Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքը կը հաղորդէ, որ երկրին մէջ 17 մայիսի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան ընդհանուր 4472 պարագայ, որոնցմէ 1925-ը` ապաքինած: Արձանագրուած է 189 նոր դէպք, եւ 134 վարակակիր արդէն ապաքինած են:
Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 40.230 քննութիւն: