Ազրպէյճան 14 յուլիսին յայտնեց իր նոր կորուստներուն մասին, որոնց կարգին` գնդապետ եւ աւագ գնդապետ մը:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան փոխնախարար Քարիմ Վելիեւ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ սահմանային բախումներուն ժամանակ ազրպէյճանական բանակը շարք մը կորուստներ ունեցած է, յատկապէս նշելով աւագ գնդապետ Փոլատ Հաշիմովի եւ գնդապետ Իլկար Միրզայեւի մասին:
Վելիեւ դիտել տուաւ, որ սպաննուած են նաեւ գնդապետներ Նամիգ Ահմետովը, Անար Նովրուզովը, ենթասպայ Իլկար Զէյնալլին, ենթասպայ Եաշար Պապայեւը, շարքային Էլչին Մուսթաֆզատէն: Այս մասին նշուեցաւ նաեւ «Ռիփորթ.ազ» կայքին վրայ:
Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան տեղեկացուց, որ 14 յուլիսի գիշերը Հայաստանի զինուած ուժերու մարտական դիրքերէն դիտարկուած է թշնամիի հրասայլի շարժ, որ հայկական կողմէն արձակուած կրակով կասեցուած է: Թշնամին 13 յուլիսէն թիրախաւորած է նաեւ բնակավայրեր: Ազրպէյճանական զինուած ուժերը 82 մմ տրամաչափի ականանետէ եօթը եւ 120 մմ տրամաչափի ականանետէ 3 արկ արձակած են Չինարի բնակավայրին ուղղութեամբ: Ազրպէյճան նաեւ հարուածային անօդաչու թռչող սարքով ռմբակոծած է Բերդի քաղաքացիական կառոյցներ, տուժածներ չկան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ թշնամիին արձակած կրակոցներէն նահատակուած են հազարապետ Գարուշ Համբարձումեանը, քափիթեն Սօս Էլբակեանը, զինուորական ծառայողներ, տասնապետներ Սմբատ Գաբրիէլեանն ու Գրիշա Մաթեւոսեանը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց հայ-ազրպէյճանական սահմանին Ազրպէյճանի «Elbit Hermes 900» անօդաչու թռչող սարքի խոցման տեսանիւթը: «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնեց Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի հրամանատարական կազմի բաժանմունքի պետ, պաշտպանութեան նախարարութեան նախկին բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան` ընդգծելով, որ անիկա Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն պատկանող ամէնէն թանկարժէք ու կարեւոր անօդաչու սարքերէն մէկն է, որ կ՛արժէ 30 միլիոն տոլար:
Դիմատետրի իր էջին վրայ Յովհաննիսեան գրեց. «Elbit Hermes 900»-ը հզօր անօդաչու թռչող սարք է, անիկա կրակի կառավարման համակարգ կը հանդիսանայ, հետախուզական սարք է, շատ թանկարժէք է եւ Ազրպէյճանի մեծագոյն անօդաչու թռչող սարքն է: Երեւի ասիկա Hermes 900-ի առաջին խոցումն է նաեւ աշխարհի մէջ»: (https://www.youtube.com/watch?v=-YF-XqwGdfc&feature=emb_title)
Նախարարութեան հրապարակած տեսանիւթին մէջ կ՛երեւին, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի զինուած ուժերու ծառայողներու արձակած հրթիռը կը խոցէ ազրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքը: Razm.info-ն նշեց, որ Ազրպէյճանի մէջ Hermes-900-ները տեղակայուած են խոր թիկունքին եւ կը գտնուին Ազրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութեան (ՊՍԾ) եւ ոչ թէ բանակի հակակշիռին տակ: Ասիկա կրնայ վկայել, որ ընթացող գործողութիւններուն մէջ, Ազրպէյճանի բանակէն բացի, ներգրաւուած է նաեւ ՊՍԾ-ն:
Արծրուն Յովհաննիսեան նաեւ յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը առաջին անգամ ըլլալով մարտական պայմաններուն մէջ գործածած է հայկական արտադրութեան մարտական անօդաչու թռչող սարքեր:
Տարածելով Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն իրականացուցած գիշերային պատժիչ գործողութիւններուն տեսանիւթը` ան գրեց. «13 յուլիսը կը մտնէ պատմութեան մէջ իբրեւ հայկական արտադրութեան մարտական անօդաչու թռչող սարքերու մարտական կիրարկութեան օր: Առաջին անգամ հայկական մարտական անօդաչու թռչող սարքերը կիրարկուեցան պատերազմի ժամանակ` մարտական պայմաններու մէջ եւ փայլուն արդիւնքներ արձանագրեցին: Կարծես անոնց հարուածին զոհ դարձած են բարձրաստիճան զինուորականներ»:
Ան այս մեկնաբանութիւնը, իր էջին վրայ, հրապարակած է նաեւ անգլերէն, ռուսերէն, արաբերէն, պարսկերէն, ազրպէյճաներէն, թրքերէն, վրացերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, սպաներէն եւ չինարէն լեզուներով:
Արծրուն Յովհաննիսեան շեշտեց, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը կը կիրարկեն իրենց ձեռագիրին բնորոշ գործողութիւններ, մասնաւորաբար սեփական գիւղերուն մէջ կը թիրախաւորեն սեփական բնակչութիւնը:
Ան դիտել տուաւ, որ 14 յուլիսին ազրպէյճանական բանակը թիրախ դարձուցած է հայկական բնակավայրերը, յատկապէս` Տաւուշի Չինարի, Այգեպար, Ներքին Կարմիրաղբիւր, Պառաւաքար համայնքները, նաեւ` Բերդ քաղաքը, հոն գտնուող երկու գործարաններ: Կան նիւթական վնասներ:
Պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան դիմատետրի իր էջին վրայ հրապարակեց արբանեակային լուսանկարներ, ուր կ՛երեւի Թովուզի շրջանի` առաջնագիծէն շուրջ 10 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող ազրպէյճանական Տոնտար Ղուշչու գիւղը, որուն շուրջբոլորը հրետանային մարտկոցներու դիրքեր են:
«Ազրպէյճանական կողմը սեփական բնակչութիւնը շրջապատած է հրետանային մարտկոցներով` դարձնելով թիրախ, ու կը բողոքէ, որ Հայաստանի զինուած ուժերէն այդ ուղղութեամբ կրակ արձակուած է», նշեց ան:
Տաւուշի ուղղութեամբ կատարուած ռմբակոծումներուն թիրախ դարձաւ նաեւ «Տաւուշ Տեքստիլ»-ը, որուն տնօրէնը` Միքայէլ Եզեկեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ գործարանը ո՛չ մարդկային, ո՛չ ալ նիւթական վնասներ ունեցած է:
«Կազփրոմ Արմենիա» ընկերութիւնը իր կարգին տեղեկացուց, որ կրակոցներէն վնասուած են վերգետնեայ կազատար ցանցեր, եւ ասոր իբրեւ հետեւանք դադրեցուած է Տաւուշի մարզի Ներքին Կարմիրաղբիւր, Այգեպար գիւղերու եւ Չինարի գիւղի մէկ հատուածի կազամատակարարումը:
Միւս կողմէ, Արցախի պաշտպանութեան բանակը հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ Արցախի եւ Ազրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ յարաբերական կայուն վիճակ կը տիրէ: Սահմանապահ ստորաբաժանումները կը շարունակեն ուշադրութեամբ հետեւիլ սահմանագիծին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ պատրաստ են, անհրաժեշտութեան պարագային, ձեռնարկելու իրավիճակէն բխող համարժէք գործողութիւններու: