Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զգաստութեան Հայրական Կոչ Իրենց Պաշտօնեաներուն Իրաւունքը Անտեսող Գործատէրերուն

July 17, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կարելի չէ՛ այլեւս լուռ մնալ, երբ համաճարակին ստեղծած տնտեսական տագնապին պատճառով, գործատէրեր ո՛չ միայն իրենց պաշտօնեաներուն եկամուտին նուազագոյն բաժինը կը զլանան տալ, այլ նաեւ սկսած են դադրեցնել անոնց ընկերային ապահովագրութիւնը, գործէ արձակել եւ նո՛յնիսկ չվճարել անոնց կենսաթոշակը:

Համաճարակի ու տնտեսական տագնապի առաջին շրջանին լուռ մնացինք այն սպասումով, որ ոմանք, մեկնելով բարոյական սկզբունքներէ, մարդասիրական ոգիէ ու ազգային արժէքներէ, այս դժուար օրերուն տէր կը կանգնին իրենց պաշտօնեաներուն:

Ոմանք ըրին` պատի՛ւ իրենց. սակայն ուրիշներ` ոչ, ամօ՛թ իրենց:

Ամօ՛թ, իրենց աջակից ու զօրակից դարձած պաշտօնեաները այս դժուար օրերուն անտեսող ու արհամարհող գործատէրերուն. հացի կարօտ ընտանիքներուն տառապալից վիճակը իրենց պալատներէն անտարբերութեամբ դիտող գործատէրերուն: Անոնք կ՛անդրադառնա՞ն արդեօք, որ վերէն Աստուած կը դիտէ զիրենք…

Բնական օրերուն, գործատէրեր իրենց շահէն կու տային իրենց պաշտօնեաներուն: Անբնական օրերուն, անոնք պարտաւո՛ր են իրենց շահածէն գէթ փոքր բաժին մը տալու իրենց պաշտօնեաներուն: Սա մարդկային, բարոյական ու նաե՛ւ իրաւական պարտաւորութիւն է:

Քրիստոսի յաւիտենական պատգամը ժողովուրդին փոխանցելու կոչումը ունեցող եկեղեցին չի՛ կրնար լուռ ու անտարբեր մնալ նման յոռի երեւոյթներու դիմաց:

Հայրաբար զգաստութեան կոչ կ՛ուղղենք գործատէրերուն, արժանապատուութեամբ վարուելու իրենց պաշտօնեաներուն հետ:

Պատի՜ւ ու յարգա՜նք մեր մարմիններուն, անհատներուն, ընտանիքներուն, հեռաւոր թէ մօտաւոր, յայտնի թէ անյայտ, որոնք մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն օգնութիւնը վերածեցին ամէնօրեայ տագնապի ու յանձնառութեան եւ բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ըրին ու տուին ի՛նչ որ կարելի է: Շարունակեցէք նո՛յն սիրով ու նուիրումով. Աստուած ձեզի՛ հետ է. մեր ազգն ու եկեղեցին ձեր կողքին են:

 

 

 

 

Նախորդը

Վերաիմաստաւորելով Սփիւռքի Գաղութներու Փոխադարձ Զօրակցութեան Աւանդը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.