Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մեր Ընթերցողներուն

Արտակարգ դրութեան հաստատման եւ յատկապէս տեղաշարժերը սահմանափակելու պետական, առողջապահական յորդորներուն ընդառաջ, «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը որոշեց ժամանակաւորապէս «Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը սահմանափակել չորս էջի մէջ: Այս տնօրինումը կը բխի պարտադրուող  աշխատակարգէ`  նուազագոյն անձնակազմով թերթը հրատարակել: Բնականաբար բովանդակութիւնը առաւելաբար պիտի ունենայ հրատապ լրատուական բնութագիր: Մինչ յօդուածագրական եւ վերլուծական բնոյթի գրութիւններ պիտի շարունակուին տեղադրուիլ կայքին վրայ: Խմբագրատան, քարտուղարութեան եւ վարչական բաժիններուն հետ կապը պիտի ըլլայ հեռաձայնային...

«Պուրճ Համուտի Մէջ Բարգաւաճման  Ծրագիրները Անհրաժեշտութիւն Են,  Իսկ Աղբակոյտը Անվերադարձ Կորսուած Է»    Շեշտեց Մ. Պօղոսեան

«Պուրճ Համուտի Մէջ Բարգաւաճման Ծրագիրները Անհրաժեշտութիւն Են, Իսկ Աղբակոյտը Անվերադարձ Կորսուած Է» Շեշտեց Մ. Պօղոսեան

Պուրճ Համուտի աղբակոյտի վերացումին մասին անցեալ շաբաթավերջին` կիրակի, 15 մարտին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը սփռեց յատուկ յայտագիր մը` պատրաստուած  հաղորդավար Տանի Հատտատի կողմէ: Յայտագիրին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրի կառուցման աշխատանքներուն մանրամասնութեան, անցուցած տարբեր փուլերուն եւ բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւելէ ետք` իրականացած նուաճումին: Յայտագիրը, որ կը կրէր «Սաքաթալ ժապալ» խորագիրը, հիւրընկալեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ...

Հայաստանի Մէջ Արտակարգ Դրութիւն «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 52-ի

Հայաստանի Մէջ Արտակարգ Դրութիւն «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 52-ի

Հայաստանի կառավարութեան 16 մարտի արտակարգ նիստին, զոր վարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ընդունուեցաւ օրակարգին վրայ ներառուած որոշման նախագիծը` «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին»: Որոշման ընդունումը պայմանաւորուած է աշխարհին ու Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման դէպքերով եւ այդ վարակը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավարին կողմէ 13 մարտին համաճարակ որակելու հանգամանքով: Ըստ այդմ, կառավարութիւնը որոշեց Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին 16...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Դիմումը` Հայաստանի Քաղաքացիներուն Եւ Կառավարութեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը 16 մարտին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած իրավիճակին: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր.- «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւն, «Քորոնա» ժահրի համաշխարհային վարակը չի շրջանցել նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` լրջագոյն մարտահրաւէրների եւ սպառնալիքների առջեւ կանգնեցնելով թէ՛ մեր ազգաբնակչութեանը, թէ՛ մեր պետականութիւնը: Իրավիճակի ծանրութիւնը, մեր ազգային անվտանգութեանն ուղղուած սպառնալիքներն ու վտանգներն, աւելի քան երբեւէ, պահանջում...

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Խօսքը` Հայաստանի Մէջ  «Քորոնա» Ժահրի Ստեղծած Իրավիճակին Առնչութեամբ

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Խօսքը` Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Ստեղծած Իրավիճակին Առնչութեամբ

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ողջունեց Հայաստանի կառավարութեան որոշումը արտակարգ դրութիւն յայտարարելու վերաբերեալ` զայն նկատելով Հայաստանի համար շատ լուրջ մարտահրաւէր: Դիտել տալով, որ այս մարտահրաւէրը միայն Հայաստանինը չէ, այլ համայն աշխարհինը` նախագահը անդրադարձաւ «Քորոնա»-ի դէմ պայքարի հիմնական սկզբունքներուն. «Սկզբունքներէն առաջինը` կառավարութիւնը, մեզմէ իւրաքանչիւրը, պետութիւնը պէտք է ունենայ յստակ ռազմավարութիւն, թէ ինչպէ՛ս պիտի պայքարի ժահրին դէմ, պետական կառոյցները, գործարարները, հասարակական կազմակերպութիւնները իրենց...

