Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Նախաձեռնած Սադրանքներուն Դէմ Ցոյցերը Կը Շարունակուին. ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութեան Բողոքի Ցոյցը

Յուլիս 29, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 28 յուլիսին մարսէյաբնակ հայերը, ՀՅԴ «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Մարսէյի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան դիմաց` ընդդէմ հայ-ազրպէյճանական հիւսիսարեւելեան սահմանի Տաւուշի ուղղութեամբ 12 յուլիսէն իրականացուող ազրպէյճանական սադրանքներուն:

Հայ Դատի Յանձնախումբի Եւ ՀՅԴ Քանատայի
Երիտասարդական Միութեան Կազմակերպութեամբ
Բողոքի Ցոյց` Վանքուվըրի Մէջ

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի եւ ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան «Արշաւիր Շիրակեան»  մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, 26 յուլիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի դէմ ազրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագիծը դատապարտող բողոքի ցոյց: Աւելի քան 100 վանքուվըրահայերուն դէմ հակացոյցի դուրս եկան մօտ 50 ազրպէյճանցիներ, որոնք կը բացագանչէին «Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կը պատկանի»:

Ցոյցին կը մասնակցէին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին վրդ. Շխրտըմեան, Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ  Գեղարդ քհնյ. Կարապետեան եւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Յակոբեան: Բողոքի հաւաքի ընթացքին, Հայաստանի դէմ ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը դատապարտեցին Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Բալիկ Քոչկիրեան:

«Պի.Պի.Սի.»-ի Առջեւ Ցոյց`
Լոնտոնի Մէջ

«Պի.Պի.Սի.»-ի լոնտոնեան կեդրոնակայանին առջեւ հանրահաւաք կազմակերպած էր ազրպէյճանական համայնքը: ՀՅԴ Բրիտանիոյ Հայ դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ` զուգահեռ հաւաքուեցան նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները:

Ցոյց կազմակերպելու հիմնական ազդակը տրուած էր ՀՅԴ Բրիտանիոյ Հայ դատի գրասենեակէն, բայց երբ արդէն լուրը տարածուեցաւ, հետեւեցան նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Յովակիմ սրբազան Մանուկեանի օրհնութիւնը, Համայնքային խորհուրդի հաւանութիւնը, եւ համայնքի ամբողջ ներուժը ի սպաս դրուեցաւ, որ համահայկական ձայնը հնչէ:

«Պի.Պի.Սի.»-էն ներկայացուցիչ դուրս չեկաւ` ցոյցի ուղերձին ծանօթանալու համար, բայց, Լոնտոնի Ս. Եղիշէ հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նշան քհնյ. Ալավերդեան ըսաւ, թէ հայկական կողմը պատրաստած է նամակ մը, որ պէտք է յանձնուի «Պի.Պի.Սի.»-ի գրասենեակին` հայկական կողմին կարծիքը ներկայացնելու համար:

Ցոյցի աւարտին, ոստիկանները թոյլատրեցին, որ ազրպէյճանցիները մօտենան հայերուն եւ հայհոյանքներ տեղան: Հայկական կողմէն կը փորձէին չներքաշուիլ սադրանքին, բայց ազրպէյճանցիները սկսան հայկական դրօշները յափշտակել, եւ իրավիճակը դուրս եկաւ վերահսկողութենէ ու բախում եղաւ: Կարճ քաշքշուքէ ետք ազրպէյճանցիները հեռացան:

Նախորդը

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Լիբանանի Իր Պաշտօնակից Նասիֆ Հըթթիի Հետ

Յաջորդը

Փիոմպինօ Քաղաքի Խորհուրդը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?