Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը Հիւրընկալեց  ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամները

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը Հիւրընկալեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամները

ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ 21 փետրուարին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամները` Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի գլխաւորութեամբ, հիւրընկալեցին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, որոնց հետ քննարկեցին օրակարգային շարք մը հարցեր: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնին ներկայացուց Արցախի մէջ եւ անոր շուրջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները: Քննարկուեցան նաեւ Արցախի նախընտրական...

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

Երեւանի Եւ Ստեփանակերտի Մէջ Պիտի Գումարուի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Խորհրդաժողով

24-28 փետրուարին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ պիտի գումարուի ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողով` Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդին կազմակերպութեամբ: Խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին Հայ դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէ եւ գրասենեակներէ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէ շուրջ 50 ներկայացուցիչներ: Խորհրդաժողովի օրակարգը կը վերաբերի Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքներու բոլոր մարզերուն` Արցախի տագնապէն մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում,  հատուցումներ, Թուրքիա-Ազրպէյճան...

Նիկոլ Փաշինեան. «Հաւատարիմ Ենք Այն Պայքարին,  Որն Անշրջելի Է Դարձնելու  Արցախի Ազատութեան Ճանապարհը»

Նիկոլ Փաշինեան. «Հաւատարիմ Ենք Այն Պայքարին, Որն Անշրջելի Է Դարձնելու Արցախի Ազատութեան Ճանապարհը»

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Արցախի Վերածնունդի օրուան առիթով` զայն նկատելով պատմական: «1988-ի այս օրը ԼՂԻՄ-ի Մարզային խորհուրդը որոշում ընդունեց մտնել Հայաստանի կազմին մէջ, ինչին իր լիարժէք աջակցութիւնը յայտնեց ոչ միայն Հայաստանի ժողովուրդը, այլեւ` ողջ աշխարհի համայն հայութիւնը: «1988 թուականի փետրուարի 20-ի իրադարձութեամբ ձեւաւորուած համաժողովրդական շարժմամբ հայ ժողովուրդը կրկին անգամ ցոյց տուեց իր միասնութիւնը, կարեւորագոյն պահերին որպէս...

Ապագայ Լրագրողներու  Վարժողական Ծրագիր (20) .  Ինչպէս Պատրաստել Միջազգային  Եւ Շրջանային Լուրերը

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (20) . Ինչպէս Պատրաստել Միջազգային Եւ Շրջանային Լուրերը

Լրագրութեան վարժողական ծրագիրը երէկ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ, երեկոյեան ժամը 6:30-ին: «Ազդակ»-ի միջազգային եւ շրջանային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան անդրադարձաւ լուրերու ընտրութեան մէջ որդեգրուած ձեւերուն եւ չափանիշերուն, ինչպէս նաեւ թերթին քաղաքականութեան համապատասխան նկատուող լուրերուն: Վ. Էմմիեան նշեց, որ լուրերու պատրաստութեան ընթացքին անպայման նկատի կ՛առնուին Լիբանանի եւ Հայաստանի մերձակայ երկիրները, ինչպէս նաեւ անպայմանօրէն անդրադարձ կը կատարուի միջազգային կշիռ ներկայացնող լուրերուն:...

Խմբագրական.  Խաղաղութեան Նախապատրաստութեան  Ձեւաչափի Ճշդումները

Խմբագրական. Խաղաղութեան Նախապատրաստութեան Ձեւաչափի Ճշդումները

Արցախեան շարժման մեկնարկի հերթական նշումը բնականաբար կը կեդրոնանայ հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ զարգացող իրադարձութիւններուն վրայ: Բանակցային տարբեր փուլեր` մինչեւ Ժընեւ ու Միւնիխ, գետնի վրայ որեւէ տեղաշարժ չեն ապահոված հիմնական հանգուցալուծման առումով: Յայտարարութիւններ, տարբեր մեկնաբանութիւններ, շեշտադրումներու փոփոխութիւններ, բանակցային սկզբունքներու մասնակի մերժումներ` կողմերը առաջադրուած բեկումնային պահը ստեղծելու ընդառաջ որեւէ հասարակ յայտարար չեն ընդգծեր: Հայկական առումով նոր բանաձեւը, առնչուած երեք կողմերու ժողովուրդներու համաձայնութեան, պայմանականութիւնն...