Լիբանանցիներուն Մեծամասնութիւնը Կ՛ընդառաջէ Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութեան

Լիբանանցիներուն Մեծամասնութիւնը Կ՛ընդառաջէ Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութեան

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 120-ի, Իսկ Վարակուածներու Շարքին Բուժուած Են 2 Պարագաներ Կառավարութեան յայտարարած առողջապահական արտակարգ վիճակն ու ընդհանուր զօրաշարժը արդէն իսկ սկսած է գործադրուիլ: Լիբանանցիներուն կողմէ այդ միջոցառումներուն ընդառաջումը շրջանէ շրջան կը տարուբերի, սակայն քաղաքացիները մեծաւ մասամբ կ՛ենթարկուին որդեգրուած այդ միջոցառումներուն: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 120-ի: Իր կարգին,...

Երկու Վեհափառ Հայրապետներուն Որոշումով  Մինչեւ Աւագ Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ Բոլոր  Եկեղեցիներուն Մէջ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագը  Եւ Եկեղեցական Արարողութիւնները Տեղի  Պիտի Ունենան Առանց Հաւատացեալներու Ներկայութեան

Երկու Վեհափառ Հայրապետներուն Որոշումով Մինչեւ Աւագ Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագը Եւ Եկեղեցական Արարողութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Առանց Հաւատացեալներու Ներկայութեան

Երէկ առաւօտ, երկու վեհափառ հայրապետները` ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, խորհրդակցութիւն մը ունեցան «Քորոնա» ժահրի ստեղծած համաճարակին եւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս անոր յառաջացուցած հետեւանքներուն մասին: Երեկոյեան վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի եպիսկոպոսներուն հետ: Արդարեւ, մեկնելով մեր ժողովուրդի անվտանգութեան նկատմամբ մեր ունեցած նախանձախնդրութենէն, միաժամանակ հետեւելով բժիշկներու ու մասնագէտներու թելադրութիւններուն,...

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէն Ֆանարի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Տարածման Կանխարգիլման  Միջոցառումներու Կը Նախաձեռնէ

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէն Ֆանարի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Տարածման Կանխարգիլման Միջոցառումներու Կը Նախաձեռնէ

«Քորոնա» ժահրին տարածումը շրջանին մէջ կանխարգիլելու համար ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէն երէկ` երկուշաբթի, 16 մարտ 2020-ին սկսաւ շրջանի հասատատութիւններուն հականեխումը, եւ եկող օրերուն պիտի ընդարձակէ ծիրը` հականեխելու ամբողջ շրջանը: ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէն շրջանի բնակչութեան ուշադրութեան կը յանձնէ կարգ մը կէտեր, մեկնելով ընդհանուր ապահովութեան սկզբունքէն, նախ եւ առաջ բնակչութեան ըսելու, որ առանց ծնողներու ընկերակցութեան 16 տարեկանէն վար պատանիներու շրջագայութիւնը արգիլուած...

Ակնարկ.  Չինաստանը, Առցանց Հասարակութիւնները   Եւ Նոր Աշխարհակարգը

Ակնարկ. Չինաստանը, Առցանց Հասարակութիւնները Եւ Նոր Աշխարհակարգը

«Քորոնա» ժահրի ծնունդը, տարածման կշռոյթները եւ վերահսկողութեան տակ առնուիլը Չինաստանի մէջ տարբեր մտածումներու դուռ  կը բանան եւ ինչու չէ նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման գործընթացներուն մասին ուրուագծումներ կը կատարեն: Լրատուութիւններէն պարզ կը դառնայ, որ թէ՛ պատուաստի որոնման եւ թէ՛ վերահսկողութեան աշխատանքները ամէնէն ազդեցիկ եւ գործնական ձեւերով Չինաստանի մէջ կը շարունակուին տարուիլ: Յայտարարութիւնները նոյնիսկ «Քորոնա» ժահրի չէզոքացման ժամկէտներու Չինաստանի համապատասխան գերատեսչութիւններն են, որ...

Բագրատունի. «Համահայկական Օրակարգը Իսկապէ՛ս Համահայկական Տարողութիւն Պէտք Է Ունենայ»

«Քորոնա»-ի Դէմ. Անհատական Ճիգով Բոլորս Կը Յաղթենք

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ «Քորոնա» ժահրի երեւումն ու արագասոյր տարածումը քանդեց պետական սահմանները եւ աշխարհով մէկ վերածուեցաւ հասարակաց թշնամիի: Լիբանանն ալ անմասն չէ այս ժահրէն: Շրջանային, համայնքային, կուսակցական, քաղաքական, տնտեսական թէ դասակարգային ամէն պատ քանդող, անցնող ու հարուածող համաճարակն է «Քորոնա»-ն: Անծանօթ թշնամի մը, որուն դէմ կանգնելու հիմնական զէնքը անձն է: Մենք ենք այդ զէնքը: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ինք անձնապէս կրնայ դիմադրել «Քորոնա»-ի...

