Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան. «Ժողովուրդին Վերաբերմունքը «Քորոնա» Ժահրին Նկատմամբ Պէտք Է Փոխուի»

March 18, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաւանական նկատեց, որ ըլլան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք այս ընթացքին վարակուած են «Քորոնա» ժահրով, բուժուած են, սակայն չեն գիտցած այդ մասին:

«Իրավիճակը վերլուծելով կը հասկնամ, որ շատ քաղաքացիներ կը հիւանդանան ու կ՛առողջանան` այդ մասին չկռահելով: Այս մասին մեզ կը յուշէ նաեւ մեր ախտորոշուած դէպքերուն վիճակը: Դէպքերուն 90 առ հարիւրը կա՛մ ջերմութիւն չունի, կա՛մ ցած ջերմութիւն ունի: Ըստ ամենայնի, կան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք այս ընթացքին վարակուած են «Քորոնա» ժահրով, այս ընթացքին բուժուած են, բայց իրենք չեն գիտեր, որ հիւանդացած ու բուժուած են», յայտնեց Փաշինեան:

Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ փոխուի վերաբերմունքը «Քորոնա» ժահրին նկատմամբ: «Ես կը կարծեմ, որ մենք պէտք է փոխենք մեր վերաբերմունքը «Քորոնա» ժահրին նկատմամբ, անոր հետ վերաբերինք, իբրեւ հիւանդութիւն մը, որ բաւական վտանգաւոր է տարիքոտ մարդոց համար, ինչպէս կրիփը: Մեր հիմնական խնդիրը պէտք է ըլլայ տարիքոտ մեր սիրելի ծնողներուն, տատիկներուն ու պապիկներուն ուշադիր ըլլալը», նշեց վարչապետը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 17 մարտին նաեւ շրջագայեցաւ Երեւանի հանրախանութներուն ու նպարավաճառներու խանութներուն մէջ` ծանօթանալով ապրանքներու գոյութեան եւ անոնց քանակին:

Քաղաքացիները Փաշինեանի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեցին, որ խանութներուն մէջ ամէն ինչ ապահովուած է:

 

Նախորդը

Տեղի Ունեցած Է Պարէտատան Առաջին Նիստը. «Արտակարգ Դրութեան Մէջ Մենք Աւելի Քիչ Ճկունութիւն Ունինք, Քան Մինչ Այդ»

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ. Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 78-ի

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.