Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Էրտողանի Հրամանագիրին Թիրախը Յունաստանն Է

Յուլիս 13, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրբ Սոֆիան վերստին մզկիթի վերածելու Էրտողանի հրամանագիրը անշուշտ տարբեր թիրախներ հարուածելու նպատակը կը հետապնդէ: Եթէ ներքին սպառման համար Անգարայի վարիչը դիրքեր ամրապնդելու, ուժ ցուցադրելու եւ համաթրքական տարածականութեամբ  վարկանիշի մրցանշային կէտեր կ՛ուզէ ապահովել, ապա համիսլամական աշխարհին մէջ ախոյեան եւ իսլամ զանգուածներու առաջնորդը հանդիսանալու յաւակնոտ քայլ կ՛առնէ:

Առաջին անգամը չէ, որ Սուրբ Սոֆիայի ուղղութեամբ նման ոտնձգութիւններ կը կատարուին: Ասկէ առաջ եւս իսլամական արարողութիւններ կատարելու, եկեղեցին մզկիթի եւ ապա թանգարանի վերափոխելու կամ ընդհանրապէս անոր բիւզանդական պատկանելիութիւնը նենգափոխելու բազմաթիւ պետական փորձեր կատարուած են:

Համաքրիստոնէական քաղաքակրթական արժէք ներկայացնող այս կոթողի միջազգային ուշադրութիւնը առաւելաբար ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի դիտանկիւնէն եղած է իբրեւ մշակութային կոթող: Հիմա յստակ ոտնահարում տեղի կ՛ունենայ դէպի միջազգային ընտանիք: Նախ անշուշտ նկատի ունենալով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նպատակային ֆինանսաւորումը ժողովուրդներու միջեւ համակեցութեան խորհրդանիշ-կառուցուածքին:

Համաքրիստոնէական դատապարտումներու մեծ ալիք պէտք չէ ակնկալել Էրտողանի ստորագրած հրամանագիրին դիմաց: Թէ՛ հրամանագիրը եւ թէ՛ հակազդեցութեան ալիքը քաղաքական դրդապատճառներ ունի: Օրինակ` քրիստոնէական մշակոյթով յատկանշուած եւրոպական երկու երկիրներ կրնան բոլորովին տարբեր հակազդեցութիւններ ունենալ: Լիպիոյ մէջ թրքական շահերու հետ սուր բախում ունեցող Ֆրանսան ամէնէն ծանր մեղադրանքները կրնայ հնչեցնել, մինչ աշխարհագրական նոյն տարածքին մէջ շահերու համատեղման կարգով Իտալիան աւելի կրաւորական դիրք որդեգրել: Անկախ ներդաւանական տարակարծութիւններէ, ուղղափառ եկեղեցւոյ մայր կեդրոնը հանդիսացած Սուրբ Սոֆիայի մզկիթի վերածումը կրնայ շատ չխռովել Մոսկուայի պետական շրջանակները, որոնք կը գիտակցին, թէ տակաւին Անգարայի հետ ռազմաքաղաքական գործողութիւններ համակարգելու առիթ եւ տեղ ունին:

Նոյն տրամաբանութիւնը կը դրսեւորուի իսլամական աշխարհին մէջ: Թուրքիոյ հետ մրցակցային յարաբերութիւններու եւ հակառակ դիրքերու վրայ գտնուող Եգիպտոսն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները դատապարտեցին Թուրքիոյ նախագահին առած քայլը:

Կան ի հարկէ հայկական առնչութիւններ Տրդատ եւ Սինան ճարտարապետներուն հետ կապուած  ինչպէս նաեւ` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի որմնանկարին կամ Փորթա Արմենիսին (Հայկական դուռ), Բիւզանդիոնի ծագումով հայ կայսրերու եւ կայսրուհիներու թագադրման արարողութիւններուն: Այս առնչութիւնները անշուշտ որեւէ կապ կամ ազդեցութիւն չունին քաղաքական մղումներով  ստորագրուող հրամանագիրներուն կամ հակազդեցութիւններուն վրայ: Քաղաքական հեռաւոր զուգահեռ մը հայկական առնչութեան հետ կրնայ գծուիլ Ախթամարի Սուրբ Խաչին ուղղութեամբ, թէ՛ միջազգային մշակոյթի կեդրոններու ներգրաւուածութիւնը եւ թէ՛ եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ մանաւանդ այնտեղ կատարուելիք եկեղեցական արարողութիւններու արտօնութեան կամ առհասարակ եկեղեցի-թանգարան  կամ իսլամական արարողութեան օգտագործման վայրի պահանջները նկատի ունենալով: Բոլորը կը վկայեն ո՛չ միայն հակաքաղաքակրթական վարքագիծի մը մասին, այլ նաեւ ոչ թուրք պատկանելիութիւն ունեցող մշակութային արժէքները թրքացնելու համապետական որոշումներուն մասին:

Ահա այստեղ է, որ  հրամանագիրին առանցքային կէտը կ՛ընդգծուի: Բիւզանդիոնի ժառանգորդը Յունաստանն է. յատկապէս քաղաքակրթական, մշակութային ընկալումներով. մասնաւորաբար Պոլիսով. այս պարագային` Կոստանդնուպոլիսով:

Կոստանդնուպոլիս անուան օգտագործումն անգամ ջղագառութեան սկսած էր մատնել Անգարայի պետական շրջանակները: Վերջերս լարուածութեան բարձր աստիճանաչափով ուշադրութիւն կը գրաւէին թուրք-յոյն յարաբերութիւնները: Սպառնալիքներ, մեղադրանքներ եւ աննախադէպ խստացումով հռետորութիւն, Անգարայի կողմէ Յունաստանի օդային տարածքին ուղղութեամբ կատարուող ոտնձգութիւններ, յունական կղզիներու թրքական պատկանելիութեան մասին յայտարարութիւններ`  Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ նախապատերազմական մթնոլորտ յառաջացուցած էին եւ անշուշտ Յունաստանի դէմ Թուրքիոյ յարձակման որոշումի փաստաթուղթի «գաղտնազերծում»։

Պատահական չէ, որ Յունաստանի պետական շրջանակներէն կը հնչէին կոչեր` հիւսիսային Յունաստանի մէջ գտնուող Աթաթուրքի տունը Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան յիշատակի թանգարանի վերածելու մասին:

Ամիս մը առաջ Անգարայի մէջ տեղի կ՛ունենար Էրտողանի գլխաւորութեամբ խորհրդատուական բարձրագոյն մարմինի հինգժամեայ նիստը` յատկացուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ  պետական պայքարին: Լոպիիստական խմբաւորումներու դէմ Անգարայի պայքարը կը թիրախաւորէ նաեւ յունական լոպին: Տարբեր ձեւաչափերու մէջ Յունաստանն ու Հայաստանը  նաեւ Կիպրոսը ներառելով ռազմավարական գործընկերութիւններ ստորագրած են եւ կը համագործակցին միջազգային ընտանիքի տարբեր կառոյցներու մէջ: Այս բոլորը յայտնաբար մաս կազմած են բարձրագոյն մարմինի օրակարգի կէտերուն:

Սուրբ Սոֆիայէն լսելի նամազը ազդանշան է, որ Անգարան յունական տարածքներու ուղղութեամբ առայժմ քաղաքական գործողութիւններու պիտի ձեռնարկէ:

«Ա.»

Նախորդը

Հայկական Զինուած Ուժերը Կանխած Են Ազրպէյճանցի Զինուորներու Կողմէ Պետական Սահմանը Խախտելու Փորձը

Յաջորդը

Սերպիոյ Նախագահը Բողոքի Զանգուածային Ցոյցերու Ճնշումին Տակ Հրաժարած Է Սահմանափակումները Խստացնելու Մտադրութենէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?