Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Մէջ 100 Ոստիկան`  «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած

Հայաստանի Մէջ 100 Ոստիկան` «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած

Հայաստանի մէջ 5 յունիսին «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր դէպքերուն թիւը հասաւ 11.817-ի, որոնց 3513-ը` ապաքինած: Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա»-ի պատճառով մահացած են 183 անձեր: Հայաստանի ոստիկանութեան պետ Արման Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած շուրջ 100 ոստիկան կայ, կան նաեւ մեկուսացուածներ, որոնց վիճակը ցարդ բնական է:  

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան. «Բջիջային Հեռաձայնի  Ընկերութիւններու Տնօրէն Խորհուրդներուն Մէջ  Հայ Անդամ Մը Չըլլալու Դէմ Բողոքս  Կը Բխի Ներկայացուցչութեան Ամբողջականութիւնն  Ու Բազմազանութիւնը Պահպանելու Յանձնառութենէս»

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան. «Բջիջային Հեռաձայնի Ընկերութիւններու Տնօրէն Խորհուրդներուն Մէջ Հայ Անդամ Մը Չըլլալու Դէմ Բողոքս Կը Բխի Ներկայացուցչութեան Ամբողջականութիւնն Ու Բազմազանութիւնը Պահպանելու Յանձնառութենէս»

Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Իբրեւ պատասխան կարգ մը լրատուամիջոցներուն կողմէ կատարուած այն լրատուութեան, թէ նախարար Օհանեան-Գէորգեան բողոքած է բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու տնօրէն խորհուրդներուն մէջ հայ անդամ մը չըլլալու երեւոյթին դէմ, կը յստակացնենք այս կէտերը. Ա.- Հայերը լիբանանցիներ են եւ Լիբանանը բաղկացնող կարեւոր շերտ մը, որ երկրին ազգային կեանքին մէջ իր...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ոչ Թէ Ազրպէյճանի Ժողովուրդը, Այլ Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Պատրաստ Չէ Խաղաղութեան»

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ոչ Թէ Ազրպէյճանի Ժողովուրդը, Այլ Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Պատրաստ Չէ Խաղաղութեան»

Որքան ալ հայերուն դէմ ատելութեան քարոզը եւ պատերազմի սպառնալիքները միտուած ըլլան ներքին լսարանին, ազրպէյճանական իշխանական տարբեր օղակներու ռազմատենչ յայտարարութիւնները լրջօրէն կը վնասեն խաղաղ գործընթացին եւ կը մատնանշեն, որ ոչ թէ Ազրպէյճանի ժողովուրդը, այլ Ազրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը պատրաստ չէ խաղաղութեան: Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան` մեկնաբանելով նշուած յայտարարութիւնները: «Վերջին շրջանին Ազրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ տարբեր...

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ.  4 Յունիսի Դրութեամբ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 11.221-ի

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ. 4 Յունիսի Դրութեամբ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 11.221-ի

4 յունիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 697 նոր դէպք: Մահացած է 6 մարդ, ապաքինած է 14: Բացասական քննութիւններուն թիւը 1112 է, հաստատուած դէպքերուն ընդհանուր թիւը հասաւ 11.221-ի: Ապաքինածներուն ընդհանուր թիւը 3468 է, ներկայիս բուժուողներունը` 7509, ընդհանուր քննութիւնները` 63.459, մահերը` 176: 4 յունիսին գումարուած կառավարութեան նիստին Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան ներկայացնելով տիրող կացութիւնը` դիտել տուաւ, որ հաւանական...

