Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցութեան 130-ամեակի  Պաշտօնական Հանդիսութիւն Արցախի Մէջ

Դաշնակցութեան 130-ամեակի Պաշտօնական Հանդիսութիւն Արցախի Մէջ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 130-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկներուն ազդանշանը տրուեցաւ Արցախէն` Շուշիի մշակոյթի տան մէջ 25 փետրուարին կազմակերպուած հանդիսութեամբ, որուն ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի, Հայ դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու եւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչներ, պետական այրեր ու հրաւիրեալներ: Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Արցախի Հանրապետութեան պետական օրհներգով եւ Դաշնակցութեան քայլերգով: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անցած ուղին, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ու պետականութեան կերտման առումով...

Դաշնակցութիւնը Իր Քարոզարշաւին  Մեկնարկը Կը Կատարէ Սահմանէն

Դաշնակցութիւնը Իր Քարոզարշաւին Մեկնարկը Կը Կատարէ Սահմանէն

Արցախի Հանրապետութեան համապետական ընտրութիւններու քարոզարշաւի մեկնարկը ՀՅԴ-ի պատգամաւորի թեկնածուները` նախագահական թեկնածու, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի գլխաւորութեամբ, ազդարարեցին սահմանային Մարզիլի գիւղի մերձակայքը տեղադրուած խաչքար յուշարձանէն` յարգանքի տուրք մատուցելով նահատակներուն յիշատակին: Դաշնակցութեան համամասնական ցանկը գլխաւորող Դաւիթ Իշխանեան, Արթուր Մոսիյեան, Վահրամ Բալայեան, Արմինէ Յարութիւնեան, Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Սուրէն Շինդեան եւ անոնց ընկերակցող դաշնակցական գործիչները իրենց հաւատարմութիւնը յայտնեցին ազգային ազատագրական պայքարին ընթացքին...

ՍԴՀԿ-ՀՅԴ-ՌԱԿ Միջկուսակցական Ժողով

ՍԴՀԿ-ՀՅԴ-ՌԱԿ Միջկուսակցական Ժողով

Երէկ, չորեքշաբթի, 26 փետրուարին, Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Նոր Հաճնոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ միջկուսակցական հանդիպում մը` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի միջեւ: Ներկայ էին ՍԴՀԿ-էն` ատենապետ Սեպուհ Գալփաքեան, Մարտիկ Ժամկոչեան, ՀՅԴ-էն` ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Հաւաթեան, Մելիք Գարագաւորեան եւ ՌԱԿ-էն` ատենապետ Սեւակ Յակոբեան եւ Արմէն Վայեճեան: Ժողովականները քննարկեցին լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները, ստեղծուած տնտեսական ճգնաժամը,...

Շարունակելով Իր Մարդասիրական  Եւ Հայօգնութեան Առաքելութիւնը.  ԱՖՀԻԼ Այս Տարի Եւս 150 Միլիոն Լիբանանեան  Ոսկիով Նեցուկ Կանգնեցաւ 142 Ուսանողներու,  120 Աշակերտներու Եւ Հայկական Հաստատութիւններու

Շարունակելով Իր Մարդասիրական Եւ Հայօգնութեան Առաքելութիւնը. ԱՖՀԻԼ Այս Տարի Եւս 150 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիով Նեցուկ Կանգնեցաւ 142 Ուսանողներու, 120 Աշակերտներու Եւ Հայկական Հաստատութիւններու

Տարիներու իր մարդասիրական, հայօգնութեան ծառայութեան ծիրին մէջ, աւանդութեան վերածուած քայլով մը այս տարի եւս Լիբանանահայ իրերօգնութեան սնտուկը, որ աւելի ծանօթ է ԱՖՀԻԼ անունով,  երէկ, չորեքշաբթի, 26 փետրուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի Փիւնիկ սրահին մէջ կազմակերպած իր հաւաքով դարձեալ եկաւ հաստատելու, որ նեցուկ է հայ աշակերտներուն, ուսանողներուն եւ հայկական հաստատութիւններու: Ձեռնարկին ներկայ էին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ՀՅԴ...

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ  ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու  Եւ Գրասենեակներու Խորհրդաժողով

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Խորհրդաժողով

24 փետրուարին Երեւանի մէջ սկսած ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը 25 փետրուարին իր աշխատանքները շարունակեց Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ: Արցախի մէջ խորհրդաժողովի բացման արարողութեան ներկայ էին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պաշտօնատար այլ անձեր, Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ,...

Բ. Սահակեան. «Առանց Հայ Դատի Գործուն  Մասնակցութեան` Անհնարին Է Պատկերացնել  Միջազգային Հարթակներում  Արցախի Շահերի Պաշտպանութիւնը»

Բ. Սահակեան. «Առանց Հայ Դատի Գործուն Մասնակցութեան` Անհնարին Է Պատկերացնել Միջազգային Հարթակներում Արցախի Շահերի Պաշտպանութիւնը»

Ստեփանակերտի մէջ 25 փետրուարին տեղի ունեցած ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին արտասանած խօսքը: Ուրախ եմ բոլորիդ կրկին տեսնելով Արցախում: Ձեզնից իւրաքանչիւրն ունի առանձնայատուկ վերաբերմունք Արցախի նկատմամբ եւ տարիներ շարունակ անում է հնարաւորը` նրա զարգացման եւ զօրացման համար: Մենք դա քաջ գիտակցում եւ բարձր ենք գնահատում: Ուզում եմ ջերմօրէն ողջունել ձեզ եւ նշել, որ Արցախում դուք վայելում...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Կամքի Առկայութեան  Պարագային` Նպատակը Տկարութիւն Չի Ճանչնար»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Կամքի Առկայութեան Պարագային` Նպատակը Տկարութիւն Չի Ճանչնար»

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի ելոյթը` Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին: Ահաւասիկ, ձեզի հետ են մեր Հայ դատի բանակի ներկայացուցիչները, որոնք արծուաբոյն Արցախի մէջ հաւաքուած են` շարունակելու Հայ դատի խորհրդաժողովի աշխատանքները: Անոնք եկած են մեզի հետ վերահաստատելու, որ անխոնջ կերպով պիտի աշխատին, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը մնայ յաւերժական, հզօր,...

Դ. Իշխանեան. «Դաշնակցութիւնն  Անկախութեան Գաղափարը Դարձրեց Հաւատամք»

Դ. Իշխանեան. «Դաշնակցութիւնն Անկախութեան Գաղափարը Դարձրեց Հաւատամք»

Ստեփանակերտի մէջ 25 փետրուարին տեղի ունեցած ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանին արտասանած խօսքը: Ողջունում եմ բոլորիդ մասնակցութիւնը Հայ դատի յանձնախմբերի խորհրդաժողովին, որը տեղի է ունենում մեր բոլորիս սրտի ամենազգայուն կէտում` հպարտութեան, սիրոյ, պատուի, կամքի ու յաղթանակի առանցքում` Արցախում: Պարտադիր չէ յիշեցնել, թէ ինչո՛ւ խորհրդաժողովի անցկացման վայրը ընտրուեց հէնց այստեղ. այդ հարցի պատասխանը բոլորիս...

Հյդ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Պարգեւատրուեցաւ  «Երախտագիտութիւն» Մետալով

Հյդ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Պարգեւատրուեցաւ «Երախտագիտութիւն» Մետալով

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով 25 փետրուարին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը պարգեւատրուեցաւ «Երախտագիտութիւն» մետալով` Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման վերաբերող աշխուժ գործունէութեան, Արցախ-սփիւռք կապերու ամրապնդման ու զարգացման առումով ներդրած նշանակալի աւանդին համար: Բակօ Սահակեան «Երախտագիտութիւն» մետալը յանձնեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին` Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ...

ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու  Եւ Գրասենեակներու Խորհրդաժողով  Երեւանի Մէջ

ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Խորհրդաժողով Երեւանի Մէջ

24 փետրուարին Երեւանի մէջ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցին աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ գործող Հայ դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէ եւ գրասենեակներէ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէ շուրջ 50 ներկայացուցիչներ: Համաժողովի օրակարգը կը վերաբերի Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքներու բոլոր ոլորտներուն` Արցախի տագնապէն մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում,...