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով  Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 26-ի

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 26-ի

Հայաստանի մէջ ունինք «Քորոնա» ժահրի հաստատման 3 դէպք եւս, որոնցմէ 2-ը փոխկապակցուած են «Էջմիածինի» դէպքին հետ եւ ի սկզբանէ մեկուսացուած եղած են: Միւս դէպքը արձանագրուած է Մեղրի քաղաքին մէջ` Իտալիայէն վերջերս վերադարձած մեր քաղաքացիին մօտ: Ըստ «Երկիր»-ին այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան: «Ունինք 3 հաստատուած դէպք եւս, որոնցմէ 2-ը փոխկապակցուած են «Էջմիածինի» դէպքին հետ եւ...

Արդէն Իսկ Տիրող Առողջապահական Արտակարգ  Վիճակին Լոյսին Տակ` Կառավարութիւնը Որոշեց  Երկիրը Ընդհանուր Զօրաշարժի Ենթարկել

Արդէն Իսկ Տիրող Առողջապահական Արտակարգ Վիճակին Լոյսին Տակ` Կառավարութիւնը Որոշեց Երկիրը Ընդհանուր Զօրաշարժի Ենթարկել

Լիբանանցիները Պէտք Է Մնան Իրենց Բնակարաններուն Մէջ, Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը Կը Փակուի, Իսկ Բաց Կը Մնան Միայն Սննդամթերքի Վաճառատուներն Ու Դեղարանները «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու նպատակով ամբողջ երկրի մակարդակին միջոցառումներու դիմելու նպատակով, նախագահական պալատը հիւրընկալեց շարք մը ժողովներ, որոնց ընթացքին տրուեցան որոշումներ: Այդ որոշումներուն կողքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Հասսան Տիապ իրենց խօսքերը ուղղեցին լիբանանցիներուն` հաստատելով, որ...

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ Որդեգրուեցան  «Քորոնա» Ժահրի Տարածումին Դէմ  Կանխարգիլման Տարբեր Միջոցառումներ

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ Որդեգրուեցան «Քորոնա» Ժահրի Տարածումին Դէմ Կանխարգիլման Տարբեր Միջոցառումներ

Համաշխարհային համաճարակի ձեւաչափով մարդկութեան ներկայացած «Քորոնա» ժահրէն անմասն կարելի չեղաւ պահել Լիբանանը, ուր մարդիկ հետզհետէ սկսած են լուրջ վերաբերում ցուցաբերել այդ ժահրին դէմ պայքարելու միջոցառումներուն հանդէպ: Համաշխարհային գետնի վրայ «Քորոնա» ժահրին տարածումին դէմ կանխարգիլման տարբեր միջոցառումներու որդեգրման շրջագիծին մէջ Լիբանան իր կարգին սկսաւ դիմել համախմբումները արգիլելու եւ քաղաքները շրջափակելու քայլերուն: Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետարանները անմասն չմնացին այս միջոցառումները որդեգրելէ...

«Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Բարձրացաւ 13-ի.  Հայաստանի Մէջ Կրթական Հաստատութիւնները  Մէկ Շաբաթ Եւս Փակ Պիտի Մնան

«Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Բարձրացաւ 13-ի. Հայաստանի Մէջ Կրթական Հաստատութիւնները Մէկ Շաբաթ Եւս Փակ Պիտի Մնան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, որ 1 մարտին Ծաղկաձորի «Կոլտըն Փալաս» հիւրանոցին մէջ մեկուսացուած 31 քաղաքացիներէն 28-ի քննութեան արդիւնքը ժխտական եղած է: Այսպիսով վարակուածներու թիւը կը բարձրանայ 13-ի: Աւելի կանուխ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան դիմատետրի իր էջով տեղեկութիւններ փոխանցեց «Քորոնա» ժահրին եւ Հայաստանի իրավիճակին մասին: «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման հարցերու յանձնախումբի նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին սփիւռքի...

