Համաշխարհային համաճարակի ձեւաչափով մարդկութեան ներկայացած «Քորոնա» ժահրէն անմասն կարելի չեղաւ պահել Լիբանանը, ուր մարդիկ հետզհետէ սկսած են լուրջ վերաբերում ցուցաբերել այդ ժահրին դէմ պայքարելու միջոցառումներուն հանդէպ:
Համաշխարհային գետնի վրայ «Քորոնա» ժահրին տարածումին դէմ կանխարգիլման տարբեր միջոցառումներու որդեգրման շրջագիծին մէջ Լիբանան իր կարգին սկսաւ դիմել համախմբումները արգիլելու եւ քաղաքները շրջափակելու քայլերուն:
Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետարանները անմասն չմնացին այս միջոցառումները որդեգրելէ եւ անոնք դիմեցին շարք մը նախաձեռնութիւններու:
Զոյգ քաղաքապետութիւններուն այս աշխատանքին մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու եւ իր ընթերցողները այդ աշխատանքին մասին իրազեկ պահելու նպատակով «Ազդակ» երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի հետ:
Մ. Պօղոսեան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը եղաւ այն առաջին քաղաքապետութիւններէն, որ անմիջապէս որոշումներ կայացուց եւ գործնական քայլերու ձեռնարկեց Պուրճ Համուտի կառոյցները հականեխելու, վաճառատուները փակելու, ինչպէս նաեւ համախմբումները արգիլելու իմաստով:
Մ. Պօղոսեան յայտնեց, որ իբրեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ, հիմնուելով` քաղաքապետարաններու օրէնքին (հրամանագիր թիւ 118 – 30/6/1977) մանաւանդ հանրային առողջութեան վերաբերող թիւ 74 յօդուածին, նախարարաց խորհուրդի թիւ 42 որոշումին (11 մարտ, 2020), առողջապահութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարներու շրջաբերականներուն եւ Լեռնալիբանանի նահանգապետի թիւ 116 որոշումին (11 մարտ, 2020), եւ «Քորոնա» ժահրին առնչութեամբ միջոցառումներու պետական յանձնախումբի որոշումներուն վրայ, տուած է հետեւեալ որոշումները.
Ա.- Քաղաքապետարանի այն վարչութիւնները եւ բաժանմունքները, որոնք ուղղակի կապ ունին քաղաքացիներուն հետ, կը դադրին քաղաքացիներ ընդունելէ եւ փակ կը մնան:
Բ.- Վերոյիշեալ տնօրինումէն զերծ կը մնան հանրային առողջապահութեան, հանրօգուտ աշխատանքներու, ոստիկանութեան եւ գիշերապահներու բաժանմունքները, որոնք կը շարունակեն գործել սովորականին պէս:
Գ. Ակումբներէն, վաճառատուներէն, զբօսավայրերէն, խաղավայրերէն, ճաշարաններէն, սրճարաններէն, կլկլակի վաճառատուներէն, մանկամսուրներէն եւ ժամանցի վայրերէն կը պահանջուի ցնոր տնօրինութիւն գործադրել բոլորովին փակ մնալու որոշումը, եւ վերաբացումի համար սպասել պատկան մարմիններու թոյլտուութեան, նաեւ կ՛արգիլուին ամէն տեսակի հաւաքները:
Դ.- Բոլոր քաղաքացիներէն կը պահանջուի տունը մնալ, միայն անհրաժեշտութեան պարագային շրջագայիլ եւ հետեւիլ մաքրութեան ու նախազգուշութեան միջոցառումներուն, զորս կը հաղորդեն լրատուական միջոցները:
Ե.- Քաղաքացիները անհրաժեշտութեան պարագային կրնան որեւէ ատեն հաղորդակցիլ քաղաքապետարանին հետ 01/260155 եւ 01/256402 թիւերուն, որպէսզի անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կատարուին:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետը ընդգծեց խուճապի չմատնուելու եւ տարաձայնութիւններով չտարուելու կարեւորութիւնը, որպէսզի տիրող արդէն դժուար կացութիւնը աւելի չվատթարանայ եւ դժուարութիւնները չկրկնապատկուին:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը ձեռնարկեց նաեւ շրջանին ակումբները, եկեղեցիները, մզկիթներն ու շարք մը այլ կառոյցներ հականեխելու աշխատանքին:
