Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ոչ Թէ Ազրպէյճանի Ժողովուրդը, Այլ Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Պատրաստ Չէ Խաղաղութեան»

June 5, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Որքան ալ հայերուն դէմ ատելութեան քարոզը եւ պատերազմի սպառնալիքները միտուած ըլլան ներքին լսարանին, ազրպէյճանական իշխանական տարբեր օղակներու ռազմատենչ յայտարարութիւնները լրջօրէն կը վնասեն խաղաղ գործընթացին եւ կը մատնանշեն, որ ոչ թէ Ազրպէյճանի ժողովուրդը, այլ Ազրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը պատրաստ չէ խաղաղութեան: Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան` մեկնաբանելով նշուած յայտարարութիւնները:

«Վերջին շրջանին Ազրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ տարբեր գերատեսչութիւններու կողմէ բովանդակային կառուցուածքէ զուրկ, ջղագարութիւն յիշեցնող հակահայկական մրցակցային յայտարարութիւններ կը կատարուին: Տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ գերազանցել իր նախկին հակահայկական յայտարարութիւնները, ինչ որ տասնամեակներու  ընթացքին հետեւողական հակահայկական խօսոյթի պայմաններուն մէջ հեշտ գործ չէ:

«Յատկանշական է, որ սեփական ժողովուրդին առջեւ ատելութիւն քարոզող եւ պատերազմի սպառնալիքներով հանդէս եկող Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կ՛օգտագործեն «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարը`  իրենց երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումներ իրականացնելու համար. իրողութիւն, որ բարձրաձայնուած է միջազգային եւ շրջանային հեղինակաւոր կարգ մը կազմակերպութիւններու կողմէ:

«Այնուհանդերձ, ինչքան որ ալ հայերու դէմ ատելութեան քարոզը եւ պատերազմի սպառնալիքները միտուած ըլլան ներքին լսարանին, նման յայտարարութիւններ լրջօրէն կը վնասեն խաղաղ գործընթացին եւ կը մատնանշեն, որ ոչ թէ Ազրպէյճանի ժողովուրդը, այլ Ազրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը պատրաստ չէ խաղաղութեան:

«Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հակահայկական գործողութիւնները  արդէն ստացած են իրենց իրաւական գնահատականը միջազգային ատեաններուն կողմէ: Այսպէս,  Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի «Մակուչեանը եւ Մինասեանն ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Հունգարիոյ» գործով դատավճիռը դատապարտեց ազրպէյճանական պետութեան  ցեղապաշտական քաղաքականութիւնը, որ արտայայտուած էր մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներելու, ազատ արձակելու եւ պարգեւատրելու գործողութիւններով:

«Հայատեացութիւնը որպէս ներքին համախմբման եւ իշխանութեան օրինականութեան հիմնական աղբիւր դիտարկող Ազրպէյճանի ներկայի իշխանութիւնը սպառնալիք է ոչ միայն Արցախի, Հայաստանի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի, այլեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար:

«Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգային համակարգը բաւարար համալիր եւ կայուն է` արդիւնաւէտօրէն հասցէագրելու եւ հակադարձելու նման սպառնալիքներու», նշուեցաւ մեկնաբանութեան մէջ:

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ. 4 Յունիսի Դրութեամբ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 11.221-ի

Յաջորդը

Իսրայէլեան Օդանաւեր Լիբանանեան Օդային Տարածքէն Յարձակում Գործեցին Սուրիոյ Վրայ

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.