Ազրպէյճանի կողմէ հայկական դիրքերու վրայ նորագոյն յարձակումներուն լոյսին տակ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան անգամ մը եւս հայութեան սկզբունքային ընդդիմութիւնը յայտնեց Մատրիտեան սկզբունքներուն նկատմամբ` շեշտելով, որ վտանգաւոր այդ սկզբունքները Արցախի կարգավիճակին եւ ապահովութեան նկատմամբ խորապէս սխալ, անշրջահայեաց եւ անհամաչափ առաջարկներ են:
Համբարեան շեշտեց, որ ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակը պէտք է ձերբազատի տագնապին փուլային լուծում առաջադրող Մատրիտեան սկզբունքներէն, որոնք խորապէս թերի են եւ անարդիւնաւէտ` աւելցնելով, որ անիկա կը խոչընդոտէ խաղաղութեան գործը եւ կը մեծցնէ պատերազմի վերսկսելու վտանգը:
Մատրիտեան սկզբունքները հիմնովին անհամաչափ պահանջներ կը պարունակեն Արցախէն` հողերու եւ ռազմավարական զիջումներու ձեւով, մինչ Ազրպէյճանէն կը պահանջուի կարգավիճակին վերաբերեալ աղօտ, յետաձգելի եւ յետադարձելի խոստումներ:
Տագնապի լուծման փուլային տարբերակին շուրջ վէճը սկսաւ, երբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը կատարեց այդ մասին յայտարարութիւն մը, որ անմիջապէս հերքուեցաւ Երեւանի կողմէ` հաստատելով, որ Հայաստանի համար ընդունելի չեն մինչեւ 2018 ներկայացուած եւ փուլային տարբերակ ենթադրող առաջարկները: