«Անոնք Ինկան, Որպէսզի Գոյատեւէ Հայրենիքը Եւ Դառնայ Իրերայաջորդ Սերունդներու Ապագան» Շեշտեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան
Նահատակաց տօնին առիթով, երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Մայիս 6-ի յիշատակին առիթով կը յիշենք մեր նահատակները, որոնք ինկան օսմանցի թուրքին ձեռքով եւ զոհաբերուեցան հայրենիքի բագինին, որպէսզի հայրենիքը գոյատեւէ, մենք գոյատեւենք եւ հայրենիքը ըլլայ լիբանանցի իրերայաջորդ սերունդներուն ապագան: Համախմբուի՛նք, միասնական դառնա՛նք ու մոռնա՛նք մեր տարակարծութիւնները` մեծարելու համար նահատակներուն զոհողութիւնն ու թափած արիւնը, որպէսզի կարենանք փրկել հայրենիքը...




