Զոհրապ Մնացականեան Տեսակցեցաւ  Հայ Դատի Յանձնախումբերու  Ներկայացուցիչներուն Հետ

Զոհրապ Մնացականեան Տեսակցեցաւ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ 23 փետրուարին տեղի ունեցաւ նախարարութեան ղեկավար կազմի հանդիպումը Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն հետ: Այս մասին կը հաղորդեն նախարարութենէն: Ողջունելով յանձնախումբերու ներկայացուցիչները` նախարար Մնացականեան բարձր գնահատեց կայացումը նման ձեւաչափով հանդիպման, որ իր նպաստը պիտի բերէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր սկզբունքներէն մէկուն` համահայկականութեան արդիւնաւէտ իրականացման: Նախարարը նաեւ համոզմունք յայտնեց, որ նման ձեւաչափով հանդիպումներ կը կրեն պարբերական...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան.  «Լեռնային Ղարաբաղի  Ճանաչման Խնդիրը Հայ Դատի  Առաջնահերթութիւններէն Է»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Լեռնային Ղարաբաղի Ճանաչման Խնդիրը Հայ Դատի Առաջնահերթութիւններէն Է»

24 փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին արտասանած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ Հայաստանի սահմանին կանգնած զինուորին թիկունքը հայկական երկրորդ բանակն է` ՀՅԴ Հայ դատի ցանցը, որ աշխարհով մէկ կը պաշտպանէ հայութեան շահերը: Ան մատնանշեց այն 4 ուղղութիւնները, որոնց շեշտադրումով կ’աշխատին Հայ դատի գրասենեակները, եւ որոնք պիտի քննարկուին...

ՀՅԴ Ներկայացուցիչը Մասնակցեցաւ Թուրքիոյ  Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական  Կուսակցութեան 4-րդ Համագումարին

ՀՅԴ Ներկայացուցիչը Մասնակցեցաւ Թուրքիոյ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան 4-րդ Համագումարին

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակէն կը հաղորդեն, որ 23 փետրուարին Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) հերթական 4-րդ համագումարը, որուն մասնակցեցան հազարաւոր պատգամաւորներ, իսկ հազարաւորներն ալ զրկուեցան մասնակցելէ` Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ յարուցուած արհեստական արգելքներուն պատճառով: Համագումարի նախագահութեան անդամ էր Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան: Համագումարին մասնակցեցան տարբեր երկիրներու եւ շրջաններու կուսակցութիւններու (Ֆրանսա, Գերմանիա, Աւստրալիա, Թունուզ, Պաղեստին, Յորդանան, Մարոք,...

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Վարչապետ Տիապին

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Վարչապետ Տիապին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց վարչապետ Հասսան Տիապի: Հանդիպումի ընթացքին վարչապետը անդրադարձաւ իր կառավարութեան կողմէ կատարուող ծրագրումներուն եւ երկրի տագնապէն կարելի արագութեամբ եւ նուազագոյն վնասներով դուրս գալու աշխատանքներուն: Երեսփոխան Բագրատունի կարեւորութեամբ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է արագ քայլերու դիմել վերականգնելու համար ժողովուրդին վստահութիւնը պետութեան նկատմամբ, յատկապէս ձեռնարկելով ընկերային եւ ելեւմտական հարցերու լուծման կարծր քայլերու` փտածութեան պատասխանատուներու, պետական...

Ակնարկ.  Իտլիպը Եւ Ռուսական Արգելակները

Ակնարկ. Իտլիպը Եւ Ռուսական Արգելակները

Սուրիական բանակի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տեղաշարժերը ոչ միայն գետնի վրայ իրավիճակային փոփոխութիւն յառաջացուցած են, այլ նաեւ զգալիօրէն փոխած խաղին կանոնները: Սուրիական զինեալ ուժերը տարածքներ կը մաքրազտեն ահաբեկիչ տարրերէ  եւ կը ձգտին Իտլիպի ամբողջական ազատագրումին: Դամասկոս-Հալէպ մայրուղիի թէ Հալէպի օդակայանի վերահսկումով սուրիական պաշտօնական բանակը տիրական ներկայութիւն կը վերահաստատէ այդ շրջանի կարեւորագոյն կէտերուն  վրայ: Այս մաքրազտման զինարշաւը, բնականաբար, հաշտ ընկալում չունեցաւ Անգարայի...

