Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Արտակարգ Դրութիւն «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 52-ի

Մարտ 17, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի կառավարութեան 16 մարտի արտակարգ նիստին, զոր վարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ընդունուեցաւ օրակարգին վրայ ներառուած որոշման նախագիծը` «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին»: Որոշման ընդունումը պայմանաւորուած է աշխարհին ու Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման դէպքերով եւ այդ վարակը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավարին կողմէ 13 մարտին համաճարակ որակելու հանգամանքով:

Ըստ այդմ, կառավարութիւնը որոշեց Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին 16 մարտ 2020-ի ժամը 18:30-էն սկսեալ մինչեւ 14 ապրիլ 2020, ժամը 17:00-ը յայտարարել արտակարգ դրութիւն: Արտակարգ դրութեան իրաւական դրութիւնը ապահովող ուժերու եւ միջոցներու միասնական ղեկավարումը իրականացնելու նպատակով պիտի ստեղծուի պարէտատուն, որուն ղեկավարման համար պարէտ պիտի նշանակուի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան:

Կառավարութեան որոշումով, Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին կ՛արգիլուին հաւաքներն ու գործադուլերը, կը դադրեցուին պետական, համայնքային եւ ոչ պետական հանրակրթական, նախնական մասնագիտական, միջին մասնագիտական եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ, արտադպրոցական դաստիարակութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ գործող միջազգային ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսումնական գործընթացը, բացի հեռավար ուսուցումէն:

Նիստի աւարտին Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ եւ քննարկած «Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած վիճակը:

Նշենք, որ երէկ ուշ գիշերուան տուեալներով Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւնը հասաւ 52-ի:

5 Ապրիլի Սահմանադրական Հանրաքուէն Պիտի Յետաձգուի

5 ապրիլին նախատեսուած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն պիտի յետաձգուի: Այս մասին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` Ազգային ժողովի յատուկ նիստին` ի պատասխան «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Արուսեակ Ջուլհակեանի հարցումին:

Վարչապետը նշեց, որ արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ կարելի չէ հանրաքուէ կատարել: Ան ըսաւ, որ արտակարգ դրութեան աւարտէն ոչ առաջ քան 50 օր եւ ոչ ուշ քան 60 օրուան ընթացքին պիտի կատարուի հանրաքուէ:

Այդ կը նշանակէ, որ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ 24 յունիսէն մինչեւ 4 յուլիս երկարող ժամանակաշրջանին:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Դիմումը` Հայաստանի Քաղաքացիներուն Եւ Կառավարութեան

Յաջորդը

Աշխարհի Ամէնէն Հարուստ Մարդիկը Տարեսկիզբէն Ի Վեր Գրեթէ 1 Եռիլիոն Տոլար Կորսնցուցած Են

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?