«Քորոնա» համաճարակին պարտադրած պայմաններուն պատճառով լիբանանեան բանակի տօնը այս տարի անցաւ առանց աւանդական ձեռնարկներուն, որոնք հիմնականին մէջ կը կեդրոնանային Սպայից վարժարանի շրջանաւարտ սերունդի հանդէսով, սուրերու տուչութեան պաշտօնական արարողութեամբ եւ զինուորական տողանցքով:
Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ, 1 օգոստոս 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը: Նախագահ Աուն Սպայից վարժարանի շրջանաւարտ սերունդը կոչեց «Բանակի հիմնադրութեան Ադամանդեայ յոբելեանի սերունդ»` ընդգծելով, որ Լիբանանի անկախութիւնն ու բանակը գրեթէ նոյն ատեն կերտուած են:
Ան շեշտեց, որ բանակը մնայուն կերպով աշխատած է պաշտպանել անկախութիւնը: «Լիբանանի դիմագրաւած ծանր ու դժուար փորձառութիւնները սորվեցուցած են մեզի, որ բանակն է հայրենիքին սիրտը, հետեւաբար, հայրենիքին մարմինը կանգուն պահելու համար անոր սիրտը պէտք է լաւ պաշտպանենք եւ անոր գուրգուրանք», ըսաւ նախագահ Աուն:
Ան շեշտեց, որ Լիբանան կառչած պիտի մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան` հաստատելով, որ լիբանանեան բանակին պարտքն է պաշտպանել` Լիբանանը, լիբանանեան հողերն ու ջուրերը, ինչպէս նաեւ երկրին գերիշխանութիւնը: «Այս իմաստով բանակը ոչ մէկ թուլութիւն պիտի ցուցաբերէ», ընդգծեց ան:
Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանանի սպառնացող առաջին թշնամին ամէնուրեք տարածուած փտածութիւնն է, ժողովուրդին ապրուստին հետ խաղցողը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան դրամանիշը արժեզրկողը, որուն նպատակն է հարստութիւն դիզել:
«Մեր կողմէ առնուած բարեկարգումի քայլերը լոկ հաստատութեան մը մէջ վերջ պիտի չգտնեն, այլ մէկէն միւսը պիտի անցնին», շեշտեց նախագահ Աուն:
Ան ըսաւ, որ անձնատուր ըլլալու գաղափարը գոյութիւն չունի իր ուղեգիծին մէջ:
«Ամբողջ իշխանութեանս ընթացքին պիտի շարունակեմ քալել ականներու մէջէն` ինչպէս սորված եմ, փրկելու համար վիրաւոր մը: Այսօր հայրենիքս է վիրաւորը. հետեւաբար, պիտի շարունակեմ քալել ականներու մէջէն, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակեմ ժայռերը փորել` անոր փրկութեան ճամբայ բանալու նպատակով», եզրափակեց նախագահ Աուն` անփորձանք ծառայութիւն մաղթելով իւրաքանչիւր զինուորի:
Նախագահ Աուն նաեւ ստորագրեց հինգ հրամանագիրներ, որոնց հիման վրայ Սպայից վարժարանի ուսանող սպաներ` բանակի, Ներքին ապահովութեան ուժերու, Ընդհանուր ապահովութեան, պետական անվտանգութեան եւ մաքսատան, զինուորական աստիճանի բարձրացում ստացան:
Նախագահ Աուն ցաւ յայտնեց, որ շրջանաւարտ սպաներուն չկրցաւ անձամբ նուիրել սուրերը` «Քորոնա» համաճարակին պատճառով:
Նախագահական Պալատին Մէջ
Նոյն օրը, կէսօրէ առաջ, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, զինուորական խորհուրդի անդամներ, սպայակոյտի փոխպետեր եւ զինուորական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը:
Այս առիթով զօր. Աուն շնորհաւորեց հանրապետութեան նախագահը` հաստատելով, որ լիբանանեան բանակի 75-ամեայ ուղին լի է հերոսութիւններով, զոհողութիւններով եւ հայրենիքին, հողին ու ժողովուրդին պաշտպանութիւնը սուրբ նկատելով` նուիրումով ու անձնազոհութեամբ գործելու վարքագիծով:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ Ադամանդեայ այս յոբելեանը կը զուգադիպի Մեծն Լիբանանի կերտման 100-ամեակին, որմէ շատ խորհրդանշական դասեր կան քաղուելիք, յատկապէս` Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ զգայուն եւ արտակարգ պայմաններուն մէջ:
«Բոլորս կարիքը ունինք վերադառնալու Լիբանանի կերտման էութեան, որպէսզի անոր նկատմամբ մեր կապերն ու հաւատքը ամրացնենք», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն ընդգծեց, որ բանակի հիմնադրութենէն` 1945-էն, մինչեւ օրս ան իր սկզբունքներուն տէր մնացած է եւ ոչ մէկ պատերազմի կամ քաղաքական ծուղակի մէջ ներքաշուած: «Դուք եւս պատիւը ունեցած էք բանակին հրամանատարութիւնը ստանձնելու Լիբանանի դիմագրաւած ամէնէն զգայուն ժամանակաշրջաններէն մէկուն ընթացքին: Մեր յոյսը տակաւին ձեր վրայ է, որովհետեւ իմաստութիւնը ձեր հիմնական յատկանիշն է: Մենք ձեր իմաստութեամբ կը ներշնչուինք` տագնապները դիմագրաւելու եւ անոնց դէմ պայքարելու ընթացքին, որովհետեւ միայն այդ ձեւով է, որ կրնանք պահպանել երկրին կայունութիւնն ու քաղաքացիին արժանապատուութիւնը», հաստատեց ան:
Զօր. Աուն ընդգծեց, որ բանակը պիտի մնայ Լիբանանի գոյատեւման հիմքը, որքան ալ փորձեն անոր պատկերը նենգափոխել:
Նշենք, որ զօր. Աուն անցեալ հինգշաբթի օր այցելեց Սպայից վարժարան եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտ սպաները` հաստատելով, որ բանակը ամուր կերպով կառչած պիտի մնայ իր համոզումներուն` առանց երբեք ներքաշուելու սադրանքներու ու շանթաժներու մէջ:
Վարչապետ Հասսան Տիապ եւս շնորհաւորեց լիբանանեան բանակին տօնը` հաստատելով, որ անիկա երկրին ազգային միասնականութիւնը մարմնաւորող ամէնէն կարեւոր հաստատութիւնն է:
Տիապ նշեց, որ լիբանանցիները իրենց գրաւը դրած են բանակին վրայ, որ չէ տկարացած եւ չէ փոխուած, ընդհակառակն` աւելի ամուր դարձած է ու հզօրացած:
«Բանակին հանդէպ վստահութիւնը անխախտ է, որովհետեւ ան պետութեան, հասարակութեան եւ քաղաքացիին անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութեան պաշտպանն է», շեշտեց Տիապ:
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր եւս հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Լիբանանն ու լիբանանցին պաշտպանելու գրաւը միշտ բանակին մօտ կը գտնուի, որովհետեւ բանակն է, որ կը հսկէ երկրին գերիշխանութեան, ապահովական կայունութեան ամրապնդումին եւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան:
Աքր շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը անոր տօնին առիթով եւ հաստատեց, որ այս տարի բանակի տօնակատարութեան բացակայութեան իւրաքանչիւր բանակային, ըլլայ ան զինուոր, սպայ թէ հրամանատար, ինքն է տօնը, որովհետեւ բանակն է, որ կը լուսաւորէ հայրենիքի ուղին:
Աքր բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին ջանքերն ու զոհողութիւնները, որոնք օրական դրութեամբ ի գործ կը դրուին` պաշտպանելու համար հայրենիքն ու քաղաքացիները:
Աքր յայտնեց, որ, հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապին, բանակը կը պաշտպանէ իր հայրենիքը եւ կազմ ու պատրաստ կը մնան` ի խնդիր Լիբանանի ապահովութեան երաշխաւորման:
Բանակի Տօնին Առիթով`
Բարեմաղթութիւններ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ եւ շնորհաւորեց բանակին տօնը` բարձր գնահատելով բանակին դերակատարութիւնն ու զոհողութիւնները` ի խնդիր Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն պաշտպանութեան:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց բանակին ամէն տեսակ օժանդակութիւն եւ ամբողջական զօրակցութիւն տրամադրելու կարեւորութիւնը, յատկապէս երկրին դիմագրաւած ներկայ տագնապալի վիճակին մէջ:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ անոր հրամանատարութեան դերակատարութիւնը` կոչ ուղղելով բանակին տրամադրելու քաղաքական ապահով ցանց մը, որ Լիբանանը ապահովական բարդութիւններէ զերծ կը կացուցէ:
Երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք շնորհաւորեց բանակը` ընդգծելով, որ բանակը պատրաստ է դառնալու Լիբանանի միակ օրինական զինեալ ուժը, որ կը պաշտպանէ երկիրը, անոր սահմաններն ու լիբանանցիները:
Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ շնորհաւորեց բանակը` շեշտելով, որ այս դժուար օրերուն եւ պայմաններուն մէջ բանակն է, որ պիտի պահէ երկրին ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդէ լիբանանցիներուն ազգային միասնականութիւնը:
Երեսփոխան Ժիհատ Սամատ շնորհաւորեց բանակը, եւ ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը երկին ապահովական կայունութեան եւ ազգային միասնականութեան երաշխիքն է:
Երեսփոխան Անուար Խալիլ շեշտեց, որ բանակը կը մարմնաւորէ լիբանանեան ազգային իսկական միասնականութիւնը եւ կը նկատուի անոր հսկայ պաշտպանը:
Երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա շնորհաւորեց բանակը` հաստատելով, որ բանակը կը նկատուի ժողովուրդին յոյսը` աւելի լաւ ապագայի մը նկատմամբ:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին` երկրին զինուորական որոշումը վերադարձնելու բանակին:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` ընդգծելով, որ անիկա լիբանանեան միասնականութեան հիմքն է, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները կը պաշտպանէ ամէն տեսակի մարտահրաւէրներէ:
ՆՇԵՆՔ, որ, «Լուպնանի ուա աֆթախեր» միութեան կազմակերպութեամբ, շաբաթ գիշեր Նահր Քալպի մէջ տեղի ունեցաւ բանակի հիմնադրութեան 75-ամեակին նուիրուած համերգ մը` «Քըրմելաք եա ուաթան» խորագիրով:
Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով երգիչներ, որոնք մեկնաբանեցին բանակին նուիրուած ու լիբանանեան ազգային ու հայրենասիրական երգեր:
Բանակին շնորհաւորութեան նպատակով ծրագրուած այս համերգին ընթացքին ընդգծուեցաւ բանակին դերակատարութիւնն ու լիբանանցիներուն կողմէ անոր նեցուկ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը:
Սակայն այդ համերգէն քիչ անց, ինչպէս նաեւ երէկ ծայր առաւ քննադատութիւններու արշաւ մը` «Պէյրութ սըթ ալ տունիա» երգին պակասաւոր մեկնաբանութեան մասին:
Վաստակաւոր բանաստեղծ Նիզար Քապպանիի գրիչին պատկանող այս բանաստեղծութիւնը, որ երգի վերածուած է կ՛ընդգրէ տող մը, որ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Յեղափոխութիւնը վշտի արգանդէն կը ծնի»: Համերգին ընթացքին երգչախումբը մեկնաբանեց «Պէյրութ սըթ ալ տունիա» երգը, առանց այս տողին, ինչ որ քննադատութեան հսկայ ալիք մը բարձրացուց եւ մղեց, որ ոմանք աւելի եւս քննադատեն օրուան իշխանութիւնները` զանոնք ամբաստանելով յեղափոխութենէն վախնալու մէջ:
Աւելի ուշ, «Լուպնանի ուա աֆթախեր» միութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց ընկերային ցանցերու վրայ շղթայազերծուած արշաւը, որ ուշադրութիւն կը շեղէ եւ կը վնասէ բանակին հիմնադրութեան 75-ամեակին նուիրուած համերգին` միտելով հարուածել անոր արձանագրած յաջողութիւնը:
Կազմակերպիչ միութիւնը հաստատեց, որ «Պէյրութ սըթ ալ տունիա» երգէն ոչ մէկ բաժին ջնջուած է, այլ երգչախումբը երգը մեկնաբանած է զոյգ ձայներով, այսինքն` խումբին մէկ մասը երգած է բառերով, իսկ միւսը` ձայնային ելեւէջներով:
«Եթէ մեր նպատակը երգէն բաժին մը վերցնելը ըլլար, այն ատեն զայն երբեք չէինք ներառեր յայտագիրին մէջ», հաստատեց միութիւնը: