Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Խօսքը` Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Ստեղծած Իրավիճակին Առնչութեամբ

Մարտ 17, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ողջունեց Հայաստանի կառավարութեան որոշումը արտակարգ դրութիւն յայտարարելու վերաբերեալ` զայն նկատելով Հայաստանի համար շատ լուրջ մարտահրաւէր:

Դիտել տալով, որ այս մարտահրաւէրը միայն Հայաստանինը չէ, այլ համայն աշխարհինը` նախագահը անդրադարձաւ «Քորոնա»-ի դէմ պայքարի հիմնական սկզբունքներուն.

«Սկզբունքներէն առաջինը` կառավարութիւնը, մեզմէ իւրաքանչիւրը, պետութիւնը պէտք է ունենայ յստակ ռազմավարութիւն, թէ ինչպէ՛ս պիտի պայքարի ժահրին դէմ, պետական կառոյցները, գործարարները, հասարակական կազմակերպութիւնները իրենց ծրագիրը պէտք է ունենան:

Երկրորդ շատ կարեւոր սկզբունքը հետեւեալն է` մենք բոլորս պէտք է ըլլանք կազմակերպուած եւ կարգապահ, շատ աւելին, քան եղած ենք մինչեւ այսօր: Պայքարի հիմնական ձեւը կազմակերպուած, կարգապահ յարաբերութիւններն են: Քանի որ չկայ դեղ, որ կարելի է օգտագործել, շատ յստակ պայքարի ձեւ կայ` նուազագոյնի բերել մարդկային յարաբերութիւնները, ուղղակի կապերը: Ժահրային հիւանդութիւնները յաղթահարելի են ժամանակի մէջ, տարածութեան մէջ: Վստահաբար, այդ մարտահրաւէրը վտանգաւոր է: Այսօր ես, մասնաւորապէս, շատ անհանգիստ եմ մեր տարեց հայրենակիցներու առողջութեան համար, քանի որ անոնք խոցելի են, եւ նաեւ անոնց համար, որոնք այս կամ այն պատճառով առողջական խնդիրներ ունին:  Սակայն, կը կրկնեմ. յաղթահարելու համար պէտք է ե՛ւ յստակ ռազմավարութիւն, ե՛ւ յստակ կազմակերպուածութիւն, ե՛ւ կարգապահութիւն: Մանաւանդ հիմա յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն: Հետեւաբար, կան կանոններ, որոնց պէտք է ենթարկուիլ, եւ կանոններ, որոնք պէտք է պահպանել` նախ եւ առաջ, ձեր սեփական առողջութեան համար, ձեր հարազատներու եւ մեր ամբողջ հասարակութեան, ժողովուրդին առողջութեան համար:

Եւ վերջապէս երրորդը, որ կը կարծեմ շատ պարզ է եւ խորիմաստ. անիկա կը կոչուի պատասխանատուութիւն, պատասխանատուութիւն բոլորիս համար: Ըլլալ պատասխանատու` սկսեալ հանրապետութեան նախագահէն, կառավարութենէն, Ազգային ժողովէն, հասարակական կազմակերպութիւններէն մինչեւ քաղաքական կազմակերպութիւններ, գործարարներ, տնտեսութիւն վարող անձեր, մեզմէ իւրաքանչիւրը… Ժամանակն է, որ մենք ո՛չ միայն ուշադրութեամբ հետեւինք «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին, այլեւ վերլուծենք համաշխարհային ընթացքը», յայտնեց ան:

Նախագահը յիշեց, որ այս մասին զրուցած է նաեւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնին հետ: Եզրափակելով` նախագահ Արմէն Սարգսեան առողջութիւն, հանգստութիւն, վստահութիւն մաղթեց բոլորին եւ յատուկ շնորհակալութիւն` առողջապահութեան ոլորտի աշխատողներուն, բժիշկներուն, հիւանդապահներուն, առողջապահութեան կազմակերպիչներուն, որոնք կը կատարեն պետական, ազգային եւ մարդկային պարտաւորութիւն:

 

 

Նախորդը

Հայաստան – Ռուսիա. Երկու Շաբաթով Կը Սահմանափակուի Ուղեւորներու Փոխադրութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Դիմումը` Հայաստանի Քաղաքացիներուն Եւ Կառավարութեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?