Երեսփոխան Բագրատունի  Այցելեց Նախագահ Աունի

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Նախագահ Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ առաւօտեան այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ տնտեսական զարգացումներն ու ներկայ ելեւմտական տագնապը լուծելու իմաստով որդեգրուած միջոցները: «Քորոնա» Ժահրին Մասին ... Միւս կողմէ, «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով, երեսփոխան Յ. Բագրատունի Դիմատետրի վրայ կատարած էր հետեւեալ գրառումը. «Կոչ կ՛ուղղեմ մեր հայրենակիցներուն...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, նկատի առնելով Լիբանանի մէջ տիրող դժուար ընկերային-տնտեսական պայմանները, իր Ընկերային ծառայութեան կեդրոնին միջոցով արդէն իսկ սկսած է 400-է աւելի կարիքաւոր ընտանիքներու օգնել սննդեղէն բաժնելով ամսական դրութեամբ, անսալով անանուն բարերարներու, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ աղքատախնամ միութեան, ինչպէս նաեւ յարգարժան տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու առատաձեռն օժանդակութիւններուն: Բաշխումները սկսած են 2019-ի դեկտեմբեր ամիսէն, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, ինչպէս...

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

Հաղորդագրութիւն

Պուրճ Համուտի քաղաքապետը, հիմնուելով` . Քաղաքապետարաններու օրէնքին (հրամանագիր թիւ 118 - 30/6/1977) մանաւանդ հանրային առողջութեան վերաբերեալ թիւ 74 յօդուածին, . Նախարարաց խորհուրդի թիւ 42 որոշումին (11 մարտ, 2020), . Առողջապահութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարներու շրջաբերականներուն եւ Լեռնալիբանանի նահանգապետի թիւ 116 որոշումին (11 մարտ, 2020), . «Քորոնա» ժահրի առնչութեամբ միջոցառումներու պետական յանձնախումբի որոշումներու վրայ, կու տայ հետեւեալ որոշումները. Ա.- Քաղաքապետարանի այն վարչութիւնները...

Յայտարարութիւն

Տեղեկացնում ենք, որ Լիբանանում «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգելման միջոցառումների շրջանակներում` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը մարտի 16-ից կ՛անցնի աշխատանքային արտակարգ դրութեան` ժամանակաւորապէս սահմանափակելով քաղաքացիների ընդունելութիւնը եւ շարունակելով մատուցել միայն հետեւեալ հիւպատոսական ծառայութիւնները. - անձնագրերի տրամադրում, - անձնագրերը ստանալու համար դիմումների ընդունում, - օտարերկրեայ պետութիւններում Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագրի վաւերականութեան ժամկէտի երկարաձգում: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան դիմումների ընդունումը, փաստաթղթերի վաւերացումը եւ հիւպատոսական այլ ծառայութիւնների մատուցումը...

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով  Վարակուածներուն Թիւը Կը Բարձրանայ.  Հայաստանի Կրթական Բոլոր  Հաստատութիւնները Փակ Յայտարարուեցան

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Բարձրանայ. Հայաստանի Կրթական Բոլոր Հաստատութիւնները Փակ Յայտարարուեցան

Երէկ` հինգշաբթի, 12 մարտի երեկոյեան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ կ՛ընդհատէ արձակուրդը` տեղեկացնելով, որ կրթական համակարգը եւս պիտի դադրի աշխատանքէ: Ան յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած երկու այլ պարագաներ յայտնաբերուած են եւ անոնք Էջմիածինի քաղաքի բնակիչներ են: Վարչապետը ըսաւ, որ 13 մարտին կառավարութիւնը պիտի հրաւիրէ խորհրդակցութեան, որուն լոյսին տակ որոշումներ պիտի տրուին: Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի...

Դաշնակցութեան Թեկնածուները Հանդիպում  Ունեցած Են Արցախի Պետական Համալսարանի  Դասախօսական Անձնակազմին Եւ Ուսանողներուն Հետ

Դաշնակցութեան Թեկնածուները Հանդիպում Ունեցած Են Արցախի Պետական Համալսարանի Դասախօսական Անձնակազմին Եւ Ուսանողներուն Հետ

Հինգշաբթի, 12 մարտին Դաշնակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Դաւիթ Իշխանեան, պատգամաւորի թեկնածուներ Վահրամ Բալայեան, Արմէն Սարգսեան եւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան նախընտրական քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ հանդիպում ունեցած են Արցախի պետական համալսարանի դասախօսական անձնակազմին եւ ուսանողութեան հետ: Մինչ հանդիպումը, Դաշնակցութեան թեկնածուները Արցախի պետական համալսարանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի ընկերակցութեամբ ծաղիկներ զետեղած են արցախեան ազատամարտին զոհուած ուսանողներու յուշակոթողի պատուանդանին եւ յարգանքի տուրք մատուցած: Դաշնակցութեան թեկնածուները...

Page 450 of 797 1 … 449 450 451 … 797

Արխիւներ