ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան օրուան առիթով հրապարակած է ուղերձ մը, որուն մէջ կը հաստատէ Դաշնակցութեան վճռական յանձնառութիւնը` համազգային համախմբումով երկիրը վերադարձնելու սահմանադրականութեան եւ բնականոն զարգացման ազգային-պետական ուղեգիծին:
Ստորեւ` ուղերձին ամբողջութիւնը:
«Բացառիկ է Սահմանադրութեան դերն ու նշանակութիւնը` համերաշխ հասարակութիւն, ինքնիշխան, ժողովրդավար, ընկերային եւ իրաւական պետութիւն կերտելու գործում:
Սակայն Սահմանադրութեան առկայութիւնն ինքնին չի կարող երաշխիք լինել, երբ այն չի արժեւորւում, երբ, շահարկելով ժողովրդի անունը, Սահմանադրութիւնը մեկնաբանւում եւ կիրառւում է նեղ անձնական ու քաղաքական շահախնդրութեամբ` անտեսելով հանրային եւ ազգային-պետական շահը:
Ցաւօք, տեւական ժամանակ է, օրուայ քաղաքական իշխանութիւնը ցուցաբերում է հենց այս վարքագիծը` պառակտելով հասարակութիւնը, կազմալուծելով սահմանադրական հաստատութիւնները, թուլացնելով պետութեան դիմադրողականութիւնը, ձեւաւորելով անվստահութիւն ապագայի հանդէպ` ստեղծելով նոր մարտահրաւէրներ ու սպառնալիքներ:
Տօնական այս օրով վճռականօրէն հաստատում ենք Դաշնակցութեան յանձնառութիւնը` համազգային համախմբումով երկիրը վերադարձնել սահմանադրականութեան եւ բնականոն զարգացման ազգային-պետական ուղեգիծ»: