Գլխաւոր լուրեր

ԿՈՉ` ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

ԿՈՉ` ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Համայն մարդկութիւնը այս օրերուն կը տառապի «քորոնա» ժահրի (կորոնավիրուս) յառաջացուցած տագնապով: Համաճարակը լուրջ է, ցարդ կը շարունակէ անսանձ տարածուիլ եւ կը վարակէ ու կը խլէ նկատառելի քանակով զոհեր: Այս աղէտէն բնականաբար անմասն չի մնար նաեւ մեր ազգն ու հայրենիքը: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը, իր բոլոր միաւորներով` կազմակերպական շարքեր, Հայ Դատի գրասենեակներ ու յանձնախումբեր, երիտասարդական, ուսանողական կառոյցներ եւ ուղեկից միութիւններ`...

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 136-ի

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 136-ի

Զինուորները Բժշկական Քննութեան Կ'ենթարկուին Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման հաստատուած դէպքերուն թիւը հասաւ 136-ի: Ցարդ բուժուած է մէկ անձ, մահեր չկան: Իսկ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ Հայաստանի զինուած ուժերը «Քորոնա» ժահրային վարակի ներթափանցումը կանխելու եւ զինուորները վարակէ պաշտպանելու համար կը շարունակէ կանխարգելիչ քայլեր առնել: Զօրամասերուն մէջ կը կատարուին ախտահանիչ գործողութիւններ:  Մարտական հերթափոխի գացող...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Աշխատանքային Հանդիպում Ունեցաւ Նախարար Արսէն Թորոսեանին Հետ

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Աշխատանքային Հանդիպում Ունեցաւ Նախարար Արսէն Թորոսեանին Հետ

20 մարտին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանին հետ: Նախարարը նախագահին տեղեկութիւններ տուաւ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման առկայ վիճակին եւ միտումներուն, ինչպէս նաեւ վարակի կանխարգիլման եւ բուժման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն մասին: Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն: Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց բնակչութեան առողջութեան պահպանման եւ ժահրի տարածման դիմակայելու վերաբերող քայլերը: Փորձառութեան եւ տեղեկատուութեան փոխանակման...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 177-ի. Բուժուած Են 2 Այլ Պարագաներ

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 177-ի. Բուժուած Են 2 Այլ Պարագաներ

Նախագահ Աուն Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլոր Քաղաքացիներուն` Մնալու Իրենց Բնակարաններուն Մէջ Եւ Դուրս Ելլելու Միայն Անհրաժեշտութեան Պարագային «Քորոնա» ժահրին ազդեցութիւնը տակաւին կը շարունակէ մեծապէս զգալի ըլլալ Լիբանանի մէջ: Անոր առնչուող տուեալներն ու մանրամասնութիւնները իրենց վրայ կը գրաւեն բոլորին ուշադրութիւնը: Նկատի ունենալով, թէ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին մէջ երէկ «Քորոնա» ժահրով 14 վարակուածներ արձանագրուած են, այդպիսով Լիբանանի մէջ վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 177-ի,...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Հաղորդագրութիւն Թիւ 4

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը երէկ այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` զեկուցելու համար տագնապի յաղթահարման եւ  այս պայմաններուն մէջ լիբանանահայութեան անհրաժեշտ օժանդակութիւնները կազմակերպելու աշխատանքային ծրագիրին մասին: Շտապի անդամները շեշտեցին, որ կազմակերպման եւ գործնապէս օգնելու  ծրագիրը կը վերաբերի ամբողջ լիբանանահայութեան եւ կ՛առաջադրէ հասնիլ իւրաքանչիւր հայ անհատի, որ անհրաժեշտ օժանդակութեան պէտք ունի: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց այս պայմաններուն մէջ կատարուած նախաձեռնութիւնը,...

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

Հաղորդագրութիւն

Պուրճ Համուտի քաղաքապետը, հիմնուելով` - Քաղաքապետարաններու օրէնքին (հրամանագիր թիւ 118 - 30/6/1977), մանաւանդ հանրային առողջութեան վերաբերեալ թիւ 74 յօդուածին, - Նախարարաց խորհուրդի թիւ 1 որոշումին (15 մարտ, 2020), որ կը վերաբերի 15 մարտ 2020 - 29 մարտ 2020 յայտարարուած ընդհանուր զօրաշարժին, - Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին հրապարակած  թիւ 130 շրջաբերականին (13 մարտ 2020) վրայ, կ՛որոշէ հետեւեալները. Ա.- Քաղաքապետարանի այն վարչութիւնները եւ...

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 122-ի

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 122-ի

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման հաստատուած դէպքերուն թիւը հասաւ 122-ի: Այս մասին յայտնեց առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ նոր վարակակիրները կապուած են արտադրամասին հետ, ուր աշխատողներէն մէկը ունէր ժահրը եւ կապի մէջ մտաւ ուրիշներու հետ: «Հաշուի առնելով արտադրամասի մեծութիւնը` վարակակիրներուն թիւը կրնայ աւելնալ», յայտնեց նախարարը:

Նշանակուեցաւ Հայաստանի Ոստիկանապետն Ու Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Տնօրէնը

Նշանակուեցաւ Հայաստանի Ոստիկանապետն Ու Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Տնօրէնը

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց հրամանագիրներ, որոնցմէ մէկուն մէջ որոշեց, որ Հայաստանի ոստիկանապետի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Արման Սարգսեան, իսկ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնը` Էդուարդ Մարտիրոսեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի նախագահի աշխատակազմէն:  

Արցախի Կառավարութեան Նիստ.  Քննարկուեցան «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարի Քայլերը

Արցախի Կառավարութեան Նիստ. Քննարկուեցան «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարի Քայլերը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի նախագահութեամբ, 19 մարտին տեղի ունեցաւ կառավարութեան նիստ: Օրակարգին վրայ էին տարբեր հարցեր, որոնք կը վերաբերին «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի քայլերուն, որոնց գծով նախագահ Բակօ Սահակեան տուաւ յստակ յանձնարարականներ` անոնց պատշաճ լուծման ուղղութեամբ: Նիստի ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի մէջ համաճարակային իրավիճակին եւ սուր շնչառական վարակներուն դէմ դնելու միջոցներուն, յատկապէս` «Քորոնա» ժահրի տարածման: Երկրի ղեկավարը անգամ...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 152-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 152-ի

«Քորոնա» ժահրով վարակուած առաջին պարագայի արձանագրութենէն ամիս մը ետք Լիբանանի մէջ այդ ժահրին դէմ պայքարը տակաւին կը շարունակուի եւ սկսած է աւելի խիստ թափ ստանալ: Իրարու հետ շփումներէ խուսափող քաղաքացիները կ՛անսան Լիբանանի կառավարութեան ընդհանուր զօրաշարժի կոչին եւ արտակարգ դրութեան պայմանները յարգելով կը մնան իրենց բնակարաններուն մէջ, իսկ տարբեր շրջաններու մէջ քաղաքապետութիւնները կը շարունակեն հականեխել փողոցներն ու կառոյցները, ինչպէս նաեւ հականեխիչ...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը այսու կը հաղորդէ. Ա.- Հանդիպում կայացած է Շտապի եւ հայ  յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն միջեւ` անոնց զեկուցելու համար Շտապի աշխատանքային ծրագիրին մասին: Հոգեւոր պետերը, գնահատելով նախաձեռնութիւնն ու ճգնաժամի պայմաններուն մէջ համախումբ եւ նպատակաուղղուած աշխատանք տանելու հրամայականը, իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Շտապին: Բ.- Հաստատուած է հեռաձայնային թէժ գիծ (hotline) 03-188911 «Քորոնա»-ի վերաբերեալ բժշկական խորհրդատուութիւններու եւ անհրաժեշտութեան պարագային համապատասխան միջոցներուն դիմելու...

Քորոնա Ժահրի Կանխարգիլման Աշխատնքներուն Նպաստելու Նպատակով. Լիբանանահայութեան Հոգեւոր Պետերու Հանդիպում

Քորոնա Ժահրի Կանխարգիլման Աշխատնքներուն Նպաստելու Նպատակով. Լիբանանահայութեան Հոգեւոր Պետերու Հանդիպում

Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ արք․ Փանոսեան, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս․ Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր․ դոկտ․ Փոլ Հայտոսթեան, այսօր, հինգշաբթի, 19 մարտ 2020-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, հանդիպում մը ունեցան՝ քննարկելու քորոնա ժահրի ստեղծած կացութիւնը։ Հանդիպումը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ փոխադարձ գործակցութեամբ սերտելու գործնական կարելիութիւնները նախազգուշական...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 1 եւ 2.  «Քորոնա»-ի Ճգնաժամային Շտապ

Հաղորդագրութիւն Թիւ 1 եւ 2. «Քորոնա»-ի Ճգնաժամային Շտապ

Հաղորդագրութիւն Թիւ 1 «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման միջոցներ որդեգրելու նպատակով կայացած ընդլայնուած խորհրդակցական նիստէն բխած Շտապը կազմուեցաւ հետեւեալ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներէն. ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն - Տոքթ. Սահակ Քէշիշեան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն - Յակոբ Սիմոնեան ԱՖՀԻԼ - Յակոբ Լատոյեան Երեսփոխանական գրասենեակ- Րաֆֆի Մարգարեան Շտապի պատասխանատու - Աւետիս Կիտանեան Ճգնաժամի անմիջական հետեւանքներու յաղթահարման ձգտող ծրագիրներու գործունէութեան ընթացքին շտապի կազմին, ըստ անհրաժեշտութեան,...

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 110-ի

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 110-ի

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 110-ի: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, թէ «Շանթ» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ ժահրը կրողներուն 75 առ հարիւրը վարակուած է երկու աղբիւրէ` Էջմիածինէն եւ Շենգաւիթի մէջ գտնուող արտադրամասէն: Աւելի ուշ, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Ալինա Նիկողոսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ յայտարարեց, որ ժամը 21:30-ի դրութեամբ (չորեքշաբթի, 18...

