24 փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին արտասանած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ Հայաստանի սահմանին կանգնած զինուորին թիկունքը հայկական երկրորդ բանակն է` ՀՅԴ Հայ դատի ցանցը, որ աշխարհով մէկ կը պաշտպանէ հայութեան շահերը: Ան մատնանշեց այն 4 ուղղութիւնները, որոնց շեշտադրումով կ’աշխատին Հայ դատի գրասենեակները, եւ որոնք պիտի քննարկուին տուեալ խորհրդաժողովին:
Առաջինը Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու ուղղութիւնն է. Հայաստանի Հանրապետութեան պարագային, Հայ դատի յանձնախումբերը պետականութեան ամրապնդման աշխատանքին լծուած են, ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` աւելցնելով, որ Արցախի պարագային առաջնահերթութիւնը ազատագրումէն ետք հիմնահարցի լուծում գտնելն է` ինքնորոշման իրաւունքի կիրառումով, միւս կողմէ, Արցախի ճանաչման հարցը ուղղակիօրէն յառաջ մղել:
Երկրորդ ուղղութիւնը, ըստ անոր, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցն է մինչեւ վերջնանպատակ` Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ պահանջատիրութիւն: Երրորդը հայապատկան հողերու վրայ հայութեան իրաւունքներու հարցն է: Ան շեշտեց, որ Հայաստանէն աքսորի 70 երկար տարիներուն ՀՅԴ-ն աշխատանք տարած է, որ հայութիւնը մնայ միասնական, հայրենակեդրոն եւ սփիւռքի մէջ կազմակերպուի ան ու իր աշխատանքը:
Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին, այս բաժինին վերջին ենթամասը յարաբերութիւններն են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գործող այլ ազգային փոքրամասնութիւններու` քիւրտերու, տերսիմցիներու, լեզկիներու հետ, նաեւ աշխարհով մէկ գործակցութիւնը ներկայացուցիչներու հետ այն ժողովուրդներուն, որոնք հայերուն հետ նմանօրինակ անցեալ եւ նման ճակատագիր ունեցած են, երբ Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմած են` յոյն, ասորի, կիպրացի եւ այլն:
Չորրորդ եւ վերջին ուղղութիւնը հայ ժողովուրդի քաղաքականացման հարցն է, բայց մանաւանդ երիտասարդութեան քաղաքականացումէն ետք զայն տարբեր աշխատանքներու մղելը. «Որպէսզի երբեմն ալ բերդը ներսէն գրաւենք», հաստատեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակները շարունակական կապի մէջ են արտաքին գործոց նախարարութիւններու հետ` թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի պարագային, որպէսզի թէ՛ համադրեն կատարուած աշխատանքը, եւ թէ՛ մօտեցումները տարբեր ըլլալու պարագային, փոխանակեն տեղեկատուութիւնը:
Ըստ անոր, խորհրդաժողովին պիտի քննարկուին նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները, առհասարակ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հակահայ պայքարի նոր փուլը, Ջաւախքի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: «Մեր ուշադրութեան կիզակէտը պիտի ըլլայ նաեւ պոլսահայութեան օժանդակութեան հարցը: Խորհրդաժողովը պիտի համադրէ մարտավարական քայլերը, քանի որ մէկուն կողմէ գործադրուող յատուկ ծրագիրները կրնան օգտակար օրինակ ըլլալ այլոց համար: Անհրաժեշտ է, որ այդ յաջողած փորձը կարենանք փոխանակել», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Կիրօ Մանոյեան. «Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը Բանակցային Գործընթացին Վրայ Որեւէ Դրական Ազդեցութիւն Չէ Ունեցած»
ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան` անդրադառնալով Միւնիխի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանավէճին եւ վարչապետին հասցէին կատարուած քննադատութիւններուն, ըսաւ, որ չի կիսեր այն մօտեցումը, թէ նման հրապարակային բանավէճի ժամանակ կ’ըսեն` ասիկա ըսաւ, ատիկա չըսաւ: «Ատիկա բանակցութիւն չէ, ատիկա միայն սահմանափակ ժամանակով, սահմանափակ առիթներով բանավէճ է. թէ բանավէճը ի՛նչ տուաւ, ատիկա ուրիշ հարց է: Բանավէճը կողմերէն ոչ մէկուն շահերէն կը բխէր, ոչ ալ` բանակցութիւններու շահերէն, անիկա պարզապէս կազմակերպիչներու շահն էր: Կազմակերպիչները յաջողեցան կողմերու ղեկավարները հրապարակաւ բանավէճի հանել, այդքա՛ն: Բայց ըսել, որ այս ըսաւ մեր վարչապետը, այն չըսաւ մեր վարչապետը, ատիկա չէ չափանիշը որոշելու այս իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը», ընդգծեց ան:
Րաֆֆի Համբարեան. «Արդարութիւնը Պիտի Գայ, Հարցը Միայն Ժամանակն Է»
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Համբարեան ըսաւ, որ իրենց համար ներկայիս կարեւորագոյն աշխատանքը այն է, որ Ամերիկայի կողմէ Արցախին տրուող օգնութիւնը շարունակական ըլլայ: «Հոս գործունէութեան մեծ դաշտ կայ, այդ բանավէճերը տեղի կ’ունենան Քոնկրեսի, Սպիտակ տան հետ, կան անձեր, որոնք կ’ուզեն այդ օգնութիւնը դադրեցնել: Մենք այս առումով պատերազմական դաշտի մէջ ենք: Նախորդ շաբաթ մօտ 40 հազար մէսէյճ ուղարկեցինք Քոնկրէսին, 10 հազար ամերիկահայ նամակ` քոնկրեսականներուն, որ այդ օգնութիւնը շարունակուի», նշեց Համբարեան:
Անդրադառնալով վերջերս Քոնկրեսին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին` Րաֆֆի Համբարեան ըսաւ. «Մեր նպատակը արդարութեան հասնիլն է, իսկ ատիկա պիտի ըլլայ, երբ որ Սպիտակ տունը եւս խզէ լռութիւնը Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցով: Քոնկրեսին որոշումը դրական էր, հիմա յաջորդ քայլը Սպիտակ տունն է, երբ հոն եւս մերժումը յաղթահարենք, արդարութիւնը աւելի մօտ պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդին համար: Մենք հիմա այդ պայքարը կը մղենք, վստահ եմ, որ պիտի շահինք: Արդարութիւնը պիտի գայ, հարցը միայն ժամանակն է: Մեր աշխատանքը այդ արդարութիւնը աւելի արագ բերելու մէջ է», յայտնեց Րաֆֆի Համբարեան: