Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան Դիմատետրի իր էջով կը տեղեկացնէ, որ 13 մայիսին, ժամը 14:00-ին, ազրպէյճանական մարտական յենակէտերէ խոշոր տրամաչափի զէնքերէ կրակած են Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղին ուղղութեամբ:
Կրակոցներուն իբրեւ հետեւանք տուժածներ չկան, վնասուած են բնակելի տուներ: Թշնամիի կրակակէտերուն ուղղութեամբ հայ սահմանապահներուն ձեռնարկած համապատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք հակառակորդը լռեցուած է:



