Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Յարութեան Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Քրիստոս Ըսաւ Ու Միշտ Կ’ըսէ` Ձեզի Հետ Եմ, Մի՛ Վախնաք»

April 14, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի սրբազան խորանէն, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան առաւօտուն, մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կ՛ըսեմ մեր եկեղեցւոյ պարզ, բայց խորիմաստ բառերով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»:

Արամ Ա. կաթողիկոս այս բառերով ողջունեց ու Քրիստոսի յարութեան աւետիսը փոխանցեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն, կիրակի, 12 ապրիլ 2020-ին, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագի:

Վեհափառ հայրապետը աղօթք բարձրացնելով առ յարուցեալ Քրիստոս, աղաչեց, որ յարութեան հզօր հաւատքով զօրացնէ մեր ժողովուրդի զաւակները ներկայ աշխարհի տագնապալից պայմաններուն մէջ, որպէսզի Անոր հրաշափառ յարութեամբ զօրացած եւ վերանորոգ հաւատքով շարունակեն ապրիլ քրիստոնէական հաւատքը` «այն քաջ գիտակցութեամբ, որ Քրիստոս Իր յաղթական յարութեամբ եւ Իր կենդանի ներկայութեամբ մեր ժողովուրդը պահեց ու պահպանեց պատմութեան բոլոր տագնապներուն մէջ»:

Խօսելով յարութենէն ետք Գալիլիոյ մէջ Փրկիչին` աշակերտներուն երեւնալուն եւ անոնց առաքելութեան լծելուն մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց Քրիստոսի պատգամը. «Ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհի վախճանը», եւ ընդգծեց, որ հայոց պատմութիւնը պերճախօս կերպով կը վկայէ, թէ մեր ժողովուրդը յարուցեալ Քրիստոսի հաւատքով ու լոյսով հզօրացաւ իր դժուարին օրերուն: «Ամէն անգամ որ մահը մօտեցաւ մեր ժողովուրդին, մեր ժողովուրդը փարեցաւ կեանք-Քրիստոսին: Ահա թէ ինչո՛ւ հրաշքի համազօր է մեր ժողովուրդին պատմութիւնը», ըսաւ ան ու շարունակեց յայտնելով, որ ժողովուրդը նաեւ լսեց Պօղոս առաքեալին վկայութիւնը, որ կ՛ըսէ. «Եթէ Քրիստոս մեր կողմն է, ո՛վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ», եւ շեշտեց. «Պատմութեան ընթացքին ո՛չ մէկ ուժ, ո՛չ մէկ տագնապ մեր ժողովուրդը ընկճեց, որովհետեւ մեր ժողովուրդը իր տառապալի կեանքին մէջ միշտ լսեց Քրիստոսի խօսքը. «Ձեզի հետ եմ, մի՛ վախնաք, քաջալերուեցէ՛ք»:

Ապա, վեհափառ հայրապետը նշեց, որ այսօր պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, սակայն դարձեալ կը լսենք ձայնը յարուցեալ Քրիստոսի. «Քրիստոս մեզի հետ է, սիրելի ժողովո՛ւրդ հայոց: Ինչպէս պատմութեան ընթացքին, այսօր եւս մենք Քրիստոսի հետ պիտի ըլլանք, որպէսզի վերանորոգենք մեր հաւատքը, գօտեպնդենք մեր յոյսը եւ ներկայ տագնապին դիմաց ըսենք, որ աշխարհի մէջ ո՛չ մէկ տագնապ, ո՛չ մէկ ուժ կրնայ մեզ ընկճել, քանի որ մենք Քրիստոսի հետ ենք` այն քաջ հաւատքով, որ Քրիստոս մեզի հետ է»: Ան յորդորեց չյուսահատիլ, այլ` վերանորոգել հաւատքը ու ամրացնել յոյսը` հաւատարմօրէն քալելով Քրիստոսի ետեւէն:

Պատարագի աւարտին, Աւետարանի ընթերցումէն ետք, հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց համայն հայութիւնը եւ շնորհաւորեց մեր ժողովուրդի զաւակները` ըսելով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»: Աւարտին, երգուեցաւ «Կիլիկիա» քայլերգը եւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը:

Նշենք, որ Ս. պատարագը հեռարձակուեցաւ կաթողիկոսարանի ընկերային ցանցերու լրատուամիջոցներու միջոցով:

 

 

 

Նախորդը

Քրիստոսի Յարութեան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ. Շահէ Եպս. Փանոսեան. «Մեր Տէրը Մեռելներէն Յարութիւն Առաւ, Որպէսզի Մեզ Եւս Նորոգէ Յարուցեալ Կեանքին Մէջ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ

October 22, 2026
Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.