Փետրուարեան Ապստամբութեան 99-ամեակին  Նշում Եւ Երդման Արարողութիւն

Փետրուարեան Ապստամբութեան 99-ամեակին Նշում Եւ Երդման Արարողութիւն

Փետրուարեան ապստամբութեան 99-ամեակին առիթով 19 փետրուարին Երեւանի Անգլիական այգիին մէջ տեղի ունեցաւ նախաձեռնութիւն մը, որուն ընթացքին խօսք առաւ Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի դասախօս, փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեան: 1921-ին Երեւանի բանտին մէջ կացինահարուածներուն յիշատակին նուիրուած յուշարձանին մօտ ամէն տարի տեղի ունեցող միջոցառման ներկայ էին ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէութեան ներկայացուցիչները, մտաւորականներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, սփիւռքէն Հայաստան գտնուող հայրենակիցները եւ այլն: «Հայ...

Նախագահ Բակօ Սահակեանը Ընդունած Է  Հայաստանի Ընդհանուր Դատախազը

Նախագահ Բակօ Սահակեանը Ընդունած Է Հայաստանի Ընդհանուր Դատախազը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը 19 փետրուարին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազ Արթուր Դաւթեանը: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութենէն կը հաղորդեն, թէ հանդիպումին, որուն մասնակցած է Արցախի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազի պաշտօնակատար Արամայիս Աւագեանը, քննարկուած են հայկական երկու հանրապետութիւններու համապատասխան նախարարութիւններու փոխգործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:  

Նախարար Զոհրաբ Մնացականեան Հանդիպում Ունեցաւ Թոյվօ Քլաարին Հետ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեան ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը: Զրուցակիցները անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ լուծման գործընթացին եւ այս ծիրին մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումներուն: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստման շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն իրական բովանդակութիւն հաղորդելու անհրաժեշտութիւնը: Այս պարունակին մէջ արտաքին գործոց նախարարը յատկապէս կարեւոր նկատեց, ղեկավարներու մակարդակով, իրենց...

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի  Հանդիպումը` Երիտասարդներուն  Եւ Ուսանողներուն Հետ

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Հանդիպումը` Երիտասարդներուն Եւ Ուսանողներուն Հետ

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, երէկ` չորեքշաբթի, 19 փետրուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու եւ ուսանողներու հանդիպում Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի հետ, որ ներկայացուց նախարարութեան ծրագիրները: Հանդիպումը առիթ եղաւ քննարկելու երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան բնագաւառին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները: Հանդիպումին ներկայ էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան,  լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ,...

Գառնիի Մէջ Նշուեցաւ Փետրուարեան  Ապստամբութեան Տարեդարձը

Գառնիի Մէջ Նշուեցաւ Փետրուարեան Ապստամբութեան Տարեդարձը

«Այսօր այն օրն է, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան ազատագրութեան մասնակցած եւ Առաջին հանրապետութիւնը կերտածները ապստամբեցան եւ կրցան վերահաստատել հայ ժողովուրդին ազատ ապրելու իրաւունքը. 99 տարի առաջ այս օրը պոլշեւիկեան լուծին տակ առկայ պայմաններուն մէջ կազմակերպուեցաւ ապստամբութիւն մը, զոր պոլշեւիկները կը բնութագրէին իբրեւ «արկածախնդրութիւն», իսկ իրականութեան մէջ անիկա ազատագրական ապստամբութիւն էր, որովհետեւ բռնութիւնները եւ դաժան վերաբերմունքը խորհրդային կարգերու հաստատման պահէն տիրած էին...

