Հայաստանի մէջ ունինք «Քորոնա» ժահրի հաստատման 3 դէպք եւս, որոնցմէ 2-ը փոխկապակցուած են «Էջմիածինի» դէպքին հետ եւ ի սկզբանէ մեկուսացուած եղած են: Միւս դէպքը արձանագրուած է Մեղրի քաղաքին մէջ` Իտալիայէն վերջերս վերադարձած մեր քաղաքացիին մօտ: Ըստ «Երկիր»-ին այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:
«Ունինք 3 հաստատուած դէպք եւս, որոնցմէ 2-ը փոխկապակցուած են «Էջմիածինի» դէպքին հետ եւ ի սկզբանէ մեկուսացուած եղած են: Միւս դէպքը արձանագրուած է Մեղրի քաղաքին մէջ` Իտալիայէն վերջերս վերադարձած մեր քաղաքացիին մօտ:
Ընդհանրապէս, այս պահուն ունինք հաստատուած 26 դէպք: Մինչեւ այսօր կատարուած է նոր «Քորոնա» ժահրի յայտնաբերման 577 քննութիւն: Այս պահուն մեկուսացուած է 300 քաղաքացի: Նոր դէպքին հետ սերտ կապ ունեցողները կը յայտնաբերուին, որպէսզի մեկուսացուին», գրած է ան: