Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Առցանց Թէ Ֆիզիքական Ներկայութեամբ Ստեղծել Միջավայրեր, Ուր Արեւմտահայերէնը Կը Գործածուի Ինքնաբերաբար» Հաստատեց Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան

July 30, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 14-րդ Առցանց Լսարան

«Ազդակ»-ի 14-րդ առցանց լսարանի զեկուցողն էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, որ զեկուցեց «Արեւմտահայերէնի աշխատանքները եւ Լիբանանի ռազմավարութիւնը. սկզբունքներ, ծրագիրներ եւ մանկավարժական մօտեցումներ» նիւթին մասին:

Զեկուցումը կը բաղկանար երեք մասէ: Սկզբունքներ գլխուն տակ դասախօսը  խօսեցաւ աշխատանքներու ազդեցիկ ըլլալու հրամայականին, հայերէնի եւ հայեցիի տարբերութեան, արեւմտահայերէնը մայրենի կամ երկրորդական լեզու դասելուն, համասփիւռքեան մօտեցումի անկարելիութեան, աշակերտակեդրոն ըլլալու եւ լեզուն հաճելի ու հրապուրիչ դարձնելու անհրաժեշտութեան մասին:

Ապա դոկտ. Փանոսեան կեդրոնացաւ Լիբանանի համար որդեգրուած ռազմավարութեան վրայ, ուր նկատի առնուած իբրեւ ընդհանուր կէտեր բանաձեւեց` կրթական կառոյցի բովանդակութեան պատրաստութեան, Միջին Արեւելքի մէջ գործունեայ մնալու կամ չմնալու, լեզուի կենսունակութեան ոչ յարատեւութեան, ռազմավարութեան պատրաստութեան նախորդած աշխատանքներուն եւ երկրի կայունութեան երեւոյթները:

Այս ծիրին մէջ ան հաստատեց լեզուի ժառանգական հանգամանքը եւ շեշտեց առցանց թէ ֆիզիքական առումներով լեզուի բնական եւ ինքնաբերաբար գործածութեան համար միջավայրեր ստեղծելու հրամայականը:

Ռազմավարութեան 5 հիմնասիւները ներկայացնելով` դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան անդրադարձաւ Լիբանանի հայկական վարժարաններուն հետ գործակցութեան պատկերին, ուսուցչական ասպարէզին մէջ մասնագիտանալ փափաքող ուսանողներու կրթաթոշակներու կարելիութեան, արեւմտահայերէնի կենսունականացման համար տրուող օժանդակութիւններուն եւ ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներուն համար կրթութիւն ապահովելու  ծրագիրին:

Առաջադրանքը, ըստ «Գալուստ Կիւլպէնկեան»-ի Հայկական բաժանմունքի տնօրէնին, պիտի ըլլայ կրթական մարզը օժտել մասնագիտական եւ արհեստավարժ մարդուժով:

Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան հաստատեց, որ յառաջիկայ տասնամեակին մարդուժի առումով պատրաստելը 200 հոգի, որոնց առաջնային գործը պիտի ըլլայ արեւմտահայերէնի զարգացումը, կարելի է համարել գլխաւոր առաջադրանք:

Բազմաթիւ երկիրներէ «Ազդակ»-ի առցանց լսարանին (զոր վարեց թերթի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան) մասնակցեցան 61 անձեր: Բազմաթիւ հարցումներ եւ տեսակէտներ յաջորդեցին տեղեկատուական եւ վերլուծական ընդգծումներ կատարող զեկուցումին:

 

 

 

Նախորդը

Ի Ծնէ Ճեմարանականներ

Յաջորդը

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Յատկացումները Այնճարի Դպրոցներուն

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.