Հականեխումի աշխատանքները ներառեցին «Սարդարապատ», «Արագած», «Ռուբէն», «Սերոբ Աղբիւր» եւ «Ազիրեան» ակումբները, «Աբօ Աշճեան» եւ «Շաղզոյեան» կեդրոնները, «Ճինիշեան» հաստատութիւնը, Ազգային առաջնորդարանը, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան նախկին քոլեճը, Սրբոց Վարդանանց, Ս. Աստուածածին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Փրկիչ, Մար Տումեթ, Մար Եուսեֆ, Թարաքքի, Սալիպ, Սայիտաթ Պշարա եկեղեցիները, «Ֆարհաթ» մզկիթը, Ներքին ապահովութեան ուժերու ոստիկանատունը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին մէջ գտնուող լիբանանեան բանակին զօրանոցն ու Ընդհանուր ապահովութեան կեդրոնը, ինչպէս նաեւ Քարանթինայի ձկնորսներու համագործակցականը:
Իր կարգին, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու միջոցառումներուն շրջագիծին մէջ Այնճարի քաղաքապետութիւնը ձեռնարկած է հականեխումի արշաւի մը, որ ընդգրկեց շրջանի եկեղեցիները, դարմանատուները, պետական կառոյցներն ու ակումբները, ՀՄԸՄ-ի ակումբը, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տունը, ինչպէս նաեւ դպրոցները եւ հաւաքավայրերը:
Վ. Խօշեան հաստատեց, որ քաղաքապետութիւնը անցեալ չորեքշաբթի օրուընէ արդէն իսկ սկսած է հականեխումի այս արշաւին եւ օրական դրութեամբ կը կատարէ զայն:
Ան հաստատեց, որ այսօր առաւօտեան քաղաքապետարանը պիտի սկսի հականեխել նաեւ Այնճարի հիմնական փողոցները:
Այնճարի քաղաքապետը ընդգծեց, որ քաղաքապետութիւնը շրջանի նահանգապետէն շրջաբերական մը ստացած է վաճառատուները փակելու իմաստով: Ան աւելցուց, որ գիւղաքաղաքին մէջ բաց են միայն դեղարաններն ու սննդամթերքի վաճառատուները, որոնց դիմաց կամ կողքին համախմբումներ նկատելու պարագային քաղաքապետարանի ոստիկանութիւնը կը ցրուէ զանոնք:
Վ. Խօշեան շեշտեց, որ չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերուն ընթացքին կատարուող Արեւագալի եւ Հսկումի ժամերգութիւնները առցանց պիտի սփռուին` հաւատացեալներուն խիտ համախմբումին առաջքը առնելու եւ միաժամանակ զանոնք եկեղեցական արարողութիւններուն հաղորդ պահելու համար:
Վ. Խօշեան յայտնեց, որ քաղաքապետարանը գիւղաքաղաքի բնակիչներուն պէտք եղած ցուցմունքները տուած է, ինչպէս նաեւ որմազդներ տեղադրած է թաղերուն մէջ` նախազգուշութիւններու առումով, որոնցմէ են տունը մնալու անհրաժեշտութիւնը, ձեռքերը մնայուն կերպով լուալու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան նախարարութեան եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ցուցմունքներուն յանձնառու մնալու յանձնառութիւնը:
Վ. Խօշեան հաստատեց, որ Այնճարի քաղաքապետութիւնը, գործակցութեամբ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան եւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աղթամար» մասնաճիւղին, նախազգուշացման բոլոր միջոցառումներուն կը դիմէ եւ աչալուրջ կերպով կը հետեւի կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու:
Զոյգ քաղաքապետները հաստատեցին, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի պատասխանատու է, իսկ մնացեալ բոլորը պարտաւոր են զգուշաւոր եւ կանխարգիլող միջոցներու դիմել, որովհետեւ ատիկա ազգային եւ բարոյական պարտաւորութիւն է:
Անոնք ընդգծեցին, որ քաղաքապետարանները կը շարունակեն ծառայել քաղաքացիներուն ու բնակիչներուն եւ դիմել ամէն միջոցի, որ կը պահպանէ անոնց առողջութիւնը. ուստի անոնցմէ խնդրեցին գործակցիլ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ցուցաբերել, որպէսզի մեր ընկերութիւնն ու հայրենիքը դուրս գան այս տագնապէն: