Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանութեան Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Հանդիպումներ Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Իրանի Եւ Ֆրանսայի Դեսպաններուն Հետ

Յուլիս 30, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ
Քննարկուած Են Թուրք-Ազրպէյճանական
Միացեալ Զօրավարժութիւնները

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը 29 յուլիսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի նորանշանակ դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրին: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան զինուորական կցորդ, գնդապետ Մեհտի Ուեճտանին: Այս մասին «Երկիր»-ին կը յայտնեն  Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած գործողութիւններու ընթացքին մեծ քանակութեամբ արդիական անօդաչու թռչող սարքերու կիրարկման փաստին եւ անոնց դէմ պայքարի արդիւնաւէտութեան:

Նկատի ունենալով շրջանային անվտանգութեան խնդիրները`  զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակած են թուրք-ազրպէյճանական միացեալ զօրավարժութիւններու բնոյթին վերաբերեալ, գնահատած են անոնց հաւանական ազդեցութիւնը շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման տեսանկիւնէ:

Հանդիպում Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 29 յուլիսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը: Հանդիպումի ընթացքին  քննարկուած են երկկողմանի համագործակցութեան եւ շրջանային անվտանգութեան ընթացիկ խնդիրներ:

Ներկայացնելով հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին եւ Արցախ-ազրպէյճանական ուժերու շփման գիծին մէջ վերջին օրերուն տիրող իրավիճակը` պաշտպանութեան նախարարը կարեւոր նկատած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ յատկապէս Ֆրանսայի` իբրեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի, Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութեան դերակատարութիւնը լարուածութեան թուլացման եւ բանակցային գործընթացի շարունակութեան մէջ:

Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան` անդրադառնալով թուրք-ազրպէյճանական միացեալ զօրավարժութիւններուն` նշած է, որ բուն ռազմական տեսանկիւնէն անոնց մարտավարական բնոյթը մտահոգիչ չէ, սակայն կարեւոր է, որ զօրավարժութիւնները չվերածուին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու,  պաշտպանական կառոյցներու եւ այլ ենթակառուցուածքներու  անմիջական դրացնութեամբ սադրիչ գործողութիւններու:

Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան շեշտած է, որ հայկական կողմը ուշադիր պիտի հետեւի զօրավարժութիւններու ընթացքին եւ հետագայ զարգացումներուն:

Դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ` վերահաստատելով Ֆրանսայի միջնորդական դերակատարութիւնը տագնապին բացառապէս խաղաղ լուծման գործին մէջ, իր կարգին բարձր գնահատած է այս ամբողջ ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տիրող ազգայնական շեշտադրումներէ եւ դրսեւորումներէ, ինչպէս նաեւ պատերազմական կոչերէ զերծ հաւասարակշիռ մթնոլորտը:

 

 

Նախորդը

Նախարար Զոհրաբ Մնացականեան «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ին. «Ազրպէյճանին Զէնքի Վաճառքը Մահացու Է»

Յաջորդը

Ըստ Էրտողանի Մտերիմ Թուրք Քաղաքական Գործիչին. Թուրքիան Կը Նախատեսէ Ռազմակայան Կառուցել Օմանի Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?