«Օգնիր Հայրենակցիդ» Նախաձեռնութիւնը 1600 Ընտանիքի Օգնութիւն Տրամադրած Է

«Օգնիր Հայրենակցիդ» Նախաձեռնութիւնը 1600 Ընտանիքի Օգնութիւն Տրամադրած Է

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան (ՀԵՄ) եւ ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան (ՆԱՈՒՄ) անդամները Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր մարզերու մէջ հարիւրաւոր ընտանիքներու օգնութեան փաթեթներ տրամադրեցին անցնող օրերուն: 3 յունիսին դաշնակցական երիտասարդները սկսան Լոռիի մարզին մէջ օգնութեան փաթեթներու բաշխումը: «Օգնիր հայրենակցիդ» նախաձեռնութեամբ ցարդ 1600 ընտանիքներու տրամադրուած է օժանդակութիւն:

Արամ Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Արամ Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

4 յունիսի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Տորոթի Շին` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զանազան բաժանմունքներու երկու պատասխանատուներուն: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր. այսպէս` «Քորոնա» համաճարակի ստեղծած կացութեան հետեւանքները ու զանոնք դիմագրաւելու աշխատանքները, տնտեսական տագնապը եւ կառավարութեան...

«Մեր Բոլորիս Ուխտավայր Ճեմարանին» Առցանց Նուիրահաւաք

«Մեր Բոլորիս Ուխտավայր Ճեմարանին» Առցանց Նուիրահաւաք

Ամբողջ աշխարհի մէջ 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանին «Քորոնա» ժահրը ծանր հարուած հասցուց կրթութեան մարզին. զանազան երկիրներու մէջ դպրոցները փակուեցան, եւ այս մէկը ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ աշխարհի աշակերտներուն մեծ մասին վրայ: Լիբանանի մէջ, համաճարակը եւ երկրին մէջ արդէն իսկ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական փոթորկալից իրավիճակը միասնաբար ստեղծեցին աննախընթաց տագնապ մը կրթութեան մարզին համար: Հոկտեմբեր 2019-էն սկսեալ դասարանային դասաւանդումը բազմաթիւ անգամներ ընդհատուեցաւ եւ...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին.  «Այս Ընթացքը Կրնայ Պատճառ Դառնալ  Համընդհանուր Աղէտի Եւ Անդառնալի Կորուստներու»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին. «Այս Ընթացքը Կրնայ Պատճառ Դառնալ Համընդհանուր Աղէտի Եւ Անդառնալի Կորուստներու»

ՀՅԴ-ն Կը Պահանջէ Ազգային Ժողովի Յատուկ Նիստ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրին ստեղծած ճգնաժամային կացութեան լոյսին տակ, Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց կոչ մը` անդրադառնալով երկրին մէջ տիրող կացութեան` համավարակին, տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն: Կոչը կարդաց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան. ստորեւ` կոչին բովանդակութիւնը. «Երկիրը կանգնած է դժուարին մարտահրաւէրների առջեւ: Համավարակը, տնտեսական խորացող ճգնաժամը, ահագնացող ընկերային հիմնախնդիրները լրջագոյն սպառնալիք են...

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ.  3 Յունիսի Դրութեամբ Մահացածներու  Ընդհանուր Թիւը 170 Է

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ. 3 Յունիսի Դրութեամբ Մահացածներու Ընդհանուր Թիւը 170 Է

3 յունիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ արձանագրուեցաւ «Քորոնա»-ով վարակման 515 նոր պարագայ, մահացած է 12 անձ, ապաքինած է 27-ը: Բացասական քննութեան թիւը 1218 է: Հայաստանի մէջ «Քորոնա»-ով վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 10.524-ի, ապաքինածներունը` 3454-ի, փաստացի բուժուողներունը` 6841, ընդհանուր քննութիւններունը` 61.650-ի, իսկ մահերը` 170-ի: Փոխվարչապետ, պարէտ Տիգրան Աւինեան 3 յունիսին յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ իրենց բնակութեան վայրի բնակելի տարածքէն դուրս գտնուողները բոլոր...

Նախագահ Աուն Պահանջեց Հարաւային Լիբանանի Մէջ  ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Կեցութիւնը Մէկ Տարիով  Երկարաձգել Առանց Որեւէ Փոփոխութեան

Նախագահ Աուն Պահանջեց Հարաւային Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Կեցութիւնը Մէկ Տարիով Երկարաձգել Առանց Որեւէ Փոփոխութեան

Պաապտայի Մէջ Տեղի Ունեցած` Ապահովութեան Խորհուրդի Հինգ Մնայուն Անդամ Երկիրներո Դեսպաններուն Եւ Քիւպիչի Յատուկ Նիստին Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց Լիբանանի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամ երկիրներու դեսպաններուն` Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանի, Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի, Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկի եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր...