Վարչապետ Փաշինեան Եւրոպական Միութեան  Յատուկ Ներկայացուցիչին Հետ Քննարկեց  Ղարաբաղեան Տագնապին Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Փաշինեան Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչին Հետ Քննարկեց Ղարաբաղեան Տագնապին Վերաբերող Հարցեր

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորին: Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքէն եւ նշեց, որ երկկողմանի փոխգործակցութիւնը կը կրէ եռուն բնոյթ: Ան նշեց, որ Հայաստան ներկայիս կը գտնուի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի կայացման փուլին մէջ,...

Դաւիթ Իշխանեան Եւ Բենիամին  Պչաքճեան Այցելեցին Արիաւան

Դաւիթ Իշխանեան Եւ Բենիամին Պչաքճեան Այցելեցին Արիաւան

ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Դաշնակցութեան առաջադրած նախագահական թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանն ու ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, ԱՌԻ  կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ Բենիամին Պչաքճեանը 17 փետրուարին այցելած են Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր վարչակեդրոն, հանդիպում ունեցած շրջանային վարչակազմի ղեկավար Ստեփան Սարգսեանի հետ, որմէ ետք ԱՌԻ հիմնադրամի միջոցներով Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Արիաւան բնակավայրին մէջ կառուցուող 12 առանձնատուներու շինարարական աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով այցելած են...

Ուքրանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արձանագրուեցաւ  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն  Յիշատակը Յարգելու Որոշման Նախագիծ

Ուքրանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արձանագրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Յիշատակը Յարգելու Որոշման Նախագիծ

Ուքրանիոյ խորհրդարանին մէջ արձանագրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու մասին որոշման նախագիծ: Այս մասին հաղորդեց «Արմէնփրես»-ը, որ դիտել տուաւ, թէ իշխող Ժողովուրդի ծառայ կուսակցութենէն Ուքրանիոյ ժողովրդական պատգամաւոր Տարյա Վոլոտինայի օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգելու վերաբերեալ, արձանագրուած է 14 փետրուարին: Ուքրանիոյ հայերու միութեան ղեկավար Վիլեն Շատւորեան իր մեկնաբանութեան մէջ պատգամաւորին նախաձեռնութիւնը կարեւոր քայլ նկատեց` նշելով, որ ատիկա կը...

Օսման Քաւալան Երէկ Առաւօտուն  Ազատ Արձակուեցաւ, Երեկոյեան  Կրկին Ձերբակալուեցաւ

Օսման Քաւալան Երէկ Առաւօտուն Ազատ Արձակուեցաւ, Երեկոյեան Կրկին Ձերբակալուեցաւ

Երէկ` 18 փետրուարի առաւօտուն, թրքական դատարանը արդարացուց եւ ազատ արձակեց թուրք գործարար, այլախոհ մտաւորական եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող Օսման Քաւալան, բայց երեկոյեան դարձեալ անոր նկատմամբ ձերբակալման եւ բանտարկութեան որոշում տրուեցաւ: Քաւալա Թուրքիոյ մէջ գործող մտաւորականութեան տիրական դէմքերէն մէկն է, որ Թուրքիոյ մէջ խաղաղութեան, այնտեղ ապրող ազգերու միջեւ մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման, երկխօսութեան ջատագով է:

Խմբագրական.  Փետրուարեան Այժմէական Ուղերձներ (Ապստամբութեան 99-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Փետրուարեան Այժմէական Ուղերձներ (Ապստամբութեան 99-ամեակին Առիթով)

Փետրուարեան ապստամբութեան դէմ բռնատիրական կարգերու հաստատումէն անմիջապէս ետք Դաշնակցութեան հետագայ ընելիքներու ճշդման յատկացուած վերագնահատականի եւ որդեգրելի գործելակերպի քննարկման յատկացուած նիստին ընթացքին վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի ներկայացուցած զեկուցումը այժմէական առանցքներ կը ներփակէ: Մէջբերենք հետեւեալ բաժինները. «Եթէ այժմուայ պոլշեւիկները կարողանան գէթ նուազագոյն չափով գոհացնել ժողովրդին, մենք ոչ միայն խոչընդոտ չենք լինի, այլ եւ ամենաանկեղծ կերպով կը թելադրենք մեր երկրի ընկերներին օգնել նրանց...

