Փոխվարչապետ, արտակարգ դրութեան պարէտ Տիգրան Աւինեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ Երեւանի օդակայանը վայրէջք պիտի կատարէ պարէտատան նախաձեռնած յատուկ թռիչքով Չինաստանէն Հայաստան տեղափոխուող Հայաստանի պետական միջոցներու հաշուոյն ձեռքբերուած, Չինաստանի պետական մարմիններու, ինչպէս նաեւ հայ եւ չինացի բարերարներու կողմէ նուիրաբերած բժշկական սարքաւորումներու խմբաքանակը` 120 հատ թոքերու արհեստական օդափոխման սարքեր, 2 թթուածինի մատակարարման կայան, 60.000 հատ քննիչ մեքենայ, 60.000 հատ բժշկական դիմակ, 280.000 հատ պաշտպանիչ դիմակ, 20.000 հատ պաշտպանիչ ակնոց, 100.000 հատ պաշտպանիչ արտահագուստ, ինչպէս նաեւ դեղեր:
Տուեալ թռիչքով Հայաստան պիտի հասնի նաեւ օրեր շարունակ Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը բնակող Հայաստանի Հանրապետութեան երկու քաղաքացիներ, որոնք 14-օրեայ մեկուսացման դրութիւն պիտի անցընեն:
Փոխվարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Չինաստանի կառավարութեան` թռիչքի իրականացման աջակցելու համար, ինչպէս նաեւ գործընթացին մէջ ներգրաւուած նախարարութիւններուն, թռիչքը կատարող օդաչուներուն եւ Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան:
Փոխվարչապետը նաեւ հրապարակեց լուսանկարներ, որոնց մէջ կ’երեւին արկղերու վրայ չինական կողմին կատարած գրութիւնը` «Մեր բարեկամութիւնը աւելի բարձր ըլլայ, քան Արարատ լեռը եւ աւելի երկար, քան Եանցզի գետը»:
Չինաստանի Նախագահը` Հայաստանի Նախագահին. «Պատրաստ Եմ Ջանքեր Գործադրելու Մեր Ժողովուրդներու Կեանքը Պաշտպանելու Համար»
Վերջերս Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը նամակ յղած էր Չինաստան նախագահին, որուն մէջ բարձր գնահատած էր «Քորոնա» ժահրի համավարակին դէմ պայքարին մէջ Չինաստանի արձանագրած յառաջընթացը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ նախագահ Սի Ծինփինը պատասխան նամակին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սարգսեանին եւ համավարակին դէմ պայքարին մէջ Հայաստանին աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած:
«Չինաստանի կառավարութեան եւ Չինաստանի ժողովուրդին անունով անկեղծ աջակցութիւնս ու համերաշխութիւնս կը յայտնեմ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ու Հայաստանի ժողովուրդին, բոլոր հիւանդներուն կը մաղթեմ շուտափոյթ ապաքինում:
«Չինական կողմը վճռականօրէն կը պաշտպանէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին մէջ Հայաստանի ջանքերն ու պատրաստ է հետագայ աջակցութիւն ցուցաբերելու: Չինաստանն ու Հայաստանը բարեկամական գործընկերութիւն եւ համագործակցութիւն ունեցող երկիրներ են: Յատուկ ուշադրութիւն յատկացնելով երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման` պատրաստ եմ ձեզի հետ ջանքեր գործադրելու մեր երկու երկիրներու առողջապահական ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ամրապնդման համար` միասին պաշտպանելով մեր երկիրներու ժողովուրդներու կեանքն ու առողջութիւնը», նշուեցաւ Սի Ծինփինի` նախագահ Արմէն Սարգսեանին ուղղուած նամակին մէջ:
Նախագահ Սարգսեան մտադիր է յառաջիկային շարունակել քննարկումները եւ երկխօսութիւնը Չինաստանի նախագահին հետ:



