Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

March 14, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի քաղաքապետը, հիմնուելով`

. Քաղաքապետարաններու օրէնքին (հրամանագիր թիւ 118 – 30/6/1977) մանաւանդ հանրային առողջութեան վերաբերեալ թիւ 74 յօդուածին,

. Նախարարաց խորհուրդի թիւ 42 որոշումին (11 մարտ, 2020),

. Առողջապահութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարներու շրջաբերականներուն եւ Լեռնալիբանանի նահանգապետի թիւ 116 որոշումին (11 մարտ, 2020),

. «Քորոնա» ժահրի առնչութեամբ միջոցառումներու պետական յանձնախումբի որոշումներու վրայ, կու տայ հետեւեալ որոշումները.

Ա.- Քաղաքապետարանի այն վարչութիւնները եւ բաժանմունքները, որոնք ուղղակի կապ ունին քաղաքացիներուն հետ, կը դադրին քաղաքացիներ ընդունելէ եւ փակ կը մնան: Անոնք աշխատանքի կը վերսկսին երկուշաբթի, 23 մարտ 2020-ին:

Բ.- Վերոյիշեալ տնօրինումէն զերծ կը մնան հանրային առողջապահութեան, հանրօգուտ աշխատանքներու, ոստիկանութեան եւ գիշերապահներու բաժանմունքները, որոնք կը շարունակեն գործել սովորականին պէս:

Գ. Ակումբներէն, զբօսավայրերէն, խաղավայրերէն, ճաշարաններէն, սրճարաններէն, կլկլակի վաճառատուներէն, մանկամսուրներէն եւ ժամանցի վայրերէն կը պահանջուի ցնոր տնօրինութիւն գործադրել բոլորովին փակ մնալու որոշումը, եւ վերաբացումի համար սպասել պատկան մարմիններու թոյլտուութեան, նաեւ կ՛արգիլուին ամէն տեսակի հաւաքները:

Դ.- Այն հաստատութիւնները, որոնք բացառուած են փակ մնալու որոշումէն, պարտին գործադրել նախազգուշական առաւելագոյն միջոցառումները` պաշտպանելու համար իրենց պաշտօնեաներն ու յաճախորդները:

Ե.- Բոլոր քաղաքացիներէն կը պահանջուի տունը մնալ, միայն անհրաժեշտութեան պարագային շրջագայիլ եւ հետեւիլ մաքրութեան ու նախազգուշութեան միջոցառումներուն, զորս կը հաղորդեն լրատուական միջոցները:

Զ.- Քաղաքացիները անհրաժեշտութեան պարագային կրնան որեւէ ատեն հաղորդակցիլ քաղաքապետարանին հետ 01/260155 եւ 01/256402 թիւերուն, որպէսզի անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կատարուին:

Եզրափակելու համար,

Յարգարժան քաղաքացիներուն եւ բնակիչներուն կը յիշեցնենք, որ խուճապն ու տարաձայնութիւններու սփռումը կը ծառայեն միայն կրկնապատկելու եւ վատթարացնելու դժուարութիւններն ու վնասները:

Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը զերծ է պատասխանատուութենէ, այլ` բոլորս պարտաւոր ենք զգուշաւոր եւ կանխարգիլող միջոցներու դիմել. ասիկա ազգային եւ բարոյական պարտաւորութիւն է:

Հետեւաբար, Պուրճ Համուտի քաղաքապետը կը հաւաստէ, որ քաղաքապետարանը կը շարունակէ ծառայել քաղաքացիներուն եւ բնակիչներուն, եւ դիմել ամէն միջոցի, որ կը պահպանէ անոնց առողջութիւնը. ուստի անոնցմէ կը խնդրէ գործակցիլ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ցուցաբերել, որպէսզի մեր ընկերութիւնն ու հայրենիքը դուրս գան այս տագնապէն:

ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ

Պուրճ Համուտ
13 մարտ 2020

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.