Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Կամքի Առկայութեան Պարագային` Նպատակը Տկարութիւն Չի Ճանչնար»

Փետրուար 26, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի ելոյթը` Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին:

Ահաւասիկ, ձեզի հետ են մեր Հայ դատի բանակի ներկայացուցիչները, որոնք արծուաբոյն Արցախի մէջ հաւաքուած են` շարունակելու Հայ դատի խորհրդաժողովի աշխատանքները: Անոնք եկած են մեզի հետ վերահաստատելու, որ անխոնջ կերպով պիտի աշխատին, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը մնայ յաւերժական, հզօր, անվտանգ ու շարունակաբար զարգացող:

Մեր Հայ դատի զինուորագրեալները եկած են վերահաստատելու հայրենիք-սփիւռք միասնութիւնը` քաջ գիտակցելով, որ հզօր հայրենիքը եւ յանձնառու սփիւռքը մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն: Բոլորս եկած ենք, որպէսզի Արցախեան ազատամարտին ծնած, ծաղկող Արցախի Հանրապետութիւնը շարունակէ մնալ բոլորին գուրգուրանքի առարկան, որպէսզի անիկա ըլլայ պինդ, հայակոփ ու զարգանայ առանց զիջումներու:

Մեր սերունդի մեծագոյն իրագործումներէն է Արցախի ազատագրումը Ազրպէյճանի ջարդարար ճիրաններէն եւ անհրաժեշտ է, որ բոլորով աշխատինք, որպէսզի արեամբ ու քրտինքով ձեռք բերուած Արցախի ազատագրումը չմսխուի դիւանագիտական սեղաններու շուրջ:

Արցախի ազատագրումը, անկախացումը եւ ի վերջոյ Հայաստանին միացումը ՀՅԴ-ի եւ Հայ դատի համակարգին համար կարեւորագոյն առաջնահերթութիւն են: Արցախով է, որ կը գործնականանայ ամբողջական Հայաստանի տեսլականի առաջին կարեւորագոյն հանգրուանը: Արցախի գոյամարտով պէտք է սնուի մեր երիտասարդութիւնը, նոր սերունդը` վկայելով, որ մեր ժողովուրդին մէջ անմար կը մնայ յեղափոխական սխրանքը, ազատատենչութիւնը եւ մեր իրաւունքները նոյնիսկ կեանքի գնով պաշտպանելու յանձնառութիւնը:

Եւ ահա՛, Հայ դատի ընկերներն ու ընկերուհիները եկած են հոս` անգամ մը եւս շեշտելու, որ այդ յանձնառութենէն ծնած Արցախի Հանրապետութիւնը հարկ է ամէն գնով պաշտպանել, անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ ապահովել, անոր ինքնորոշման իրաւունքը շեշտադրել եւ փաստել, որ Արցախին ուղղուած իւրաքանչիւր հարուած հարուած է ամբողջ հայութեան: Ըստ կացութեան, այդ հարուածները պիտի արժանանան համապատասխան համահարուածի:

Հայ դատի զինուորագրեալները հոս հաւաքուած են նաեւ միջոցներ որոնելու, որպէսզի Ջաւախքի մեր քոյրերն ու եղբայրները ամուր կառչած մնան իրենց հողին, որպէսզի անոնց մարդկային, անհատական ու հաւաքական իրաւունքները չոտնահարուին եւ չխաթարուի անոնց հայկական պայծառ դիմագիծը:

Պէտք է քննարկենք նաեւ Արեւմտահայաստանի մէջ աշխատանքի դաշտի զարգացումը, պոլսահայութեան իրաւունքներու խնդիրը եւ օժանդակութեան հարցերը, հայրենիքէն դուրս ամէնուրեք հայակերտման, հայութեան վերադարձի խնդիրը եւ երիտասարդութեան ներգրաւումը, ՀՅԴ տեսլականով տոգորումը եւ ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութեան ամրապնդումն ու քաղաքականացումը:

Հայ դատի զինուորագրեալները եկած են նաեւ ուղղելու միասնականութեան պատգամ, որովհետեւ ժամանակն է հաստատելու համազգային օրակարգ, որուն շուրջ կը համախմբուի ամբողջ հայութիւնը եւ կը լծուի Հայ դատի մեր սուրբ պայքարին:

Թոյլ տուէք, պարո՛ն նախագահ, սիրելի՛ սրբազան հայր, յարգարժա՛ն հիւրեր անգամ մը եւս շեշտադրելու մեր վճռականութիւնը` կանգնելու ձեր կողքին, որպէսզի Արցախը մնայ պինդ, կայուն, Արցախը զարգանայ համահայկական մղումով, Արցախը ըլլայ ամբողջ հայութեան լաւագոյն նպատակակէտը եւ Արցախը սերունդները ներշնչէ այն հաստատ հաւատքով, որ կամքի առկայութեան պարագային` նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար:

 

 

Նախորդը

Դ. Իշխանեան. «Դաշնակցութիւնն Անկախութեան Գաղափարը Դարձրեց Հաւատամք»

Յաջորդը

Բ. Սահակեան. «Առանց Հայ Դատի Գործուն Մասնակցութեան` Անհնարին Է Պատկերացնել Միջազգային Հարթակներում Արցախի Շահերի Պաշտպանութիւնը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?