Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխան Բագրատունի Կ՛այցելէ Այնճար Եւ Զահլէ` Հետեւելու Տարուող Աշխատանքներուն Եւ Կոչով Կը Դիմէ Շրջանի Երբեմնի Բնակիչներուն` Զօրավիգ Կանգնելու Իրենց Շրջաններուն

April 10, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 9 ապրիլ 2020-ին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի կարգ մը ընկերներու, այցելեց Այնճար ու Զահլէ եւ հետեւեցաւ «Քորոնա»-ի դէմ պայքարի ծիրին մէջ տուեալ շրջաններու պատասխանատուներուն եւ կամաւոր տղոց տարած աշխատանքին:

Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամներուն հետ` ներկայութեամբ Այնճարի քաղաքապետին եւ փոխքաղաքապետին: Հանդիպման ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի մօտէն եւ մանրամասնօրէն իրազեկ դարձաւ «Քորոնա» ժահրի ճգնաժամային կացութեան մէջ կոմիտէին ցարդ տարած աշխատանքներուն` բարձր գնահատելով գիւղին մէջ առնուած քայլերը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին գիտակցութիւնն ու գործակցութիւնը, որոնց շնորհիւ կարելի է պայքարը յաջողցնել:

Հանդիպման աւարտին Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ Այնճարի մէջ կացութիւնը կարելի եղաւ հակակշիռի տակ առնել, երբ փակուեցան գիւղի երկրորդական մուտքերը, գիւղը հականեխուեցաւ, գիշեր եւ ցերեկ Այնճարի անվտանգութեան հսկողներ կան արդէն, քայլերու դիմուեցաւ, որպէսզի ամէն տեսակի անպատեհութիւններու առաջքը առնուի: Ան շեշտեց, որ, հակառակ վերջին շրջանին Լիբանանի ապրած ծանր կացութեան, որ արդէն իսկ կը ճնշէր ժողովուրդի ուսերուն, եւ որ աւելի եւս վատթարացաւ «Քորոնա»-ի տագնապին պատճառով, շրջանի պատասխանատուները իրենց կարելին կ’ընեն հասնելու բոլոր կարիքաւորներուն: Այս առիթով երեսփոխան Բագրատունի սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց գործի վրայ եղող բոլոր անձերուն` շեշտելով, որ Այնճարը այսօր կարիք ունի աւելի լաւ վիճակի մէջ եղող մուսալեռցիներուն զօրակցութեան` Լիբանանի մէջ գտնուին անոնք, թէ արտասահման, որպէսզի կարենայ յաղթահարել այս մարտահրաւէրը եւս:  Ան շեշտեց, որ այսօր աւելի քան երբեք մէկութեան, միասնականութեան կարիք կայ, իսկ այս պայմաններուն մէջ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս բոլոր մուսալեռցի-այնճարցիները աւելիով պարտաւոր պէտք է զգան Այնճար բնակող իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն օգտակար դառնալու:

Երեսփոխան Բագրատունի խօսքը աւարտեց հաստատելով. «Գիւղը ամուր է իր ակումբով, եկեղեցիներով, միութիւններով եւ դպրոցներով, իր քաղաքապետութեամբ, բայց գիւղը ամուր է մանաւանդ իր բնակիչներով, իսկ այդ ամրութեան պէտք է զօրակցին նաեւ Այնճարէն դուրս ապրող բոլոր մուսալեռցիները»:

Զահլէի մէջ պատասխանատուներուն հետ տեսակցելէ եւ շրջանի վիճակին ու տարուած աշխատանքներուն ընթացքին ծանօթանալէ ետք, Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ երբեք փափաքած են այցելել Զահլէի եւ Ժալալայի ակումբներ, ուր մեր տղաքը, միութենականները, ընկերները, հակառակ դժուար պայմաններուն, կը հետեւին «Տո՛ւնը մնացէք, մենք կը հասնինք ձեզի» կարգախօսին եւ իրենց կարելին կ’ընեն օգտակար դառնալու բոլոր հայորդիներուն անխտիր` առանց կուսակցական, միութենական եւ յարանուանական պատկանելիութեան: Ան շեշտեց, որ, թէեւ Զահլէն, Թաալապայան, Ռայաքը եւ Ժալալան մայրաքաղաքի շրջաններէն հեռու են, սակայն անոնց հետ միշտ ալ եղած է ու կայ հոգիի կապ, հայու կապ իր հայ եղբօր հետ, ինչ որ աւելի զօրաւոր կը դարձնէ բոլորս: Յակոբ Բագրատունի ուրախութիւն յայտնեց, որ այս ծանր պայմաններուն մէջ իսկ պատասխանատուները իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը հասնին շրջանի հայորդիներուն, որպէսզի անոնք հեռու մնան «Քորոնա»-ի վտանգէն: Ան շեշտեց, որ այս պայքարին մղիչ ուժ պէտք է հանդիսանան այն հայորդիները, որոնք օրին եղած են տուեալ շրջաններու բնակիչ, հոն կը գտնուին իրենց ծնողներուն կամ մեծ ծնողներուն գերեզմանները, հոգեկան կապուածութիւն ունին, որովհետեւ այսօր կարիքները այնքան մեծ են, որ անհրաժեշտ է իւրաքանչիւրին ներդրումը, որպէսզի կարելիութիւն ըլլայ հասնիլ բոլորին:

Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ, ճիշդ է, կարելիութիւնները մեծ չեն, սակայն ձեռք-ձեռքի տալով, կողք-կողքի կանգնելով կարելի է ծառանալ համաճարակին դէմ: Ան կոչ ուղղեց շրջանի հայորդիներուն` որեւէ կարիքի պարագային դիմելու եկեղեցի, ակումբ, միութենականներուն եւ պատասխանատուներուն, որոնք պիտի հասնին բոլորին: Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ այսօր պայքարը աներեւոյթ թշնամիին դէմ է, բոլորս անխտիր ենթակայ ենք անոր վտանգին, ուստի բոլորս մեր միջոցներով պէտք է օժանդակենք մեր շրջաններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողութեամբ եւ անվնաս դուրս գալ այս բոլորէն:

Նախորդը

Տարբեր Զատիկը

Յաջորդը

Ֆահմի. «Բանտերէն Եւ Ոստիկանատուներու Արգելարաններէն 606 Արգելափակեալ Ազատ Արձակուած Են, Իսկ Յատուկ Պարագաներու Ներում Շնորհելու Աշխատանքը Լուրջ Ընթացքի Մէջ Է»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.