Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան. «Որեւէ Ուժ Ժողովուրդի Ներկայացուցիչը Չի Կրնար Կաշկանդել Լեռնային Ղարաբաղի Բանակցութիւններու Սեղանին Շուրջ»

Մայիս 18, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը վստահեցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստած է այն անձը, որ կը ներկայացնէ Հայաստանի ժողովուրդը: Հայաստանեան որեւէ ուժ, վարչապետին հաստատումով, չի կրնար կաշկանդել ժողովուրդին շահերը ներկայացնողը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին Փաշինեանը խօսեցաւ առցանց մամլոյ ասուլիսի ընթացքին` պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն: Ան նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ձեւաչափին մասին բազմիցս արտայայտած է իր կարծիքը, թէ Արցախի Հանրապետութեան ընտրուած ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն շատ էական եւ կարեւոր է:

«Ոմանք կը փորձեն Հայաստանի օրինական ներկայացուցիչները կաշկանդել բանակցային սեղանի շուրջ», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան եւ կրկնեց` ոչ մէկ ուժ կրնայ զիրենք կաշկանդել:

Փաշինեան շեշտեց, որ որեւէ որոշում կայացնելէ առաջ պէտք է խօսիլ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան խորհուրդներուն, խորհրդարաններուն եւ ժողովուրդին հետ:

«Ես Արցախի հարցի լուծման այնպիսի հրապարակային պայման կապած եմ մեր ժողովուրդին հետ, որ որեւէ շահարկման տեղ չի կրնար ըլլալ: Ի տարբերութիւն նախկին շարք մը դէպքերու, այսօր բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստած անձը կը ներկայացնէ Հայաստանի ժողովուրդը», ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան:

Ան յայտնեց, որ ինք չի պատկերացներ լուծում մը, որ ըլլայ առանց Արցախի ընտրուած ներկայացուցիչներու մասնակցութեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ինք պատրա՞ստ է Արցախի հարցով հանդիպելու Հայաստանի նախկին նախագահներուն հետ, Փաշինեան նշեց, որ խնդիր չի տեսներ, եթէ այդ անհրաժեշտութիւնը ըլլայ:

«Կայ այսպիսի հանգամանք` նախապէս տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մասին հաստատութենական տեղեկատուութիւնը պետական կառավարման համակարգին մէջ առկայ է` ձեռքիս տակ է», նշեց վարչապետը:

Անդրադառնալով խաղաղապահ ուժերու հաւանական տեղակայման հարցին` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ նախապէս եղած փաստաթուղթերուն ու հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ խաղաղապահ ուժերու գաղափարը միշտ ալ ներկայ եղած է:

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 4472-ի

Յաջորդը

Համաճարակին Ընթացքին Նիւթապաշտութեան Գործօնը Եւ Մենք

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?