«Քորոնա» ժահրին տարածումը շրջանին մէջ կանխարգիլելու համար ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէն երէկ` երկուշաբթի, 16 մարտ 2020-ին սկսաւ շրջանի հասատատութիւններուն հականեխումը, եւ եկող օրերուն պիտի ընդարձակէ ծիրը` հականեխելու ամբողջ շրջանը:
ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէն շրջանի բնակչութեան ուշադրութեան կը յանձնէ կարգ մը կէտեր, մեկնելով ընդհանուր ապահովութեան սկզբունքէն, նախ եւ առաջ բնակչութեան ըսելու, որ առանց ծնողներու ընկերակցութեան 16 տարեկանէն վար պատանիներու շրջագայութիւնը արգիլուած է շրջանին մէջ: Առ այդ, այդ տարիքի պատանիները պէտք է պահել բնակարաններուն մէջ: Պէտք է շեշտել նաեւ, որ առաւելագոյն չափով պէտք է հեռու մնալ փոխադարձ այցելութիւններէն եւ բազմամարդ հաւաքներէն:
Կոմիտէն կը տեղեկացնէ, որ սկսած է շրջանը հերթական դրութեամբ հականեխելու աշխատանքներուն, գործակցութեամբ Ժտէյտէի քաղաքապետական խորհուրդին: Իսկ շրջանին մէջ գործող բոլոր հաստատութիւնները անխտիր երեկոյեան ժամը 8:00-ին պէտք է փակեն իրենց դռները:
Ինչ կը վերաբերի մատրան եւ ակումբին, ապա ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէն կը տեղեկացնէ, թէ մատրան մէջ հոգեւոր արարողութիւններու մասնակցութեան ընթացքին պէտք է պահել կանխարգիլման համար ճշդուած կարգերը, իսկ ակումբի սրահը այս փուլին տրամադրելի չէ որեւէ բնոյթի հաւաքներու: