75 Քոնկրեսական Պահանջած Են Աւելի Քան 100 Միլիոն Տոլար Օժանդակութիւն Տրամադրել Հայաստանին Եւ Արցախին
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան 75 անդամներ, որոնք ներկայացուած են 23 նահանգներէ, նամակով մը դիմած են օտարերկրեայ յատկացումներու հարցերով յանձնախումբի նախագահին` յայտարարելով Արցախին եւ Հայաստանին օժանդակութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կայքը: Հրապարակուած բաց նամակին մէջ քոնկրեսականները կը խնդրեն 1,5 միլիոն տոլար տրամադրել Արցախի տարածքին մէջ ականազերծման ծրագիրներու իրականացման համար: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ապա...




