Վարչապետ Փաշինեան Քննարկած Է  Բանակին Մէջ Մահուան Դէպքերու Պարագան

Վարչապետ Փաշինեան Քննարկած Է Բանակին Մէջ Մահուան Դէպքերու Պարագան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնակատար Էդուարդ Մարտիրոսեան, զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեան, ընդհանուր դատախազ Արթուր Դաւթեան, Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գրիգորեան, զինուած ուժերու եւ իրաւապահ մարմիններու բարձրաստիճան այլ ներկայացուցիչներ: Ըստ վարչապետին մամլոյ վարչութեան, մանրամասն անդրադարձ կատարուած է...

ՀՅ Դաշնակցութեան Ընտրական  Ցանկը` Արցախի  Հանրապետութեան Ազգային  Ժողովի Ընտրութիւններուն

ՀՅ Դաշնակցութեան Ընտրական Ցանկը` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն

ՀՅ Դաշնակցութիւնը 31 մարտ 2020-ին տեղի ունենալիք Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար ներկայացուցած է 33 հոգիէ բաղկացած ընտրական ցանկ մը` հետեւեալ անդամներէ. Իշխանեան Դաւիթ, Մոսիեան Արթուր, Բալայեան Վահրամ, Յարութիւնեան Արմինէ, Յովհաննիսեան Լեռնիկ, Շինդեան Սուրէն, Սարգսեան Ալիկ, Պետոյեան Մարինէ, Թովմասեան Սուրէն, Դաւթեան Նորայր, Աղաջանեան Սամուէլ, Գրիգորեան Ալյոնա, Նալթակեան Սամուէլ, Սուլէյմանեան Մասիս, Զաքարեան Ալիկ, Աղաջանեան Տաթեւիկ, Դաւթեան Մարատ, Լալայեան Արծուիկ,...

Երեսփոխան Բագրատունի Շնորհակալական  Նամակ Յղեց Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահին

Երեսփոխան Բագրատունի Շնորհակալական Նամակ Յղեց Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ Հայկական երեսփոխանական պլոքին, անձամբ իր ու իր ներկայացուցած ժողովրդային զանգուածին անունով շնորհակալական նամակ մը յղեց Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահին եւ խորհրդարանին` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու իր պատմական որոշումին առիթով: «Այս որոշումը խօսուն արտայայտութիւն է երկու ժողովուրդներուն` հայոց եւ սուրիացիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական խոր յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ...

Սուրիոյ Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Թուրքիա Կը Դատապարտէ Դամասկոսը Այս Որոշումին Համար

Խմբագրական . Սուրիոյ Խորհրդարանի Ճանաչումը. Պատմական Ենթահող Եւ Քաղաքական Պահ

Սուրիոյ խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը, բնականաբար, քաղաքական ժամանակահատուածի թելադրած տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ պէտք է ընկալել: Սակայն անհրաժեշտ է այս առիթով քանի մը կարեւոր հանգամանք լուսարձակի տակ առնել: Սուրիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ ընդունիլը ոչ միայն պատմական իրադրութիւններու փաստերու վրայ  հիմնուած է` այն իմաստով, որ տարագրութիւնն ու Ցեղասպանութիւնը իրականացուած են կարեւոր բաժիններով սուրիական տարածքներու վրայ, եւ թէ սուրիացի...

Միւնիխի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը

Միւնիխի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը

Շաբաթ, 15 փետրուարին Միւնիխի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կարճ հանդիպումը: Հանդիպումէն ետք Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով քննարկում` Հայաստանի վարչապետի եւ Ազրպէյճանի նախագահի մասնակցութեամբ: Քննարկումը տեւեց մօտ 45 վայրկեան, զայն վարեց «Ամերիկա-Ռուսիա» հիմնադրամի նախագահ Սելեսթա Վալանտերը: Փաշինեանը եւ Ալիեւը հանդէս եկան ելոյթներով: Աւելի ուշ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ...

Page 455 of 797 1 … 454 455 456 … 797

Արխիւներ