Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Բոլորիս Ուխտավայր Ճեմարանին» Առցանց Նուիրահաւաք

June 5, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամբողջ աշխարհի մէջ 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանին «Քորոնա» ժահրը ծանր հարուած հասցուց կրթութեան մարզին. զանազան երկիրներու մէջ դպրոցները փակուեցան, եւ այս մէկը ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ աշխարհի աշակերտներուն մեծ մասին վրայ: Լիբանանի մէջ, համաճարակը եւ երկրին մէջ արդէն իսկ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական փոթորկալից իրավիճակը միասնաբար ստեղծեցին աննախընթաց տագնապ մը կրթութեան մարզին համար: Հոկտեմբեր 2019-էն սկսեալ դասարանային դասաւանդումը բազմաթիւ անգամներ ընդհատուեցաւ եւ մարտ 2020-էն ետք փոխարինուեցաւ առցանց հարթակներով:  Այս իրավիճակին զուգահեռ` արագ աճող անգործութեան, սղաճի եւ լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկման պատճառով Ճեմարանի աշակերտները, ծնողները եւ անձնակազմը եւս ծանր կացութեան մատնուեցան:

Ճեմարանը, ինչպէս միշտ, յանձնառու է իր առաքելութեան եւ ներկայ պայմաններուն մէջ` ա՛լ աւելի յանձառու:

Նկատի առնելով վերոնշեալները, ընթացք կ՛առնէ «Մեր բոլորիս ուխտավայր ՃԵՄԱՐԱՆ-ին» առցանց նուիրահաւաքը` միասնաբար այս փուլը շրջանցելու եւ արձագանգելու համաճարակի ժխտական հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ միաժամանակ ամրապնդելու դպրոցին երկարատեւ կայունութիւնը: Առ այդ, ճշդուած են դրամահաւաքի երեք հիմնական ուղեգիծեր.

1) «Սաներու ֆոնտ»-ին եւ դպրոցի ընկերային ծառայութեան գրասենեակին անմիջական յաւելեալ եկամուտ ապահովել:

2) Դպրոցին առցանց դասաւանդման կարողութիւնը զարգացնել` արդիականացնելով տեղեկատուական արհեստագիտութեան ենթակառոյցը եւ ձեռքբերելով համապատասխան համակարգչային ծրագիրներ:

3) Դպրոցին մէջ անմիջական առողջապահութեան պայմանները բարելաւել:

Մենք կը դիմենք մեր շրջանաւարտներուն, բարեկամներուն եւ Ճեմարանի մեծ ընտանիքի անդամներուն` աջակցելու այս նախաձեռնութեան եւ արձագանգելու մեր կոչին:

Ձեր աջակցութիւնը պիտի նպաստէ անմիջական այս տագնապը շրջանցելու, ինչպէս նաեւ դպրոցի հզօրացման եւ կայունացման:

Բոլորիս զօրակցութեամբ 90-ամեայ Ճեմարանը տակաւին երկար տարիներ պիտի գոյատեւէ` կառչած մնալով հայեցի դաստիարակութիւն եւ բարձրորակ կրթութիւն ջամբելու իր առաքելութեան:

Նուիրահաւաքին մասնակցելու համար սեղմել հետեւեալ կապը`

www.djemaran.edu.lb/donate

Շնորհակալութիւն:
Լաւագոյն մաղթանքներով`
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

 

«Գրոհին դիմաց օտար ու ժանտ հովերուն.
Յաղթական բերդ, աւանդատուն հայկազեան»:

 

Նախորդը

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Գրութիւններու Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.