Դեսպան Աթաբէկեան Փոխվարչապետ  Աքըրի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան  Ուղղութեամբ Գործնական Քայլերու  Ձեռնարկելու Կարեւորութիւնը

Դեսպան Աթաբէկեան Փոխվարչապետ Աքըրի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Ուղղութեամբ Գործնական Քայլերու Ձեռնարկելու Կարեւորութիւնը

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըրի հետ: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Միւնիխի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին եւ Լիբանանի փոխվարչապետին միջեւ կայացած զրոյցին ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակուեցան հայ-լիբանանեան բարեկամական համագործակցութեան շրջագիծին մէջ գտնուող շարք մը հարցերու մասին: Քննարկուեցան նաեւ հայ-լիբանանեան երկկողմանի յարաբերութիւններու ծիրին մէջ ռազմական...

«Հասարակութիւնները Դէմ Յանդիման Գտնուեցան Լրաճարակի»  «Ազդակ»-ի Առցանց Լսարանին Զեկուցեց Արամ Անանեան

«Հասարակութիւնները Դէմ Յանդիման Գտնուեցան Լրաճարակի» «Ազդակ»-ի Առցանց Լսարանին Զեկուցեց Արամ Անանեան

«Ազդակ»-ի առցանց հերթական լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին, որուն մասնակցեցան Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներէն «Ազդակ»-ի լսարանականներ: «Հայկական տեղեկատուութիւնը. ներկայ իրավիճակ եւ հեռանկարներ» նիւթին մասին զեկուցեց «Արմէնփրես»-ի տնօրէն Արամ Անանեան: Ան նախ հաստատեց, որ ապագայագիտութիւնը չէր կրցած կանխատեսել ներկայ իրավիճակը, որ համաշխարհային տարողութիւն ստացաւ շատ արագ: Այս առումով համավարակին ստեղծած իրավիճակին ամէնէն շատ...

Աւստրիոյ Ազգային Խորհուրդը Միաձայնութեամբ Վաւերացուցած Է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

Աւստրիոյ Ազգային Խորհուրդը Միաձայնութեամբ Վաւերացուցած Է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

Աւստրիոյ Ազգային խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառումով տեղեկացուցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ Վիկտոր Ենգիբարեանը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` ան իր գրառումին մէջ ներկայացուցած է Աւստրիոյ Ազգային խորհուրդի Աւստրիա-Հարաւային Կովկաս պատգամաւորական խումբի նախագահ Կունտրուն Քուկլերի ելոյթի տեսագրութիւնը եւ անոր խօսքին ոչ պաշտօնական թարգմանութիւնը, զոր  կը ներկայացնենք...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ժոմպլաթի Կողմէ Գործուղուած Ռամի Ռայէսը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ժոմպլաթի Կողմէ Գործուղուած Ռամի Ռայէսը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի խորհրդատու Ռամի Ռայէսը, որ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուած էր: Հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան եւ տոքթ. Էլի Թաշճեան, Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ռայէս երեսփոխան Յ. Բագրատունիի փոխանցեց Ժոմպլաթի ողջոյնները` աւելցնելով, որ ան յանձնառու կը մնայ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ...

