Արցախ – Կիպրոս Բարեկամութեան Շրջանակի Կազմութիւն
Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան 10 յունիսին Ազգային ժողովի մնայուն յանձնաժողովներու եւ խմբակցութիւններու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ գլխաւորեց աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը` «Արցախ-Կիպրոս» բարեկամութեան շրջանակ ձեւաւորելու նպատակով: Ան հրաւիրուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան: Խորհրդակցութեան բացումը կատարելով` Թովմասեան նշեց, որ 6 մարտին Կիպրոսի մէջ յայտարարուած է Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակ ստեղծելու մասին: Շրջանակին կ՛անդամակցին Կիպրոսի խորհրդարանի, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, յայտնի քաղաքական...




















