Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Բալայեան. «Մեր Պահանջն Է, Որ Արցախի Սահմանադրութեամբ Ամրագրուած Սահմանները Պահպանուին»

Յուլիս 7, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեանի խօսքով` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեան իրենց ներկայացուցած է Ղարաբաղեան տագնապի բանակցային գործընթացին մէջ ներկայիս տեղի ունեցող զարգացումները: Ան «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ` խօսելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ տեղի ունեցած հանդիպումին մանրամասնութիւններուն մասին:

«Անոր խօսքով` բանակցային գործընթացին մէջ որեւէ գործնական գործընթաց չկայ, բանակցութիւններ չեն ընթանար: Հիմնականօրէն խօսած ենք մեր ընդհանուր մօտեցումներուն, մեր շահերը պաշտպանելու մասին: Խօսած ենք այն մասին, որ Արցախը պէտք է վերադառնայ բանակցային սեղան, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակը պէտք է շարունակէ իր միջնորդական առաքելութիւնը իրականացնել, նաեւ խօսած ենք որոշ հարցերու մասին, որոնք մամուլով չեն ներկայացուած», ըսաւ ան:

Դիտարկումին, թէ բանակցութիւններու մասին յայտարարութիւնները իրերամերժ են, Հայաստանի իշխանութիւնները նախ կ՛ըսէին` չեն բանակցիր, սակայն յետոյ յայտարարեցին, թէ «ինչի շուրջ ուզեն, կը բանակցին», կ՛ըսէին` բանակցային սեղանին առաջարկ չկայ, բայց յետոյ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը կը խօսէր կողմերուն առաջարկուած փուլային տարբերակի մասին, Վահրամ Բալայեանը պատասխանեց, որ Զոհրաբ Մնացականեան վստահեցուց իրենց` բանակցութիւններ չկան:

«Երկու հայկական հանրապետութիւններու իշխանութիւնները պէտք է համագործակցաբար աշխատին այս հարցին գծով: Այդ տեսանկիւնէ, ցանկալի պիտի ըլլար, որ նման հանդիպումներ յաճախակի ըլլան, եւ մենք ալ տեղեկացուած ըլլանք բանակցային գործընթացէն: Մենք շատ սահմանափակուած ենք, չենք ունենար հանդիպումներ թէ՛ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակին, թէ՛ շահագրգիռ այլ կողմերու հետ», ըսաւ Բալայեան:

Իսկ, թէ ի՞նչ կարծիք ունի ինք այն մտահոգութիւններուն վերաբերեալ, որ Արցախի նորընտիր իշխանութիւնները համակարգումի մէջ են Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ եւ անհրաժեշտութեան պարագային չեն հակադարձեր բանակցութիւններուն մասնակից Հայաստանի իշխանութիւններուն` Վահրամ Բալայեան պատասխանեց.

«Արցախի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր ուժերը իշխանութիւն չեն: Մեզի ալ ժողովուրդը իր քուէն տուած է, հետեւաբար ես չեմ կարծեր, թէ այն ուժերը, որոնք կան Ազգային ժողովին մէջ, յատկապէս, «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը», հանգիստ կը նային, թէ ինչ կը  կատարուի: Մենք միշտ կը պաշտպանենք մեր ժողովուրդն ու  պետականութեան շահը: Միանշանակ է, որ մենք մեր ձայնը պիտի հնչեցնենք բոլոր պարագաներուն», ըսաւ ան:

Իսկ թէ իրենք, իբրեւ Արցախի ընդդիմութիւն, ի՛նչ կը պահանջեն բանակցային կողմ Հայաստանի իշխանութիւններէն, Վահրամ Բալայեան կարեւոր նկատեց, որ Արցախի շահը միշտ բարձրաձայնուի, որ Արցախի Սահմանադրութեամբ նախանշուած սահմանները պահպանուին եւ նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայկական տարածքներու մասին անպայմանօրէն յիշատակուի:

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Այցելած Է Հայ-Թրքական Սահման

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?