Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աննա Նաղդալեան. «Թուրքիան Լաւագոյն Պետութիւնը Չէ, Որ Վարէ ՄԱԿ-ի 75-րդ Նստաշրջանի Նախագահութիւնը»

Յունիս 6, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան «ՆիւզԱրմենիա» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին մեկնաբանեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 75-րդ նստաշրջանի նախագահի ընտրութեան հարցը: Նախագահի նախնականօրէն հաստատուած միակ թեկնածուն Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Վոլքան Պոզքըրն է:

Լրագրողը դիտել տալով, որ նախագահութեան համար քուէարկութիւն պահանջած են Հայաստանը, Յունաստանն ու Կիպրոսը` հարցուցած է, որ 193 երկիրներէն միայն երեք երկրի պահանջով կ’իրականացուի՞ քուէարկութիւն:

Ան պատասխանեց, որ, համաձայն ՄԱԿ-ի աշխարհագրական կարգին վերաբերեալ սահմանուած սկզբունքին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 75-րդ նստաշրջանի նախագահը պէտք է ընտրուի Արեւմտաեւրոպական երկիրներու խումբէն, իսկ միակ թեկնածուն Թուրքիոյ ներկայացուցիչն է:

«Ինչպէս նշեցիք, Հայաստանը, Յունաստանը եւ Կիպրոսը, խախտելով լռութեան ընթացակարգը, նամակներով դիմած են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 74-րդ նստաշրջանի նախագահ Թիճանի Մոհամետ-Պանտէին` պահանջելով քուէարկութիւն: Կ’ուզեմ ընդգծել, որ նոյնիսկ մէկ երկրի պահանջով քուէարկութիւնը պարտաւոր է իրականանալ»:

Լրագրողը հարցուցած է, որ ընտրուելու պարագային արդեօք ասիկա առաջի՞ն դէպքը պիտի ըլլայ, որ այս նախագահի պաշտօնը վարէ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը, եւ որ արդեօք Հայաստանի կողմէ որեւէ քայլ առնուա՞ծ է` ներկայացնելու հայկական կողմի մտահոգութիւնները:

«Պէտք է նշեմ, որ մտահոգութիւն յայտնած է ո՛չ միայն հայկական կողմը, այլեւ մեր շարք մը միջազգային գործընկերներ: Լռութեան ընթացակարգի խախտման վերաբերեալ նամակով հանդէս եկած են Հայաստանը, Կիպրոսը եւ Յունաստանը, աւելին` Հայաստանի եւ Կիպրոսի կողմէ  ներկայացուած է միացեալ նամակ: Վերջինին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է, որ «Թուրքիան կը սպառնայ ամբողջ շրջանի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան` շրջանային գերակայութեան հասնելու համար շարունակաբար խախտելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը եւ միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերը, այդ կարգին` ՄԱԿ-ի  պատժամիջոցներու դրութիւնները»:

Հայկական կողմը բարձրաձայնած է Թուրքիոյ` Հայաստանի նկատմամբ երեք տասնամեակ իրականացուող շրջափակման, Հայոց ցեղասպանութեան շարունակական ժխտման եւ նոյնիսկ արդարացման քաղաքականութեան մասին: Միացեալ նամակին մէջ Հայաստանը եւ Կիպրոսը ընդգծած են, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահի պաշտօնը պէտք է ստանձնէ ներկայացուցիչը այնպիսի երկրի, որուն գործողութիւնները եւ վարած քաղաքականութիւնը համահունչ են ՄԱԿ-ի սկզբունքներուն եւ հռչակած արժէքներուն: Ակնյայտ է, որ Թուրքիան լաւագոյն պետութիւնը չէ, որ կարենայ բաւարարել նշեալ չափանիշները:

Նախորդը

Արցախի Գլխաւոր Դատախազի Թեկնածուն Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Խմբակցութեան Հետ

Յաջորդը

Արա Պօյմուշագեանի Յիշատակին

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?