Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ուրուկուէյի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման 55-Ամեակին Առիթով Նամակ Մը Յղեց Ուրուկուէյի Դեսպանին

Մայիս 15, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Ուրուկուէյի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման 55-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ Ուրուկուէյի դեսպան Լուիս Ֆակունտեզին յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց, թէ Ուրուկուէյը 1965-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու քաջարի քայլին դիմելով` դարձաւ աշխարհի վրայ առաջին երկիրը, որ կանգնեցաւ ճշմարտութեան ու արդարութեան կողքին եւ իր օրինակով քաջութիւն ներշնչեց ու ճամբան հարթեց այլ երկիրներու կողմէ պատմական այդ անհերքելի իրողութեան ճանաչման:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը այդ պատմական քայլին 55-ամեակին առիթով իր շնորհաւորանքը ու խոր գնահատանքը արտայայտեց Ուրուկուէյի ժողովուրդին ու կառավարութեան` յիշեցնելով, որ Ուրուկուէյի խորհրդարանը 26 մարտ 2004-ին այլ որոշում մը որդեգրելով ապրիլ 24-ը յայտարարած էր «Հայ նահատակներու յիշատակման օր»` ի պատիւ Ցեղասպանութեան զոհերուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը այս առիթը օգտագործելով յոյս յայտնեց, որ Ուրուկուէյ նաեւ  դառնայ պատմական իրողութեան, միջազգային օրէնքի եւ Խորհրդային Միութեան օրէնքներուն հիմամբ իր անկախութիւնը հռչակած Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչցող առաջին պետութիւնը:

Հայ դատի մարմինը յիշեցուց նոյեմբեր 2012-ին Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրրիքոյի Արցախի Հանրապետութիւն այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոյի` սեպտեմբեր 2011-ին կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ իր երկիրը կը սերտէ ղարաբաղեան հարցը` այդ առնչութեամբ  կառավարութեան պաշտօնական կեցուածքը արտայայտելու համար: «Ես անձնապէս համոզուած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղը պատմական Հայաստանի մէկ մասն է եւ անիկա պէտք է ըլլայ անկախ ու կարճ ժամանակ ետք միանայ Հայաստանին: Այս է Արցախի հարցին միակ լուծումը», ըսած էր ան:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նշեց, որ կը հաւատայ, թէ Ուրուկուէյ ունի այդպիսի սկզբունքային քայլ մը առնելու քաջութիւնն ու բարոյական ուժը, իրողութիւն մը, որ շատ յստակ կերպով ցուցադրած էր 1965 թուականին, եւ այդպիսով անգամ մը եւս կը գտնուի մարդկային իրաւանց ու արդարութեան համար մղուող պայքարի առաջնագիծին վրայ:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. 100.000.000 Լ. Ո. Նուիրատուութիւն` Տէր Եւ Տիկին Յարութիւն Եւ Սիլվիա Սթամպուլի Ամոլէն

Յաջորդը

Հայր Ազար. «Կարելիութիւն Պիտի Չունենանք Ուսուցիչներուն Ամսականները Վճարել Մայիս Ամիսէն Ետք, Եթէ Կառավարութիւնը Որեւէ Նախաձեռնութեան Չդիմէ»

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?