Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաթվիոյ Սէյմի Մէջ Բանավէճ` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Շուրջ

Մայիս 6, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լաթվիացի օրէնսդիրները Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակի առթիւ վերարծարծած են հինգ տարի առաջ մարած` խորհրդարանական հռչակագիրի մակարդակով այդ ողբերգութիւնը ճանչնալու մասին բանավէճը: Այս մասին կը գրէ ռուսական «Ռիմեմպրըն» կայքը: Նախաձեռնութեան հեղինակն են իշխող համախմբական կառավարութեան հինգ կուսակցութիւններէն երկուքը` նոր պահպանողական կուսակցութիւնը եւ «Զարգացման համար` կողմ»¬ը:

Ըստ կայքին, աշխուժութեան դրդապատճառը չի թաքցներ` խորհրդանշական փոքր կամուրջներ հաստատել լաթվիացիներու «խորհրդային ցեղասպանութեան» եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ:

«Իբրեւ պետութիւն, հասարակութիւն` մեզի համար շատ կարեւոր է համերաշխութիւն յայտնել այլ փոքր ժողովուրդներու, որոնք մեզի նման 20¬րդ դարուն ապրած են ողբերգական իրադարձութիւններ` զանգուածային սպանութիւններ, գազանութիւններ», յայտարարած է «Զարգացման համար` կողմ» կուսակցութեան համանախագահ Տանիէլս Փաւլիութսը:

«Իրողութիւնները իրենց անունով կոչելէ խուսափիլը, լռելը եւ ժխտելը իրականութեան մէջ ոճիրին մեղսակից ըլլալ է: Այդ պատճառով, այո՛, հասած է իրողութիւնները իրենց անունով կոչելու ժամանակը` ատիկա եղած է հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւն», նշած է Նոր պահպանողական կուսակցութեան երեսփոխան Լինտա Օզոլան:

Լոպիինկ կատարող երեսփոխանները Լաթվիոյ Սէյմի` Հայաստանի խորհրդարանի հետ համագործակցութեան խումբի անդամ չեն:

Նախաձեռնութիւնը կ՛ականահարէ վերոնշեալ կուսակցութիւններու համախմբական կառավարութեան մէջ գործընկեր` վարչապետի «Նոր միասնութիւն» կուսակցութիւնը: Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող հռչակագիրի ընդունման հարցին մէջ խմբակցութեան երեսփոխանները կը ներկայացնեն իրենց կուսակցութենէն երկրի արտաքին գործոց նախարար Էտկար Ռինքեւիչի պատճառաբանութիւնը` չվատթարացնել ՕԹԱՆ¬ի գործընկեր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները: Այդ գծով արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Եանիս Պեքերիս ըսած է. «Լաթվիան մնայուն կերպով կը յիշէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդի դէմ գործուած յանցագործութիւնները, սակայն զանոնք իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու անհրաժեշտութիւն չի տեսներ, որովհետեւ «տարածաշրջանին մէջ կարեւոր է պահպանել անվտանգութիւնը, կայունութիւնը եւ համընդհանուր համագործակցութիւնը»:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Յատուկ Հանդիպումի` Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը Երեսփոխանական Պլոքներու Նախագահներուն Հետ Քննարկելու

Յաջորդը

Հայ Դատը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Մատրիտեան Վտանգաւոր Սկզբունքներուն Նկատմամբ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?