Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Կողմի Մասնակցութեան Պարագային Կարելի Է Արդիւնաւէտ Դարձնել Բանակցային Գործընթացը

July 3, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելու կոչը, ամենայն հաւանականութեամբ, Ազրպէյճանին կը վերաբերի, որովհետեւ ազրպէյճանական կողմն է, որ միշտ կը փորձէ լարուածութիւն ստեղծել ոչ միայն սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով, այլեւ տագնապի լուծման ընթացքին մէջ:

Այս մասին «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է Արցախի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան` խօսելով ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ եւ միջնորդութեամբ 30 յունիսին տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրաբ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի առցանց հանդիպումին եւ անոր յաջորդած յայտարարութեան մասին:

«Միջնորդ երկիրները քաջ կը գիտակցին, որ Ազրպէյճան միշտ ռազմատենչ կոչերով եւ յայտարարութիւններով հանդէս կու գայ: Այս անգամ ալ կողմերուն միջեւ փորձած են հաւասարութեան նշան դնել, մինչդեռ յայտարարութիւնը պէտք է հասցէական ըլլայ եւ ուղղուած Ազրպէյճանի ղեկավարութեան ու հասարակութեան: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է հրաժարին սպառնալիքի լեզուով խօսելէ, որովհետեւ միայն այդ պարագային Ազրպէյճանի հասարակութիւնը կրնայ հասկնալ, որ իր երկրի ղեկավարութիւնը տրամադրուած է հարցին խաղաղ ճամբով լուծում ապահովելու», ըսած է Վահրամ Բալայեան:

Ինչ կը վերաբերի տեսակապի միջոցով տեղի ունեցած հանդիպումի արդիւնքներուն, ապա, ըստ Վահրամ Բալայեանի, կողմերուն միջեւ յարաբերութիւնները, բանակցային գործընթացը պէտք է շարունակուին, որովհետեւ այդ յարաբերութիւններու ընթացքին աւելի մեծ կարելիութիւններ կը ստեղծուին հարցին մէջ բան մը փոխելու, լուծումներ տալու համար:

«Սակայն Արցախեան կողմին մասնակցութեան պարագային միայն կարելի է արդիւնաւէտ դարձնել բանակցային գործընթացը: Միաժամանակ նկատենք, որ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու ներկայացուցիչները անգամ մը եւս վերահաստատեցին, որ հարցը լուծման միայն մէկ ճամբայ ունի` խաղաղ բանակցային գործընթացի միջոցով: Ազրպէյճանին կը հասկցնեն, որ իր ընտրած ճամբան` ուժի միջոցով հարցի լուծումը, անընդունելի է եւ անհեռանկար», նշած է Արցախի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը:

 

Նախորդը

Հայաստան Բանակցութիւն Կը Կատարէ` «Քորոնա»-ի Պատուաստ Ապահովելու Համար

Յաջորդը

Բրիտանիոյ Մէջ Վերականգնուած Է Հայաստանի Հետ Խորհրդարանական Խումբը

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.