ապագային եւս շարունակէ աշխուժ ձեւով ներգրաւուիլ նմանօրինակ զօրավարժութիւններու մէջ:

Նախարարները նաեւ համաձայն են, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի: Իրաքլի Ղարիպաշվիլի դրուատեց հանդիպումը` դիտել տալով, որ քննարկուած են տարբեր հարցեր երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութեան մասին: Կարծիքներ փոխանակուած են շրջանային մարտահրաւէրներու վերաբերեալ: Անոնք նաեւ համաձայնած են, որ չկան այլընտրանքներ զարգացող բարիդրացիական յարաբերութիւններուն, չկայ այլընտրանք տագնապի խաղաղ լուծման, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման:

 

Նախորդը

ՀԱՊԿ Ընդհանուր Քարտուղար. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Այլընտրանք Չկայ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Քաղաքական «Քորոնա»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?