Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւստրիոյ Ազգային Խորհուրդը Միաձայնութեամբ Վաւերացուցած Է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

Յունիս 3, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրիոյ Ազգային խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառումով տեղեկացուցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ Վիկտոր Ենգիբարեանը:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` ան իր գրառումին մէջ ներկայացուցած է Աւստրիոյ Ազգային խորհուրդի Աւստրիա-Հարաւային Կովկաս պատգամաւորական խումբի նախագահ Կունտրուն Քուկլերի ելոյթի տեսագրութիւնը եւ անոր խօսքին ոչ պաշտօնական թարգմանութիւնը, զոր  կը ներկայացնենք ստորեւ:

«Յարգելի՛ գործընկերներ,

Իբրեւ Աւստրիա-Հարաւային Կովկաս պատգամաւորական խումբի նախագահ, որ Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ կը ներառէ նաեւ Հայաստանը, կ՛ուզեմ անդրադառնալ օրակարգի առաջին հարցին, որ կը  վերաբերի Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման:

Հայաստանի հետ մեզ կը կապեն դարաւոր բարեկամական յարաբերութիւններ: Հաւանաբար շատեր Հայաստանը կը ճանչնան  «Ռատիօ Երեւան»-ի կատակներէն, սակայն ատիկա շատ քիչ է` Հայաստանը առաջարկելու շատ բան ունի: Այս համաձայնագիրը, որուն  կողմերն են Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը, եւ զոր կը վաւերացնեն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները, ունի երկու ուղղուածութիւն, որմէ առաջինը` ժողովրդավարութեան ամրապնդումն է: Շատեր կը յիշեն 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը, որ կոչուեցաւ «թաւշեայ», երբ երկրի այն ժամանակուան ղեկավարի սահմանադրական փոփոխութեան մէկ հնարքով իր հետագայ պաշտօնավարումը ապահովելու ցանկութիւնը յանգեցուց բողոքի ցոյցերու: Այդ ցոյցերը խաղաղ էին: Հայաստանը պէտք է շնորհաւորել անոր համար, քանի որ մինչ այդ նման բնոյթի ցոյցեր չէին եղած: Տեղի ունեցան վարչապետի ազատ ընտրութիւններ, ինչ որ ողջունելի էր ԵԱՀԿ-ի կողմէ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կէս տարի ետք հրաժարական տուաւ նոր խորհրդարանական ազատ ընտրութիւններ ապահովելու համար, ինչ որ նոյնպէս ողջունուեցաւ ԵԱՀԿ-ի կողմէ: Հայաստանը մեծ յառաջընթաց կ՛արձանագրէ ժողովրդավարական փոփոխութիւններու, փտածութեան դէմ պայքարի, դատաիրաւական համակարգին մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացին մէջ:

Համաձայնագիրի երկրորդ կարեւոր բաղադրիչը ազատ առեւտուրն է. Հայաստան յատուկ դերակատարութիւն ունի ԵԱՏՄ-ի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ: Հայաստանը ԵԱՏՄ-ի անդամ է: Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացումով կը մեծնան ԵԱՏՄ-ի հսկայ շրջանին մէջ Աւստրիական ընկերութիւններու մուտքի հնարաւորութիւնները: Հայաստանի համար երկու ուղղութիւններով լաւ յարաբերութիւնները կարեւոր են: Հայաստանը աշխարհագրականօրէն բարդ դրութեան եւ ծանր հակամարտութեան մէջ է իր երկու դրացիներուն հետ: Երկրին մէջ կը բնակի 3 միլիոն մարդ, եւս 3 միլիոն հայեր կը բնակին Եւրոպայի մէջ, որոնցմէ 5000-ը Աւստրիոյ քաղաքացի են: Արդէն նշեցի մեր բազմադարեայ կապի մասին: Շուրջ 200 տարի, Վիեննայի մէջ կը գտնուի Մխիթարեան միաբանութեան եկեղեցին` իր հրաշալի թանգարանով եւ գրադարանով: Վիեննայի մէջ  կը գտնուին նաեւ Հայ եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմի եպիսկոպոսի նստավայրը: Համագործակցութեան առումով Հայաստանը մեզի համար կեդրոնական երկիր է: Ելոյթս աւարտեմ 1915-1916 թուականներուն տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան մասին խօսքով: Ցաւօք, բոլոր պետութիւնները չէ, որ ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը: Երեւանի մէջ Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ կը փողփողին Ցեղասպանութիւնը ճանչցած 32 պետութիւններու դրօշները: Անոնց կարգին հպարտութեամբ կը տեսնենք նաեւ Աւստրիոյ դրօշը: Անոր համար շնորհակալութիւն պէտք է յայտնենք մեր նախորդ գումարման խորհրդարանի խմբակցութիւններուն: Հայաստանի համար շատ կարեւոր է Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Մեզմէ շատերը Ցեղասպանութեան մասին գիտեն Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրը» վէպէն:   Վստահ եմ, որ այսօր օրակարգի վրայ գտնուող վաւերացման ենթակայ 7 համաձայնագիրներու շարքին կը վաւերացուի նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը»:

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Յաջորդը

Ի՞նչն Է, Որ «Offline» Է, Երբ Մենք «Online» Ենք Մտորումներ` Կրթական Ոլորտին Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?