Կառավարութիւնը Որոշեց «Եուրոպոնտ»-ի Պարտատոմսերուն Առումով Լիբանանի Նիւթական Պարտաւորութիւնը Առկախել` Ուղղուելով Պարտքը Վերադասաւորելու Ընտրանքին
Լիբանանի կառավարութիւնը որոշեց առկախել «Եուրոպոնտ»-ի պարտատոմսերու նիւթական իր պարտաւորութիւնը եւ ուղղուիլ պարտքը վերադասաւորելու ընտրանքին: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ օր կէսօրուան ժամը 1:00-ին նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ելեւմտական եւ տնտեսական իրավիճակին յատուկ կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ` վարչապետ Հասսան Տիապի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ չներկայացուց կառավարութեան որոշումները, իսկ նախարարները ուղղուեցան վարչապետարան` ներկայ գտնուելու համար վարչապետ Տիապի կողմէ լիբանանցիներուն...



