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարի Ծիրին Մէջ.   Նախագահ Բակօ Սահակեան Խորհրդակցական Հանդիպումներ Ունեցաւ

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարի Ծիրին Մէջ. Նախագահ Բակօ Սահակեան Խորհրդակցական Հանդիպումներ Ունեցաւ

Երէկ` չորեքշաբթի, 18 մարտ 2020-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան աշխատանքային խորհրդակցութիւն ունեցաւ` Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի ենթակայութեան տակ գործող հիմնարկներու ղեկավարներու մասնակցութեամբ: Քննարկուած են մայրաքաղաքին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման եւ կայուն համաճարակային վիճակի պահպանման առումով իրականացուող համալիր աշխատանքներու ընթացքին վերաբերող հարցեր: Նախագահը յանձնարարականներ տուաւ ներկաներուն` քննարկուած հարցերուն պատշաճ եւ համակարգուած լուծում տալու ուղղութեամբ: Խորհրդակցութեան մասնակցեցան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Ստեփանակերտի...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Քաղաքացի Մը Մահացաւ, Իսկ Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 133-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Քաղաքացի Մը Մահացաւ, Իսկ Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 133-ի

Հակառակ անոր որ լիբանանցիները կը հետեւին իրենց բնակարաններուն մէջ մնալու եւ անոնցմէ դուրս գալու կարելիութիւնները նուազեցնելու ցուցմունքներուն, բայց եւ այնպէս առողջապահութեան նախարարութիւնը դարձեալ կոչ ուղղեց անոնց` կառչած մնալու իր տուած որոշումներուն եւ բնակարանային մեկուսացման ենթարկուելու` տունէն դուրս ելլելու քայլը ձգելով միայն շատ կարեւոր պարագաներու: Լիբանանի մէջ «Քորոնա»  ժահրին պատճառով երէկ մահացաւ քաղաքացի մը, իսկ վարակուածներուն թիւը հասաւ 133-ի, այսինքն` երէկ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցան «Քորոնա» Ժահրին Ստեղծած Ներկայ Կացութեան Շուրջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցան «Քորոնա» Ժահրին Ստեղծած Ներկայ Կացութեան Շուրջ

17 եւ 18  մարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային կապ  հաստատեցին իրարու հետ` «Քորոնա» ժահրին ստեղծած ներկայ կացութեան առնչուած: Վարչապետ Փաշինեան մօտէն հետաքրքրուեցաւ Լիբանանի եւ ընդհանրապէս ներկայ պայմաններուն մէջ կաթողիկոսութեան դիմագրաւած մտահոգութիւններուն գծով: Կաթողիկոսը, իր կարգին, իր մտահոգութիւնը յայտնեց ներկայ համաշխարհային համաճարակի հետեւանքներուն ուղղութեամբ` աղօթելով, որ Աստուած մեր հայրենիքն ու ազգը հեռու պահէ...

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ.  Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 78-ի

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ. Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 78-ի

17 մարտին Հայաստանի մէջ արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրի 14 նոր պարագայ: Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան: 14-էն ոմանք արդէն իսկ մեկուսացուած էին, իսկ միւսներուն շփման շրջանակը կը ճշդուի: Անոնցմէ մէկը կապ ունի Էջմիածինի դէպքին հետ, իսկ 7-ը` «արտադրամասի»: Միւս կողմէ, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկողութեան եւ...

Վարչապետ Փաշինեան. «Ժողովուրդին  Վերաբերմունքը «Քորոնա» Ժահրին  Նկատմամբ Պէտք Է Փոխուի»

Վարչապետ Փաշինեան. «Ժողովուրդին Վերաբերմունքը «Քորոնա» Ժահրին Նկատմամբ Պէտք Է Փոխուի»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաւանական նկատեց, որ ըլլան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք այս ընթացքին վարակուած են «Քորոնա» ժահրով, բուժուած են, սակայն չեն գիտցած այդ մասին: «Իրավիճակը վերլուծելով կը հասկնամ, որ շատ քաղաքացիներ կը հիւանդանան ու կ՛առողջանան` այդ մասին չկռահելով: Այս մասին մեզ կը յուշէ նաեւ մեր ախտորոշուած դէպքերուն վիճակը: Դէպքերուն 90 առ հարիւրը կա՛մ ջերմութիւն չունի, կա՛մ ցած ջերմութիւն ունի: Ըստ...

Ընդլայնուած Նիստ` Ներկայ  Պայմաններու Դիմագրաւման Օրակարգով

Ընդլայնուած Նիստ` Ներկայ Պայմաններու Դիմագրաւման Օրակարգով

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի հրաւէրով «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական ընդլայնուած նիստ` «Քորոնա» ժահրի ստեղծած իրավիճակի, անոր կանխարգիլման նպատակով տրուելիք որոշումներու եւ ընկերաբժշկական կեդրոնները այս տագնապին ընդառաջ  աշխուժացնելու նպատակով: Նիստին, զոր վարեց Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, հրաւիրուած էին երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար  Վարդինէ Օհանեան- Գէորգեան, երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան...

Page 449 of 797 1 … 448 449 450 … 797

Արխիւներ