Իրանի Ընտրութիւններուն  Յաղթած Են ՀՅԴ-ի 2 Թեկնածուներ

Իրանի Ընտրութիւններուն Յաղթած Են ՀՅԴ-ի 2 Թեկնածուներ

Իրանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքներէն ի յայտ եկաւ, որ ընտրուած են  Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած 2 թեկնածուներ: Անոնցմէ մէկը Ջուղայի մէջ առաջադրուած Ռոբերտ Բեգլարեանն է, որ արդէն խորհրդարանին մէջ Հարաւային Իրանի քրիստոնեայ հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչն էր: Միւսը Թեհրանէն այս անգամ առաջադրուած Արա Շահվերդեանն է:

Վարչապետ Փաշինեան. Կառավարութիւնը  Իրանի Հետ Հաղորդակցութիւնը 2 Շաբաթով  Դադրեցնելու Մասին Որոշում Պիտի Ընդունի

Վարչապետ Փաշինեան. Կառավարութիւնը Իրանի Հետ Հաղորդակցութիւնը 2 Շաբաթով Դադրեցնելու Մասին Որոշում Պիտի Ընդունի

  Իրանի հետ հաղորդակցութիւնը 2 շաբաթով պիտի դադրեցուի: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Հիմնուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական սահմանի մասին օրէնքի 16-րդ յօդուածին վրայ, որ կը վերաբերի վարակիչ հիւանդութիւններու տարածման սպառնալիքի պարագային պետական սահմանով հաղորդակցութեան ժամանակաւոր դադրեցման, կառավարութեան արտահերթ հեռակայ որոշում պիտի տայ Իրանի հետ հաղորդակցութիւնը 2 շաբաթով դադրեցնելու մասին: «Մասնաւորապէս պիտի դադրեցուի Իրան-Հայաստան օդային հաղորդակցութիւնը ու Մեղրիի...

ՀՅԴ Երիտասարդութիւնը Կը Մերժէ  Տարածքային Որեւէ Զիջում` Ենթադրեալ  Անվտանգութեան Դիմաց

ՀՅԴ Երիտասարդութիւնը Կը Մերժէ Տարածքային Որեւէ Զիջում` Ենթադրեալ Անվտանգութեան Դիմաց

Շաբաթ, 22 փետրուարին սկիզբ առաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Երիտասարդական միութեան 7-րդ պատգամաւորական ժողովը: Պաշտօնական բաժինի մասնակցած են ոչ միայն դաշնակցականներ, այլ նաեւ Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ գործունէութիւն ծաւալող կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու երիտասարդ ներկայացուցիչներ: «Դաշնակցութեան յարատեւութեան գաղտնիքը պայմանաւորուած է անով, որ Դաշնակցութիւնը իր մէջ եւ իր կողքին միշտ ունեցած է հայրենասէր, կազմակերպուած, գաղափարական երիտասարդութիւն, եւ իւրաքանչիւր սերունդ նոր կեանք, նոր շունչ...

Հաղորդագրութիւն.  Սումկայիթի Ու Պաքուի Ջարդերուն Նուիրուած  Ցոյց-Քայլարշաւ Վիեննայի Մէջ

Հաղորդագրութիւն. Սումկայիթի Ու Պաքուի Ջարդերուն Նուիրուած Ցոյց-Քայլարշաւ Վիեննայի Մէջ

Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, 22 փետրուար 2020-ին Սումկայիթի ջարդերուն 32 եւ Պաքուի ջարդերուն 30 ամեակներուն նուիրուած ցոյց-քայլարշաւ մը տեղի ունեցաւ Վիեննայի կեդրոնական փողոցներուն մէջ: Ցուցարարները Հայաստանի, Արցախի ու Աւստրիոյ դրօշներով, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանը դատապարտող պաստառներով նախ հաւաքուեցան Վիեննայի նշանաւոր Հոֆպուրկ պալատին Հելտըն հրապարակը: Ցոյցին բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ այս առիթով պատրաստուած անգլերէն ու գերմաներէն յայտարարութիւններու բարձրաձայն ընթերցումով: Ապա ցուցարարները քալելով...

Զարեհ Սինանեան Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի  Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը

Զարեհ Սինանեան Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը

19 փետրուարին սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ներկայ օրակարգը, գրասենեակի ծրագիրներն ու յառաջիկայ աշխատանքները, մասնաւորաբար` սեպտեմբերին կայանալիք համաժողովին ընթացքին սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն հետ համագործակցութեան ու աշխուժ մասնակցութեան ապահովման առնչուող հարցեր: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց ՀՅԴ-ին կողմէ իրականացուող ծրագիրները եւ միջոցառումները: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին հայաստանեան կեանքին մէջ սփիւռքի...

Page 454 of 797 1 … 453 454 455 … 797

Արխիւներ