Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Յայտարարութիւնը` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախարարներու Հանդիպումին Մասին
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները միացեալ յայտարարութիւն հրապարակեցին` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն ունեցած հանդիպումին մասին: Անիկա հրապարակուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները վերահաստատեցին տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ կողմերուն աջակցելու եւ լուծման հոլովոյթի հաւատարմութեան ու գաղտնապահութեան սկզբունքին հանդէպ իրենց լիակատար յանձնառութիւնը: «28-30 յունուարին Ժընեւի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի...




