«Մեր Ժողովուրդի Զաւակներուն Ջերմօրէն Կը Թելադրենք Համաճարակին Դէմ Պաշտպանուելու Համար Նախազգուշական Քայլերուն Հետեւիլ»  Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մեր Ժողովուրդի Զաւակներուն Ջերմօրէն Կը Թելադրենք Համաճարակին Դէմ Պաշտպանուելու Համար Նախազգուշական Քայլերուն Հետեւիլ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երկուշաբթի, 1 յունիս 2020-ի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովին հանդիպումը: Քննարկուեցան մեր եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներքին կեանքին ու թեմերուն առնչուած շարք մը ծիսական, դաստիարակչական, հրատարակչական, միջեկեղեցական, տեղեկատուական եւ ընկերային ծառայութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Յիշեալ բնագաւառներուն շուրջ տրուեցան զեկոյցներ պատասխանատու միաբան հայրերու...

Խօսք Երախտագիտութեան

Խօսք Երախտագիտութեան

Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի վարչութիւնն ու տնօրէնութիւնը այս սեղմ տողերուն մէջ կու գան ուրախութեամբ լիբանանահայութեան եւ յատկապէս անոր ազգանուէր կառոյցներուն յայտնել, թէ 1 յունիս 2020-ին, ձեռամբ` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան, վսեմաշուք` Տիար ՎԱՀԱԳՆ ԱԹԱԲԵԿԵԱՆ-ի ստացած են Տիկին ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ-ի Կեդրոնիս կատարած յատուկ ներդրումը` 10.000. 000 լ. ոսկի: Բոլորիս ծանօթ է,...

Ակնարկ.  «Երազ Մը Ունիմ»-էն Մինչեւ «Չեմ Կրնար Շնչել» Կամ` Աջի Եւ Ձախի Պայքարի Վերադարձը

Ակնարկ. «Երազ Մը Ունիմ»-էն Մինչեւ «Չեմ Կրնար Շնչել» Կամ` Աջի Եւ Ձախի Պայքարի Վերադարձը

Մինիափոլիսի դէպքը արագօրէն դուրս եկաւ Միացեալ Նահանգներու սահմաններէն եւ յայտնուեցաւ աշխարհի ուշադրութեան կիզակէտին: Կը թուէր, որ Մարթին Լութըր Քինկով սկսած ցեղերու իրաւահաւասարութեան շարժումը շատ ճամբայ կտրած է եւ խտրականութիւնը սահմանադրութեամբ, օրէնքով եւ քաղաքական թէ հասարակական-ընկերային մարզերու մէջ հիմնովին չէզոքացուցած: Սպիտակ-սեւի բաժանարար գիծերը ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ նաեւ աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ վաղուց ջնջուած կը թուէին ըլլալ: Աշխարհաքաղաքական ժամանակակից գործընթացներու...

Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւ Անոր Ընտանիքի Անդամները Վարակուած Են «Քորոնա» Ժահրով

Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւ Անոր Ընտանիքի Անդամները Վարակուած Են «Քորոնա» Ժահրով

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ անոր ընտանիքի անդամները վարակուած են «Քորոնա» ժահրով. անոնց քննութեան արդիւնքը դրական եղած է:  Այս մասին վարչապետը յայտնեց դիմատետրի իր էջի ուղիղ սփռումով: «Երէկ պարզուած է, որ «Քորոնա» ժահրի քննութիւնը դրական է, կ’ուզեմ ըսել, որ որեւէ ախտանշան չեմ ունեցած: Առաջնագիծ մեկնելու ծրագիր կար, որոշեցի քննութեան ենթարկուիլ, եւ անիկա դրական էր, որմէ ետք քննուեցաւ նաեւ ամբողջ...

Պաապտայի Մէջ.   «Լիբանանի Պատմութեան Մէջ Այս Շատ Զգայուն Փուլին Ընթացքին Պէտք Է Պահպանել Լիբանանեան Միասնականութիւնը»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Պաապտայի Մէջ. «Լիբանանի Պատմութեան Մէջ Այս Շատ Զգայուն Փուլին Ընթացքին Պէտք Է Պահպանել Լիբանանեան Միասնականութիւնը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւններն ու Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները: Երեսփոխան Յ. Բագրատունի նախագահ Աունի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ քննարկուած են նաեւ երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական իրավիճակը, Միջազգային...

Page 436 of 797 1 … 435 436 437 … 797

Արխիւներ